Պատրաստեց՝ ՄԱՐԻՆԱ ՀԱՄԱՄՃԵԱՆ
«Վահագն Վիշապաքաղ» Յուշարձանը Տեղադրուեցաւ Երեւանի Կեդրոնը
Քանդակագործ Կառլեն Նուրիջանեանի «Վահագն Վիշապաքաղ» յուշարձանը վերահաստատուած է Երեւանի կեդրոնին մէջ` Ռուսիոյ հրապարակին վրայ: Հայկական դիցաբանութեան պատերազմի, քաջութեան եւ յաղթանակի գերագոյն աստուած Վահագնի արձանի բացումը կատարուեցաւ հանդիսաւորապէս:
Յուշարձանի` քաղաքի կեդրոն վերադարձը Երեւանի քաղաքապետարանի նախաձեռնութիւնն է` իրականացուած կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնակրթութեան նախարարութեան հետ համագործակցութեամբ:
«Վահագն Վիշապաքաղ»-ի յուշարձանը այսպիսով կ՛ունենայ իր հաստատուն ու մնայուն տեղը: Մեր ժողովուրդի եւ հասարակութեան համար խորհրդանշական ուղերձ եւ իմաստ պարունակող կերպարը մարմնաւորող քանդակը չի կրնար «թափառիլ» տեղէ տեղ: Երեւանի քաղաքապետարանի այս նախաձեռնութիւնը կը փաստէ, որ մեր արժէքները մնայուն են եւ կը շարունակեն ուղղորդել մեզ, ըսաւ նախարար Ժաննա Անդրէասեան:
Նախարարին համաձայն, յուշարձանները հանրային կեանքի կարեւոր բաղադրիչ են, եւ այս ծիրին մէջ նախորդ ուսումնական տարիէն մեկնարկած է նախաձեռնութիւն, ըստ որուն, յուշարձանները դպրոցականներու յատուկ ուշադրութեան եւ հոգածութեան տակ են: Իւրաքանչիւր դպրոց ունի իրեն կապուած յուշարձան, որուն խնամքն ու մաքրութիւնը կը ստանձնէ ուսումնական տարուան ընթացքին` իբրեւ արտադասարանային կրթութեան բաղադրիչ:
Ժաննա Անդրէասեան յոյս յայտնեց, որ քանդակը կը դառնայ ոչ միայն քաղաքաշինական միջավայրի անբաժան մասը, այլ նաեւ` քաղաքացիներու եւ աշակերտներու ամէնօրեայ հոգածութեան առարկան:
Շնորհակալութիւն յայտնելով բոլոր կողմերուն` նախաձեռնութիւնը կենդանացնելու համար, Երեւանի քաղաքապետ Տիգրան Աւինեանը ընդգծած է այն խորհրդանիշները, որոնք կը խօսին մեր ժողովուրդի արժանապատուութեան եւ յաղթանակին մասին, իրենց արժանի տեղը պէտք է ունենան քաղաքի կեդրոնը: Ան յատուկ անդրադարձաւ արձանի հեղինակի` Կառլեն Նուրիջանեանի աշխատանքին:
«Կառլեն Նուրիջանեանը ստեղծած է կերպարներ, որոնք դարձած են մեր ազգային ուժի դիմադրողականութեան եւ արժանապատուութեան խորհրդանիշները: Այսօր մենք ոչ միայն Վահագնին կը վերադարձնենք իր արժանի տեղը, այլ Կառլեն Նուրիջանեանին կը վերադարձնենք իր արժանի գնահատականը»:
Արձանի տեղադրումին մասին խօսեցաւ նաեւ Կառլեն Նուրիջանեանի զարմուհին` Ռուզաննա Ադամեանը, ընդգծելով, որ արձանի վերատեղադրումը արժանի գնահատական է քանդակագործին:
«Իմ փափաքս է, որ Վահագնի ուժը, քաջութիւնը, հպարտութիւնը, յաղթանակը եւ արեւը սփռուին հայ ժողովուրդին վրայ: Նուրիջանեաններու գերդաստանի անունով շնորհակալութիւն կը յայտնեմ այս որոշումին համար, որ նոր շունչ կու տայ յուշարձանին»:
