ՀՐԱՉ ՊԱՐՍՈՒՄԵԱՆ
Թէքէեան մշակութային միութեան «Երուանդ Օտեան» թատերախումբը, Սուրէն Խտըշեանի բեմադրութեամբ, 4 ելոյթներով (12, 14, 20 եւ 21 յունիսին) ներկայացուց «Թենոր մը գտէք» կատակերգութիւնը: Ներկայ եղայ 3-րդ ելոյթին:
Հեղինակը` Քեն Լուտֆիկ (1950 – ), փաստաբան մըն է, որուն պաշտպանեալները մեծ մասամբ կատարողական արուեստի երեւելիներ եղած են: Թատերական մթնոլորտին մէջ մնալու նպաստող այդ զբաղմունքը նաեւ հաւանաբար յոյժ եկամտաբեր է: Երկու տարի առաջ ան մէկ միլիոն սթերլին նուիրած է Շէյքսփիրի ծննդավայր համարուող Սթրաթֆորտի բարեկարգման ֆոնտին (1): Լուտֆիկ բազմաթիւ յարմարեցումներ կատարած է ականաւոր հեղինակներէ, որոնց շարքին` Մ. Թուէյն, Ա. Տիւմա, Չ. Տիքընզ, եւ Ա. Քրիսթի: Նախասիրութիւն ունի երաժշտական բներգներու: Ներկայ գործը կը կատարուի օփերայի մթնոլորտին մէջ: Ոչ զարմանալիօրէն Պրոտուէյի մէջ վերածուած է երաժշտախառն թատրերգութեան եւ շուրջ տասը տարի առաջ Դրամատիկական թատրոնի խաղացանկին յաւելուած է «Մամա միա» վերնագիրով: Բնագիրի երկխօսութեան մէջ ստեպ կը յայտնուին օփերային բարբառ եւ այլաբանութիւններ: Ք. Լուտվիկ թատրոնի եւ երաժշտութեան բներգով ունի առնուազն չորս թատրերգութիւն: «Թենոր»-ի յաջողութիւնը «քամած» է` յօրինելով երկու նմանակ շարունակութիւններ (sequel). մէկը երաժշտական, որուն վերնագիրը` «Comedy of Tenors», բացայայտօրէն կը նմանակէ Շէյքսփիրի «Comedy of errors», որուն բներգը նոյնպէս ինքնութեան շփոթն է (mistaken identity): Երկրորդը սեռի շրջումն է, ինչպէս` իգական «Կոճատ զոյգը», «Lend Me a Soprano»:
Հակիրճ դիպաշար.- Դէպքը տեղի կ՛ունենայ 1930-ական թուականներուն, այսինքն` Միացեալ Նահանգներու տնտեսական «Մեծ տագնապ»-ի (Great Depression) շրջանին: Ճարտարարուեստի ոստան Քլիվլենտ կը տենչար ամէն գնով դառնալ նաեւ մշակութային կեդրոն: «Բարձր մշակոյթի» ցուցանիշ կը համարուէր իտալական օփերան: Օփերայի տնօրէն Սանտըրս եւ գեղարուեստական ղեկավար Ճուլիա հրաւիրած են աշխարհահռչակ թենոր «Իլ Սթիւփենտոյի» (զգլխիչ, հոյակապ) Միրելլին (հնարովի անուն): Այդ կը համարուէր պատմական իրադարձութիւն: Մեծ ակնկալութեամբ սպասուած հոյածախս ելոյթի «Օթելլօ»-ն կը հասնի ուշացած եւ անկարող, որովհետեւ որկրամոլութեան եւ վաւաշոտ պահուածքին պատճառով ստամոքսի խանգարում ունի: Սխալ դեղորայքի եւ առատ խմիչքի ազդեցութեան տակ կ՛ուշաթափի: Մինչ այդ զայրացած կինը հրաժեշտի երկտող մը ձգած է: Երկտողը, կատակերգութեան տրամաբանութեամբ, ի հարկէ կը թարգմանուի իբրեւ անձնասպանութեան գիր: Օփերայի երգիչ դառնալ երազող Սանտըրզի ստոր օգնական երկչոտ Մաքսի «բախտը կը բացուի»: Օփերան սնանկութենէ փրկելու համար Սանտրզ ճարահատ կը համաձայնի, որ Մաքս փոխարինէ Թիթոն: Մետասաներորդ պահուն Թիթօ կը սթափի, բայց անկարող է բեմ բարձրանալ: Փոխարէնը` դիպուկ ցուցմունքներով Մաքսը կը պատրաստէ ելոյթին, որ կ՛անցնի մեծ յաջողութեամբ: Մաքս ինքնավստահութիւն ձեռք կը բերէ: Երկրորդ արարին մէջ շփոթը ձիւնագնդակի նման կ՛արագանայ եւ կ՛աճի: Տեղի կ՛ունենան սխալ ինքնութեան սեռային միջադէպեր, որոնց պատճառով Միլելլիով հմայուած Սանտըրզի դուստր Մակի կը յայտնաբերէ հոգեփոխուած Մաքսը: Գիրկընդխառնում: Ինչպէս կատակերգութեան օրէնսգիրքը կը պահանջէ, Միրելլիի կինը անգամ մը եւս կը ներէ իր ամուսինը, որ անկողին մտած էր Մակիի հետ: Ճուլիա եւ Բ. կարգի երգչուհի Տիանա, որոնք մագլցիլ կը փորձէին, սեռային ծառայութեան դատարկ խուրջիններով դուրս կու գան որսէն: Երկինքէն կ՛իյնայ երեք խնձոր:
Նուաստ տղու յաջողութեան մերօրեայ հեքիաթ: Այստեղ սերունդներու բախում չեմ տեսներ: Հայրը հասկնալիօրէն բուռն կերպով կ՛ընդդիմանար Մակիի հանդիպումին` կնարած Միրելլիի հետ, ոչ Մաքսի: Ընդհակառակն, Մաքս Սանտըրզի համար կը ներկայացնէր օփերայի փրկութեան միջոց: Սանտըրզ ի սկզբանէ յայտարարած էր, որ հանդիսատեսը ատակ չէ զանազանելու «Իլ Սթիւփենտօ»-ն միայն իր բաղնիքին մէջ երգող Մաքսէն: Հին սերունդ համարուող Միրելլի, իր կարգին, դրական դեր կը խաղայ` Մաքսի ինքնավստահութիւն եւ բանալի ցուցմունքներ տալով:
Բնագիրը.- Ինչպէս բոլոր թատրերգութիւններու պարագային, ընտրուած թատրն ու թուականը (Քլիվլենտ, 1934) պատահական չեն: Այդ Լուտվիկի մեծարանքն է Մ. Նահանգներու մէջ գործող կատակերգակներուն, ինչպէս` տարեց ընթերցողներու, վստահաբար ծանօթ «Մարքս եղբայրներ», որոնք 1935-ին հրապարակած էին «A Night at the Opera» ժապաւէնը, որ յստակ զուգահեռներ ունի ներկայ զաւեշտին հետ: Եղբայրները քաոսային կերպով կը փորձէին մեծ բեմ բարձրացնել օփերայի սկսնակ երգիչ մը: Այդ օրերուն ձայնասփիւռը կ՛ապրէր իր ոսկեդարը: Բացման տեսարանին մէջ Մակի ձայնասփիւռէն կ՛ունկնդրէ «Իլ Սթիւփենտօ»-ն, ինչպէս նաեւ ծանուցում` անոր մօտալուտ այցելութեան: Մակի եւս այս առումով ներկայացուցչական կերպար է: Ան միակ համակիրը չէր: Պանդոկի սպասեակն իսկ ծանօթ է Վերտիի «Օթելլօ»-ին: Քաղաքի իւղոտած «բարձր դասակարգը» աւելի քան տրամադիր է սուղ տոմսեր գնելու` բացակայ չըլլալու համար բարձր մշակոյթ գնահատող ընտրանիի հաւաքէն: Այլ խօսքով` տեսնելու եւ տեսնուելու: (Ականջը խօսի մեր…):
Թատրերգութիւնը հիմնովին ձաղկ մըն է այդ ցուցամոլ յաւակնոտ մտայնութեան: Յոյժ գործիմաց Լուտվիկ կ՛անտեսէ, սակայն, 1929-1939 երկարող տնտեսական ահաւոր տագնապը: Իբրեւ աղաղակող տարբերութիւն Լուտվիկի` Մարքս եղբայրները տագնապը կը ներկայացնեն պատկերաւոր լեզուովս, որպէսզի ե՛ւ խուսափին գրաքննութենէ ե՛ւ օգտագործեն շարժապատկերի ուրոյն գեղարուեստը: Անոնք պարզապէս ծիծաղ կորզող հտպիտներ չէին, ինչպէս կրնայ թուիլ: Ստեղծուած խառնաշփոթը խափանարարական, պայքարող բնոյթ ունի, ի տարբերութիւն Ք. Լուտվիկի, որ կսմիթներով եւ «ֆէյտոյական» ծանօթ, փորձուած հնարքներով կը միտի զուարճացնել:
Ինչպէս` այլ թեթեւ կատակերգութիւններու պարագային, այնպէս եւ այստեղ պանդոկը յարիր թատր է, որովհետեւ հեռու է տաղտկալի առօրեայէն, հեռու` անհաճոյ իրապաշտ մանրամասնութիւններէ, ինչպէս` ընկերային տագնապներէ, եւ հեռու` շրջապատի կաշկանդող հսկողութենէն: Մասնաբաժնի (swite) բազմաթիւ դռները կրնան ծառայել խաչաձեւուող վազվռտուքի եւ պահուըտուքի:
Կերպարները դիւրաճանաչելի են: Այդ ի հարկէ կ՛օգնէ գործի շուկայադրումին:
Սանտրզ.- Թատրերգութեան կեդրոնական առանցքն է: Միւս կերպարները այս կամ այն կերպ առնչուած արբանեակներ են: Հիմնական հանգոյցը իր փառաւոր ծրագիրի ձախողութեան վտանգն է: Հետեւաբար ջղագրգիռ կեցուածք ունի: Իր փորձառութեան շնորհիւ` արհամարհական է Նիւ Եորքի մտաւորական ձեւացնող «բարձր» դասակարգին հանդէպ: Սանտըրս անունը կը սերի Ալեքսանքրէն, որ կը նշանակէ «պաշտպանող»: Սանտըրս ամէն գնով կը փորձէ պահպանել օփերան անկումէ:
Մաքս.- Գլխաւոր կերպարը միակն է, որ կ՛ունենայ հոգեփոխութիւն, զարգացում: Թաքուն շնորհ ունեցող անտեսուած երիտասարդը արդի նմանակն է հեքիաթներու ռամիկ տղեկին, որ իր քաջութեան եւ բախտի (իմա` գերբնականի հոգատարութիւն) շնորհիւ կը յաղթէ դեւին եւ կ՛արժանանայ թագաւորի դստեր: Դեւը այս պարագային ներքին է, իր երկչոտութիւնը: Max կրճատումն է Maximilian-ի, որ կը նշանակէ գերազանց: Մաքս իսկապէս ինքզինք կը գերազանցէ:
Թիթօ Միրելլի.- Տաղանդաւոր արուեստագէտը, իր բազում մեղքերուն առընթեր, մեծահոգի է եւ բարի սիրտ: Կը կատարէ հեքիաթներու հերոսին օգնող գերբնական էակի դեր: Թերեւս այդ առումով կարծրատիպ է: Ան իր արարքով տագնապ-առիթ կը յարուցէ եւ ապա կ՛օգնէ, որ այդ տագնապը ծառայէ Մաքսի անհաւատալի վերելքին: Շա՛տ բարի: Միրելլի սերած է Մերլոյէ, կը նշանակէ պարզամիտ: Թերեւս` մաքուր իմաստով:
Մակի.- Սաունտըրզի կամայակոր դուստրը, որ ամուսնական վանդակ մտնելէ առաջ կ՛երազէ սիրային քրքիր (fling) մը ունենալ: Կարծրատիպ է նաեւ այդ առումով: Հոլիվուտի մելոտրամաներով հասակ առած աղջկան երազանքի սպիտակ ձիաւորը նոյնինքն Թիթոն է: Մակի կրճատումն է Մարգարիտի: Դուստրը զերթ մարգրիտի հատիկ պատուած է կարծր ոստրէով` հօր խստութեամբ:
Մնացեալ չորս կերպարները ակնյայտ կարծրատիպեր են: Մարիա` կնարած Թիթոյի իտալացի կինը, տաքարիւն, տառապահար, այսուհանդերձ սիրող կին է: Մարիա եբրայերէնով կը նշանակէ դառն: Տիանա` Բ. կարգի երգչուհի, որ կը փափաքի մագլցիլ ամէն գնով: Տիանա որսի աստուածուհին է: Ժուլիա` մեծամիտ վարիչ մը, որ կը փորձէ իր հագուկապով արծաթազօծ գերիշխող երկնաքերի նմանիլ: Անունը կը սերի Յուլիանոսէ, որ Հռոմի իշխող ընտանիքներէն մէկն էր: Եւ վերջապէս` սպասեակը, որ կատակերգութիւններու մէջ միշտ առկայ զուարճախօս խեղկատակի կարծրատիպն է: Անանուն է, որովհետեւ անոր կը դիմեն զանգով, ոչ անունով: «Պելհոփ» տառացիօրէն կը նշանակէ զանգով ցատկող:
Եօթն անգամ եօթանասունեօթներորդ անգամ (ի հարկէ ի զուր) դիտել կու տամ, թէ կերպարներու անունները երբե՛ք պատահական չեն:
Կատարողական.- Որմազդը տարբերակ մըն է ցարդ գործածուած որմազդներու: Բեմի դասաւորումը` եւս, այն տարբերութեամբ, որ գոյները ներդաշնակ եւ վայելուչ չէին: Թերեւս որովհետեւ նիւթական կաշկանդումի պատճառով կարգ մը ճոխանման զարդարանքներ յաւելուած էին այլ թատրերգութենէ մը մնացած բեմայարդարումի մը: Ոչի՛նչ, բարի: Պարզ չէր, թէ ինչո՛ւ Միրելլի ձմեռնային հագուկապով ժամանեց: Օթելլօ վարձկան ծանրաշուք սպայ մըն էր, եւ ոչ` Փալիաչի մը, հտպիտ մը: Ի դէպ, կարգ մը բեմադրիչներ ցեղապաշտութեամբ ամբաստանուելէ խուսափելու համար Օթելլոն իսկապէս փոխարինած են Փալիաչիի կերպարով: Այս պարագային ունէինք սպիտակ ձեռնոցներով սեւամորթ փալիաչիներ: Յոյժ մեկնաբանելի:
Բացումը կատարուեցաւ Վերտիի «Օթելլօ»-ի նախերգանքով, որ աղաղակող կերպով ողբերգութիւն կը թելադրէ: Յոյժ մեկնաբանելի: Տեսարաններուն մէջ կը լսուին այլ զուարթ օփերային հատուածներ, ինչպէս` Ռոսսինիի խաբեբայ սափրիչը, որ նոյնպէս մեկնաբանելի է: Լուսաւորումը գործնական էր, չունէր մեկնաբանական դեր:
Բեմադրիչը յաջողած էր դերակատարներու միջեւ «քիմիա» յառաջացնել: Շա՛տ բարի: ժամանակադրութիւնը եւ կշռոյթը մեծապէս գնահատելի էին, ինչպէս այլուր նկատել տուած է: Բարի՛: Բոլոր դերակատարները լաւապէս արտաբերեցին այն, ինչ պահանջուած էր իրենցմէ: Բարի՛: Նուրբ հիւմըրի ակնյայտ ընկալում ցուցաբերեցին Կարօ Գինոյեանն ու Գոհարիկ Քերոբեանը: Շա՛տ բարի: Կարէն Տարագճեան ցուցաբերեց արտակարգ ֆիզիքական ճկունութիւն, որ յոյժ կենսական է արհեստավարժ կատարումի համար: Շա՛տ բարի: Հարկ է սակայն, որ զգուշանայ նախապէս մարմնաւորած կերպար մը փոխադրելէ դէպի բոլորովին ա՛յլ թատրերգութիւն: Այդ ծուղակին ինկած են շարք մը ականաւոր եւ տեղական դերասաններ: Առկայ էր նաեւ մնջախաղ, ինչպէս Մակիի փայփայանքը` Միրելլիի վերարկուին: Անհասանելի տղամարդու մը վերարկուին հետ պատրանք սիրաբանութիւնը ծանօթ է տաղանդաւոր Bette Davis-ի խաղարկութեամբ (Now, Voyager, 1942) եւ այլուր: Բարի՛: Անհասկնալի էր սակայն, թէ ինչո՛ւ Մակի ի սկզբանէ արտակարգ մօտիկութիւն ցոյց կու տար Մաքսի: Այդ կը նսեմացնէր անոր հետագայ կողմնորոշումը:
Մեկնաբանական.- Հարցերու աղբիւրը կը կայանար թերեւս «բնական» (իմա` դիւրիմանալի) դառնալու միտումով թատրերգութեան փոխադրութիւնը ի Պուրճ Համուտ, որ 30-ականներու Քլիվլենտէն հիմնովին տարբեր միջավայր մըն է: Թատրերգութեան ողնայարը հանդիսացող բարձրադիր Սանտըրզ նմանած էր ժողովրդական թաղի մը սրճարանատիրոջ` իր փողոցային հայհոյախառն սխալախօսութիւններով յագեցուած բարբառով: Այդ կը նշանակէ հիմնովին փոխել միւս կերպարներու հետ յարաբերութիւնները: Կը նշանակէ փոխել թատրերգութեան նկարագիրը: Այսպէս նուաստացած Սանտըրզ փորձեց ծաղկամանով կռնակէն հարուածել Ժուլիան, երբ բարձրադիր Սանտըրզ կրնար իր գերակայ սրախօսութեամբ ճակատէն շանթահարել զայն: Այստեղ կարելի է յիշել, որ ներառուած էին աւելի քան 70 թրքաբարբառ եւ արաբաբարբառ սխալ դարձուածքներ: Ես պատասխանատու եմ իմ խօսքերուս: Այդ ցաւօք «բնական» դարձած է այստեղ: Սանտըրզ կերպար մըն է, որ ատակ է ըսելու «արտազգայարանին ընկալում» եւ ոչ «ք-քէն է»: Ծանրաշուք Սանտըրզին կարելի չէ ըսել «Ապուշ-ապուշ մի՛ խօսիր»: Այդ կարելի է ըսել աստիճանազրկուած Սանտըրզի: Շատակերութենէ հիւանդացած Միրելլիի հարցնել` «Անօթի՞ ես», լաւագոյն պարագային կարելի է համարել սեւ հիւմըր: Հիմնովին կորսուած էր 30-ական թուականներու ամերիկեան բարբառի մշակութային ակնարկներն ու հիւմըրը: Ճուլին նկարագրելու համար նշուած Chrysler building իշխող երկնաքեր մըն է, որուն տեղական համեստ նմանակն է ծովեզերեայ «Սամա Պէյրութ»-ը: Տարեդարձի կարկանդակը բոլորովին այլ իմաստ ունի: «Fling»-ը կարելի է թարգմանել քրքիր կամ «ֆռֆռալ»-ով եւ ոչ` քաշկռտուելով, որ ակնյայտօրէն նուաստացուցիչ է եւ այլն, եւ այլն:
Յաջող թարգմանութեան համար հարկ է պահպանել երկխօսութեան հնչիւնային նկարագիրը: Այդ կը պահանջէ երկու լեզուներու խոր իմացութիւն (որ ցաւօք ի սպառ բացակայ է) եւ մեծ ջանք, որովհետեւ անգլերէնի առոգանութիւնը հիմնովին տարբեր է հայերէնէն: Այդ առանձին նիւթ է:
Բեմադրիչը լեզուական մշակութային տարրի կորուստը փորձած է փոխարինել ֆիզիքական թամաշայով: Քաշկռտուք, հրմշտուք, վազվռտուք, ձախաւեր շարժումներ, գլուխկոնծի եւ այլն: «Համարձակ» յիշոցներուն յաւելուած էին սեռ (իր յաւելեալ գիջացող եւ միասեռական տարբերակներով) թելադրող «համարձակ» շարժուձեւեր, որոնք թերեւս կը միտին ազատամտութիւն ներմուծել «Յ. Տէր Մելքոնեան»-ի բեմ: Դժուար ներմուծելին ի հարկէ քաղաքակա՛ն ազատամտութիւնն է, ոչ` սեռայինը, որ այսօր հասանելի է մանուկներուն իսկ:
Հուսկ բանք.- Ելոյթը յաւելեալ օրինակ մըն է գաղութի եւ թերեւս ընդհանրապէս (իմա` հայրենիք թէ արտասահման) հայ թատրոնի ներկայ տխուր իրավիճակին: Թատերախումբերու հիմնական առաջադրանքը դարձած է գոյատեւելը: Այսինքն` նիւթական ապահովել: Առանց հանդիսատեսի` այդ կարելի չէ, թէեւ տոմսերու վաճառքի հասոյթը հեռու է բաւարար ըլլալէ: Թատերախումբեր կ՛ուղղուին դէպի Արեւմուտքի մէջ փորձուած դիւրամատչելի, յաճախ ժամանակավրէպ կատակերգութիւններ: Ներկայ գործի դէպքերը տեղի կ՛ունենան բոլորովին տարբեր միջավայրի մէջ, գրեթէ դար մը առաջ: Այդ կարելի չէ հապճեպ փոխադրել մեր միջավայր, Ք. Լուտվիկը շպրտել Նոր Մարաշ` առանց կոպիտ սխալներու: Կը կորսուի «բան»-ը: Ելոյթները կը վերածուին տեսողական կրկէսի: Մենք այսպիսով կը պատրաստենք հանդիսատես, որ կը հաւատայ, թէ ա՛յդ է թատրոնը:
Երջանիկ պիտի ըլլամ, եթէ յաջորդ ելոյթները չարաչար ջրեն այս ցաւոտ հաստատումը:
4 յուլիս 2026
- Stratford-upon-Avon, ուր բախտը ունեցած եմ «Միջամառնային գիշերուան երազ»-ը դիտելու, Շէյքսփիրի ծննդավայրը չէ: Անոր ծնողքը նորածին Ուիլիըմի հետ շրջան մը այդտեղ մնացած են խճողուած Լոնտոնի համաճարակէն հեռանալու համար: Ոչ զարմանալիօրէն այժմ զբօսաշրջիկութեան եռուն վայր է:
