Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Մեծարենցեան Երեկոներ Այնճարի Մէջ

July 20, 2026
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Զ. Գ. Ղ.

Այնճարի Ղարիպեաններու «Հիւղը» բնակարանի բակին մէջ, 14-րդ տարին ըլլալով, մշակութային ձեռնարկներ տեղի կ՛ունենան:

5 յուլիս 2026 երեկոյեան մշակութասէր անձերու ներկայութեան տեղի ունեցաւ  այս տարուան առաջին ձեռնարկը` նուիրուած տաղանդաւոր երաժիշտներ Կարա  Մուրզայի եւ Մակար Եկմալեանի:

Օրուան դասախօսն էր բազմավաստակ երաժիշտ Զաքար Քէշիշեանը, որուն 8-րդ ելոյթն էր այս բակին մէջ :

Զաքար Քէշիշեան դասախօսութիւնը սկսաւ ներկայացնելով նախ Կարա Մուրզան, ապա` Մակար Եկմալեանը: Ան ըսաւ, որ Կարա  Մուրզան հայկական բազմաձայն երաժշտութեան առաջին հիմնադիրը եղաւ ու ձեռնարկեց մեր ցիրուցան երգերու հաւաքման ու ներդաշնակման գործին:

Կարա Մուրզա` բնիկ ղրիմցի, ծնած է 1854-ին,  Կարասու Բաղար քաղաքը: Նախնական կրթութիւնը ստացած է տեղւոյն Մխիթարեաններու վարժարանը, փոքր տարիքէն բնական յարմարութիւն եւ սէր ցոյց տուած է դէպի երաժշտութիւն, կը հետեւի յատուկ դասերու` հմուտ երաժիշտ ուսուցիչներու մօտ:

Կարա Մուրզա իր ժամանակին մեծ զոհողութեամբ եւ կատարեալ նուիրումով անխոնջ աշխատող մը կ՛ըլլայ` հայ երգը տարածելու հայութեան մէջ:

Երբ դեռ քառաձայն երգեցողութիւն ընդունուած չէր հայերու կողմէ, ինքը նախաձեռնողը կը հանդիսանայ այդ ուղղութեան:

Երաժշտական հասարակական կեանքի մէջ հերոս մը եղաւ ան, մինչեւ իր կեանքին վերջալոյսը պայքարեցաւ խոչընդոտներու դէմ` ճանապարհ հարթելով հետագայ երաժշտագէտներու աւելի բարենպաստ պայմաններու մէջ աշխատելու համար:

Կարա Մուրզա իր առաջին համերգները կու տայ Պաքուի եւ Թիֆլիսի մէջ, 1885-ին, ապա`  ամբողջ Կովկասի:  Կը մտնէ ամէն գիւղ եւ երգեր հաւաքելով` կը ներդաշնակէ ու բեմ կը հանէ:

1886-ի օգոստոսին առաջին անգամ ըլլալով իր խումբով Պաքուի եկեղեցւոյ մէջ քառաձայն կ՛երգէ ս. պատարագի արարողութիւնը:          Նոյն տարուան վերջերը կ՛անցնի Պոլիս եւ կ՛ուսումնասիրէ արեւմտահայ եկեղեցական երգեցողութիւնը:

1893-ին կը հրաւիրուի Էջմիածին Խրիմեան Հայրիկի օրով, բայց իրեն դէմ միջնադարեան հալածանքը շատ շուտ կը սկսի, եւ ան կ՛արձակուի դպրոցէն :

Նիւթական հոգերը, սնունդի պակասը կը քայքայեն անոր առողջութիւնը, եւ ան կը մահանայ 27 մարտ 1902-ին, կարճատեւ հիւանդութենէ մը ետք:

Երկրորդ բաժինով Զաքար Քէշիշեան ներկայացուց Մակար Եկմալեանի կենսագրութիւնը:

Մակար Եկմալեան բազմաձայն երաժշտութեան հիմնադիրն է, ծնած է 1857, ին, բնիկ վաղարշապատցի, Մասիսի եւ Էջմիածինի հարազատ զաւակը, որդեգիր` հոգելոյս Գէորգ Դ. կաթողիկոսի:

Եկմալեան Էջմիածինի մէջ կ՛աշակերտէ երաժշտապետ եւ քաջ ձայնագրագէտ Նիկողայոս Թաշճեանի եւ կարճ ժամանակուան մը մէջ ձեռք կը բերէ մեծ հմտութիւն: Այդ օրերուն հոգեւոր երաժշտութեան բարենորոգման գործը թէեւ մեկնարկած էր Քրիստափոր Կարա  Մուրզայի կողմէ, սակայն կատարելագործման եւ հիմնաւորման պատիւը վերապահուած էր Մակար Եկմալեանին:

Ան իր արտակարգ ընդունակութիւններով արժանացաւ Գէորգ Դ. կաթողիկոսին բարձր ուշադրութեան եւ ուղարկուեցաւ Ս. Փեթերսպուրկի երաժշտանոց` երաժշտական արուեստի մէջ հմտանալու համար:

Աւելի քան 10 տարի մնալով Ս. Փեթերսպուրկի եւ բազմակողմանի կերպով ուսումնասիրելով երաժշտական արուեստը իր բոլոր ճիւղերով, համաշխարհային երաժշտապետներ Ռոսպէնշտէյնի, Չայքովսքիի ուսուցչութեան օրով, հիացման առարկայ կը դառնայ երաժշտապետներու շրջանակին մէջ` իր անվիճելի տաղանդով եւ մասնաւորապէս իր երաժշտական հազուագիւտ նուրբ լսողութեամբ:

1887 թուականին ան կ՛աւարտէ երաժշտանոցը եւ իբրեւ յաջողագոյն շրջանաւարտ` կը վերադառնայ հայրենիք` իր մայրենի եկեղեցւոյ ծառայելու: Կարճ ժամանակ մը, սակայն, ան կը վարէ Թիֆլիսի կայսերական երաժշտանոցի վերատեսուչի պաշտօնը:

Ան շուտով կը ձեռնարկէ Ս. Փեթերսպուրկի մէջ ներդաշնակած պատարագի արարողութեանց վերամշակման գործին: Ան հայ ազգին կը նուիրէ մեր ամբողջ պատարագը իր մանրամասնութիւններով` հատ մը եռաձայն արական խումբի համար, նոյնը քառաձայն, իսկ մէկ հատ ալ` քառաձայն երկսեռ խումբերու համար:

Բացի պատարագէն, Եկմալեան կը դաշնաւորէ ուրիշ շատ մը շարականներ եւ ազգային աշխարհիկ երգեր:

Եկմալեան մեր հոգեւոր երաժշտութեան պարծանքն ու հայ մեծանուն տաղանդներու փաղանգի բեղմնաւոր մէկ անդամն է: Իր կեանքին վերջին 3 տարիներուն ծանր հիւանդութեամբ մը բռնուած` կը մահանայ 1905 մարտ 5-ին, Թիֆլիսի մէջ :

Զաքար Քէշիշեան աւարտին պատասխանեց ներկաներուն հարցումներուն:

 

 

 

 

Նախորդը

Հայագիտութիւն Մագիստրոսական Ծրագիր` Հայագիտական Համակողմանի Գիտելիքի Կարելիութիւն

Յաջորդը

Հորմուզի Նեղուցը Պատուար ԱՄՆ-Իսրայէլ Դաշինքի…

RelatedPosts

Լիբանանի Թեմի Առաջնորդը Այցելեց Ազգային Վարժարաններ
Գաղութային

Լիբանանի Թեմի Առաջնորդը Այցելեց Ազգային Վարժարաններ

October 26, 2026
ԼՕԽ-ի Նորընտիր Շրջանային Վարչութիւնը Այցելեց Լիբանանի Հայոց Թեմի Առաջնորդին
Գաղութային

ԼՕԽ-ի Նորընտիր Շրջանային Վարչութիւնը Այցելեց Լիբանանի Հայոց Թեմի Առաջնորդին

October 26, 2026
Համազգայինի «Վահէ Սէթեան» Հրատարակչատան Նախաձեռնած Հայ Գիրքի Փառատօնը Իր Շուրջ Համախմբեց Մեծաթիւ Ընթերցասէրներ Եւ Հրատարակչատուներ
Գաղութային

Համազգայինի «Վահէ Սէթեան» Հրատարակչատան Նախաձեռնած Հայ Գիրքի Փառատօնը Իր Շուրջ Համախմբեց Մեծաթիւ Ընթերցասէրներ Եւ Հրատարակչատուներ

October 26, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.