Կառլեն Նուրիջանեանի «Վահագն Վիշապաքաղ» յուշարձանը շինուած է 1968 թուականին եւ 1969 թուականին տեղադրուած է Մաշտոցի պողոտային վրայ: 1970-ականներու կէսերուն որոշ ժամանակ արձանը գտնուած է Հայաստանի Նկարիչներու միութեան հարեւանութեամբ, իսկ 1980-ականներու սկիզբներուն` Էջմիածնի խճուղիին մօտ: Վերականգնուած եւ ներսէն ամրացուած արձանը 2004 թուականի դեկտեմբերի 19-ին տեղադրուած է Երեւան-Էջմիածին մայրուղիի կամուրջին մօտ: Ներկայիս ան կրկին վերադարձած է մայրաքաղաքի կեդրոն:
Համազգայինի Ֆորումի Մասնակիցները Նշեցին Պայծառակերպութեան Տօնը Եւ Յարգանքի Տուրք Մատուցեցին Մեսրոպ Մաշտոցի Եւ Գէորգի Էմինի Յիշատակին
Համազգային հայ կրթական եւ մշակութային միութեան Երեւանի գրասենեակին նախաձեռնութեամբ, Օշականի Սուրբ Մեսրոպ Մաշտոց եկեղեցւոյ մէջ նշուեցաւ Քրիստոսի Պայծառակերպութեան տօնը` Վարդավառը:
Համազգայինի Երեւանի գրասենեակէն կը յայտնեն, որ նախաձեռնութեան հիւրերն էին Համազգայինի համահայկական երիտասարդական հաւաքի (ֆորում) մասնակիցները, որոնք Հայաստան եկած են աշխարհի 10 երկիրներէ:
Տօնական օրուան սկիզբը երիտասարդները նախ յարգանքի տուրք մատուցեցին մեծն Մեսրոպ Մաշտոցի գերեզմանին` խոնարհելով հայ դպրութեան հիմնադիրին յիշատակին առջեւ:
Օշականի Սուրբ Մեսրոպ Մաշտոց եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Վազգէն քահանայ Յովհաննիսեանն իր օրհնութեան եւ բարեմաղթութեան խօսքը ուղղեց երիտասարդներուն եւ միասնական աղօթքով խնդրեց, որ Բարձրեալը խաղաղութիւն ու արեւշատութիւն շնորհէ աշխարհասփիւռ հայ ազգին:
Այնուհետեւ ծրագիրը շարունակուեցաւ եկեղեցւոյ կից դպրատան սրահին մէջ: Ներկաները ունկնդրեցին հոգեւոր երգերու շարք` Հայաստանի օփերայի եւ պալէի ազգային ակադեմական թատրոնի մեներգիչ Ռոման Խնկոյեանի բարձրարուեստ կատարողութեամբ:
Նախաձեռնութեան պաշտօնական բաժինով խօսք առին Համազգայինի Երեւանի գրասենեակի տնօրէն Ռուզան Առաքելեանը, Համազգայինի Կեդրոնական վարչութեան անդամ Արտաշէս Շահբազեանը, Համազգայինի Մ. եւ Հ. Արսլանեան ճեմարանի վաստակաշատ նախկին տնօրէն Տիգրան Ճինպաշեանը եւ գրող Արտաւազդ Նազարեանը` կարեւոր նկատելով մաշտոցեան արժէքներն ու սփիւռքահայ երիտասարդութեան ազգային ինքնութեան պահպանումը:
«Այսօր, երբ աշխարհի 10 երկիրներէ հաւաքուած էք հոս` մեր մեծ ուսուցիչի` Մեսրոպ Մաշտոցի շիրիմին մօտ, մենք կը վերահաստատենք մեր միասնութիւնը: Մաշտոցեան գիրերը պարզապէս տառեր չեն, անոնք մեր ինքնութեան յենասիւներն են, որոնք դարեր շարունակ մեզ հայ պահած են, եւ այսօր ալ ինքնին անոնք պիտի դառնան ձեր ուղեցոյցը` աշխարհի ո՛ր անկիւնն ալ գտնուինք», շեշտեց Արտաշէս Շահբազեան:
Մտաւորական Տիգրան Ճինպաշեան ընդգծեց. «Մաշտոցի շիրիմին առջեւ կանգնիլը սովորական այցելութիւն չէ, այլ ինքնութեան քննութիւն եւ պատասխանատուութիւն: Այսօր սփիւռքի մէջ հայերէն խօսիլն ու հայ զգալը հերոսութիւն է, բայց միեւնոյն ժամանակ` մեր գոյութեան միակ երաշխիքը: Դուք աշխարհի տարբեր ափերէն բերած էք ձեր համայնքներու շունչը, բայց ձեր հոգեւոր հայրենիքը հո՛ս է»:
Ռուզան Առաքելեան իր խօսքը ուղղելով երիտասարդներուն` կարեւոր նկատեց. «Հայոց գիրերու ստեղծումը մեր պատմութեան մեծագոյն հրաշքն է, եւ մեր գլխաւոր առաքելութիւնն է, որ դուք` նոր սերունդը, ամուր կառչած մնաք այդ արմատներուն, պահպանեցէք մեր լեզուն ու մշակոյթը ձեր համայնքներուն մէջ: Մաշտոցի հանճարը մեզի ոչ միայն գիր տուաւ, այլ նաեւ հոգեւոր զրահ` ընդդէմ ուծացման: Մաշտոցեան այս ժառանգութիւնն է այն կամուրջը, որ ձեզ միշտ պիտի կապէ հայրենիքին ու ձեր ինքնութեան»:
Գրող Արտաւազդ Նազարեանը պատմական ընդհանուր ակնարկով անդրադարձաւ մաշտոցեան ժամանակներուն եւ հայ ինքնութեան պահպանման խնդիրներուն` շեշտելով, որ գիրերու գիւտը եղած է հայութեան առաջին մեծ ռազմավարական յաղթանակը, որ փրկած է ազգը ձուլումէ: Ան յորդորեց երիտասարդները իրենց համայնքներուն մէջ դառնալ այդ յաղթանակի կրողներն ու տարածողները:
Այս նախաձեռնութիւնը կայացաւ ջերմ, հայրենաշունչ մթնոլորտի մէջ` դառնալով հայրենիք-սփիւռք կապի ամրապնդման եւ մշակութային արժէքներու վերարժեւորման յաւելեալ գեղեցիկ առիթ մը: Վարդավառի տօնը շարունակուեցաւ երիտասարդներուն կողմէ ազգային, հայրենասիրական երգերու մեկնաբանութեամբ:
Օրուան աւարտին ներկաները նաեւ այցելեցին Սուրբ Կարմրաւոր եկեղեցի եւ յարգանքի տուրք մատուցեցին եկեղեցւոյ բակին մէջ ամփոփուած հայ մեծանուն գրողի` Գէորգ Էմինի յիշատակին: Գրողին շիրիմին մօտ երիտասարդներուն իր սրտի խօսքը ուղղեց Համազգայինի Կեդրոնական վարչութեան անդամ եւ Գէորգ Էմինի ազգական Արեւիկ Գաբրիէլեանը` նշելով, որ Էմինը հայ ազգի նուիրեալ էր, եւ անոր պատգամն է, որ հայ երիտասարդը երբեք չկորսնցնէ իր կապը հայրենի հողին հետ, տիրապետէ մայրենիին եւ իր ամբողջ ներուժով ծառայէ ազգային արժէքներու յարատեւման:
Մարիաննա Գէորգեան` ICMA Մրցանակի Թեկնածու
Քանոնահարուհի Մարիաննա Գէորգեան հեղինակաւոր ICMA-ի (InterContinental Music Awards) մրցանակաբաշխութեան «Լաւագոյն երաժիշտ» անուանակարգի եզրափակիչ փուլ հասած է:
Այս տարի, մասնակից երկիրներուն շրջանցած անցած է 100-ը, իսկ մասնակցողներուն թիւը` քանի մը հազարը: Գէորգեան եզրափակիչ փուլ հասած միակ մասնակիցն է, որ կը ներկայացնէ Հայաստանը, հայկական արուեստը եւ ազգային նուագարան քանոնը:
Ան 2025-ին արժանացած էր Համաշխարհային խորհրդանիշ երաժիշտի (Global Icon Awards) տիտղոսին, 2020-ին ստացած է համաշխարհային World Folk Vision մրցոյթի գլխաւոր մրցանակը եւ բազմաթիւ միջազգային այլ հեղինակաւոր մրցումներու մրցանակներ:
Գէորգեան Կոմիտասի անուան սենեկային երաժշտութեան ազգային կեդրոնի «Տաղարան» հնագոյն երաժշտութեան համոյթի մենակատար քանոնահարուհին է (գեղարուեստական ղեկավար` Սեդրակ Երկանեան):
Հայաստան Եւ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ Կը Ճանչնան Իրարու Վարորդական Վկայականները
Յունիս 13-էն սկսեալ, Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններուն մէջ ոչ բնակութեան նպատակով գտնուող Հայաստանի քաղաքացիները, ինչպէս նաեւ Հայաստանի մէջ ոչ բնակութեան նպատակով գտնուող Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու քաղաքացիները կրնան ազատ երթեւեկել իրենց ազգային վարորդական վկայականներով:
Եթէ քաղաքացիները երկու երկիրներէն մէկուն մէջ կը բնակին մնայուն կերպով եւ կը դիմեն վարորդական վկայականի փոխանակման համար, ապա զերծ պիտի մնան այդ գործընթացով նախատեսուած տեսական եւ գործնական քննութիւններ յանձնելու պարտաւորութենէն: Երկու երկիրները վարորդական վկայականները փոխադարձաբար կը ճանչնան` առանց յաւելեալ ընթացակարգերու եւ անոնց վաւերականութեան վերահաստատման անհրաժեշտութեան:
Լոյս Տեսած Է Կարասի Վերաբերեալ Յատուկ Հետազօտութիւն
Կարասը արժանի է իր տեղը գրաւելու մարդկութեան ոչ նիւթական մշակութային ժառանգութեան ներկայացուցչական ցանկին մէջ:
Լոյս տեսած է «Կարաս. պատմութիւն եւ ժառանգութիւն» վերնագիրով յատուկ աշխատութիւնը, որուն հրատարակութիւնը երաշխաւորած է Հայաստանի Հանրապետութեան Գիտութիւններու ազգային ակադեմիայի Պատմութեան հիմնարկի Գիտական խորհուրդը: Խմբագիրներն են Միքայէլ Բադալեանը եւ Արսէն Բոբոխեանը, նախագիծի համակարգողները` Հռիփսիմէ Յարութիւնեանն ու Միքայէլ Բադալեանը:
Նախաբանին մէջ կը ներկայացուի կարասին յատուկ տեղ գրաւելը հայոց ինքնութիւնը խորհրդանշող տարրերու խճանկարին մէջ. «Կարասի օգտագործումը Հայաստանի մէջ ունի հազարամեակներու շարունակականութիւն եւ ժառանգականութիւն: Հետաքրքրական է, որ կարասին առնչուող տարբեր ընկալումներ կը զուգորդուին կեանքի, ծննդեան ու մահուան, բարեկեցութեան, առատութեան, գինեգործութեան հնագոյն մշակոյթի եւ ուրիշ երեւոյթներու հետ: Այս աշխատութիւնը հայկական կարասի վերաբերեալ դեռեւս միակ ամփոփ հետազօտութիւնն է, որուն ստեղծումին մասնակից դարձած են իրենց ոլորտներուն մէջ մեծ հեղինակութիւն վայելող հայ եւ օտար գիտնականներ: Առաջին անգամ ըլլալով մէկ աշխատութեան մէջ գիտահանրամատչելի կերպով ամփոփուած են հայկական կարասին առնչուող տարբեր ոլորտներ` հնագիտութիւն, պատմութիւն, ազգագրութիւն, բանահիւսութիւն, լեզուաբանութիւն, գինեգործութիւն եւ այլն:
«Նման ձեւաչափով գիրքի ստեղծման նպատակն է աւելի ընկալելի կերպով աշխարհին ճանաչելի եւ հաղորդակից դարձնել հայկական կարասը, որ անշուշտ արժանի է իր տեղը գրաւելու մարդկութեան ոչ նիւթական մշակութային ժառանգութեան ներկայացուցչական ցանկին մէջ»:
Նշենք, որ նման բովանդակութեամբ գիրքի ստեղծման գաղափարն ու նախաձեռնութիւնը «Վալէ լը Արփա» ընկերութեան տնօրէն Կարէն Մխիթարեանինն է: Անոր առաջարկով եւ մեկնաբանութեամբ իրականութիւն դարձած է այս կարեւոր աշխատութեան տպագրութիւնը, եւ արդիւնքը եղած է ամփոփ ու գիտահանրամատչելի աշխատութիւն, որ համակողմանի եւ բազմաբովանդակ կերպով կը ներկայացնէ հայոց ինքնութեան կարեւորագոյն խորհրդանիշներէն մէկը` հայկական կարասի երեւոյթը:
«Կարաս. պատմութիւն եւ ժառանգութիւն» աշխատութեան մէջ, ի շարս այլոց, անդրադարձ կայ` հայերէնի մէջ անօթի, կարասի եւ սափորի անուանումներուն, նախաուրարտական Հայաստանի կարասին, ուրարտական կարասին պատկերագրութեան մէջ, կարասային թաղումներուն, հայկական գինեգործական մշակոյթին մէջ կարասի կիրարկութեան եւ այլն:
«Նախաուրարտական ժամանակաշրջանին կարելի է խօսիլ կարասատիպ անօթներու եւ կարասի նախապատմութեան մասին: Իսկ ահա մեզի յայտնի կարասները սկսած են օգտագործուիլ Արարատի թագաւորութեան օրերէն: Այստեղ կարասը կը դառնայ ուրարտական տէրութեան տնտեսութեան կարեւորագոյն բաղադրիչներէն եւ խորհրդանիշներէն մէկը: Ինչպէս Ուրարտուի մէջ, այդպէս ալ մեր օրերուն կարասները գլխաւորապէս կը տեղադրուէին յատուկ սրահներու եւ կամ սենեակներու մէջ: Անոնք կը պարունակէին գինի, հացահատիկ եւ այլ տեսակի հեղուկներ: Կարասներու վերնամասին տարողութեան միաւորներու մատնանշումը ինքնին կը վկայէ Վանի թագաւորութեան խիստ համակարգուած տնտեսութեան եւ պետականութեան ձեւաչափին մասին: Առնուազն ուշ ուրարտական ժամանակաշրջանէն ի վեր կարասները սկսած են օգտագործել նաեւ թաղման համար: Ըստ երեւոյթին, կաւէն պատրաստուած կարասը կապակցուած է երկրի եւ կամ արգանդի հետ, ուր պէտք է տեղադրէին հանգուցեալը` հաւանաբար վերջինիս վերածնունդի ակնկալիքով: Ակնյայտօրէն կարասները առնչուած են կեանքի, ծնունդի եւ մահուան, առատութեան եւ բարեկեցութեան գաղափարներուն:
«Ըստ երեւոյթին, Արարատի թագաւորութեան ժամանակաշրջանէն մինչեւ մեր օրերը Հայաստանի մէջ կարասներու տեսքի, ձեւի, պատրաստութեան եւ կիրարկման եղանակներու առումով փոփոխութիւններ գրեթէ չեն եղած: Այս ծիրին մէջ մենք կրնանք միանշանակօրէն նշել Հայաստանի մէջ կարասի եւ անոր աւանդոյթի չընդհատող շարունակականութեան եւ ժառանգականութեան մասին: Հայաստանի մէջ արտադրուած կարասները եղած են այնքան բարձրորակ եւ պահանջուած, որ առնուազն երկաթի դարաշրջանէն արտածուած են ուրիշ երկիրներ: Այս առումով, խիստ ուշագրաւ է այն փաստը, որ Հայաստանի մէջ պատրաստուած կարասները հասած են նոյնիսկ Երուսաղէմ:
«Կարասները կը փաստեն Հայաստանի մէջ գինեգործութեան` հազարամեակներու աւանդոյթներուն մասին: Մեր օրերուն աւելի կարեւոր է հայոց ինքնութիւնը խորհրդանշող իւրաքանչիւր տարրին, երեւոյթին տէր ըլլալու առաքելութիւնը, առանցքային նշանակութիւն ունի նման խորհրդանիշներու հանրահռչակումը: Այդպիսիք են, օրինակ, վիշապ քարակոթողները, խաչքարերը, գորգերը, խազերը եւ հայոց ինքնութեան շա՜տ ու շատ այլ վկաներ: Նշուած բոլոր արժէքները ոչ միայն հայկական, այլեւ համաշխարհային ժառանգութեան անքակտելի մաս կը կազմեն: Նման խորհրդանիշներէն մէկն է կարասը: Այսօր խիստ հրատապ խնդիրներ են` Հայաստանի մէջ կարասի պատրաստութեան աւանդութիւններու վերականգնումը, հնագոյն արհեստագիտութիւններով նոր կարասային սրահներու ստեղծումը, անոնց շարունակական օգտագործումը, կարասի հանրահռչակումը` որպէս Հայաստանի կարեւորագոյն խորհրդանիշներէն մէկը», նշուած է Միքայէլ Բադալեանի եւ Արսէն Բոբոխեանի հեղինակութեամբ վերջաբանին մէջ:




