Հանդիսապետութեամբ Արամ Ա. կաթողիկոսին, դպրեվանքի 2025-2026 ուսումնական-կրթական տարեշրջանի ամավերջի հանդէսը կատարուեցաւ կիրակի, 21 յունիս 2026-ի երեկոյեան ժամը 7:00-ին, Պիքֆայայի Սուրբ Աստուածածին վանքի համանուն մատրան մօտ:
Դպրեվանքի քայլերգի յոտնկայս երգեցողութեամբ սկիզբ առաւ ամավերջի հանդէսին գեղարուեստական յայտագիրը:
Առաջին հերթին, աւարտական դասարանին անունով ուղերձ կարդաց նոյն օրը առաւօտուն աբեղայական ձեռնադրութիւն եւ օծում ստացած Նորայր աբղ. Պայտունեան: Ան գոհութիւն եւ փառք տուաւ Աստուծոյ, որ առատ ողորմութեամբ ու օրհնութեամբ զիրենք արժանացուց այս օրուան: Ան երախտագիտութիւն յայտնեց դպրեվանքի հիմնադիր սերունդին, որուն տեսլականին շնորհիւ` Եկեղեցին կը ծաւալէ ազգային եւ քրիստոնէական առաքելութիւն. «Հաւաքուած ենք արժեւորելու դպրեվանքի հիմնադիր սերունդին հարուստ աւանդն ու բազմաբեղուն վաստակը եւ վստահութեամբ ու նորոգ յոյսով նայելու այն ապագային, որ դպրեվանքը պիտի շարունակէ լուսաւորել մեր Եկեղեցւոյ եւ ազգին կեանքը»: Հայր սուրբը խօսեցաւ դպրեվանքին հոգեմտաւոր, ազգային եւ եկեղեցական դարբնոց ըլլալուն մասին` մէջբերելով Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին յատկանշական սահմանումը, «Դպրեվանքը սոսկ շէնք կամ հաստատութիւն չէ, այլ առաքելութիւն է, տեսիլք է եւ սերունդներ կերտող օճախ է: Դպրեվանքը համայն հայութեան բաբախող սիրտն է»: «Կ՛ուզեմ ընդգծել, որ թէեւ մենք այսօր հրաժեշտ կու տանք դպրեվանքին, այնուհանդերձ, ընդմիշտ կը մնանք դպրեվանեցի», ընդգծեց ան: Վերջապէս, ան աւարտական դասարանին անունով շնորհակալութիւն յայտնեց հայրապետին` աղօթք բարձրացնելով առ Աստուած, որ անոր երկար, երջանիկ եւ օրհնալից գահակալութիւն պարգեւէ: Շնորհակալութիւն յայտնեց նաեւ դպրեվանքի անցեալի եւ ներկայի տեսուչներուն, տեսչական կազմերուն, ուսուցիչներուն եւ ծնողներուն եւ ուխտեց. «Այս պահուն կ՛ուզենք արտայայտել մեր խոստումը, որ մեր ծառայութիւնը պիտի ըլլայ անսակարկ եւ անշահախնդիր, հեռու` ամէն տեսակ փառասիրութենէ: Մեր խոնարհ ծառայութիւնը պիտի ըլլայ այն պատասխանը, զոր պիտի տանք մեր ազգի ու Եկեղեցւոյ տագնապներուն ու մարտահրաւէրներուն: Մենք պիտի ըլլանք խաղաղութեան մշակներ եւ յոյսի ջահակիրներ` միշտ մնալով զաւակները մեր սիրելի դպրեվանքին»:
Յաջորդիւ, աւարտական դասարանէն Մինաս սրկ. Ճանսզեան դաշնամուրի վրայ ներկայացուց «Շուշիկի» կտորը, որմէ ետք դպրեվանքի «Արմաշ» երգչախումբը` Ազատ վրդ. Ֆիլիքեանի ղեկավարութեամբ, գեղեցկօրէն հնչեցուց «Յարեաւ Աստուածն հրաշապէս» մեղեդին: Երգչախումբը նաեւ երգեց «Փառք քեզի Տէր Աստուած մեր», «Ետեւէս եկուր», «Ալագեազ եւ խնկի ծառ», «Այգուն այգուն» երգերը, իսկ Դ. ժառանգաւորացէն Յովհաննէս կիս. Յովհաննէսեան մեներգեց «Շողեր ջան» երգը:
Խմբային ասմունքով հանդէս եկան Ա. եւ Բ. ընծայարանէն աշակերտներ` ներկայացնելով Թորգոմ պատրիարք Գուշակեանի «Զարթուցեալքս» ասմունքը, իսկ Ժագ Ս. Յակոբեանի «Տէր, ինչ շնորհ…»-ը ասմունքեցին Դ. ժառանգաւորացի աշակերտները: Ապա հայր Նորայր դաշնամուրի վրայ նուագեց Արամ Խաչատուրեանէն կտոր մը:
Դպրեվանքի 95-ամեակին առիթով Մինաս սարկաւագը կարդաց Սահակ Բ. երջանկայիշատակ կաթողիկոսին նամակը` Անթիլիասի մէջ հաստատուելիք հոգեւոր դպրոցին մասին: Այս ընթերցումը ո՛չ միայն վերյիշեցում մըն էր ազգին ճակատագրակից Հայ եկեղեցւոյ` Կիլիկիոյ Սուրբ Աթոռին վերականգնումին օտար ափերու մէջ` շարունակելու համար Ցեղասպանութենէն վերապրած հայոց հոգեւոր սնունդի մատակարարումը եւ հոգեւորականներու ու մտաւորականներու պատրաստութիւնը, այլեւ գէթ ներշնչում մը` դիմագրաւելու ներկայ մարտահրաւէրները, որոնք վտանգ կը հանդիսանան մեր եկեղեցական, հոգեւոր ու ազգային արժէքներուն: Նշենք, որ դպրեվանքի «Արմաշ» երգչախումբը երգով մը հանդէս եկաւ` նուիրուած դպրեվանքի 95-ամեակին` «Ձօն դպրեվանքին» խորագրեալ:
Գեղարուեստական յայտագրի աւարտին դպրեվանքի տեսուչ Պարոյր ծ. վրդ. Շէրնէզեան կարդաց տեսչական խօսքը` յայտնելով, որ սոյն հանդէսով կը լրանայ դպրեվանքի 95-րդ տարեդարձը: Այս առիթով ան փառք տուաւ Ամենախնամին, որ տարի մը եւս աստուածահաճոյ եւ ազգանուէր առաքելութեան լծուած այս նուիրական կրթօճախը Իր հոգածութեան տակ պահեց: Շարունակելով խօսքը` տեսուչ հայր սուրբը դիտել տուաւ, որ դպրեվանքի բացման եւ փակման հանդիսութիւններու պատրաստութեան ընթացքին, ան կը բանայ դպրեվանքի հիմնադրութեան էջերը, որպէսզի հոնկէ մեկնելով եւ հոնկէ բխող թելադրականութեամբ արժեւորէ ներկան: Ան նշեց, որ անկարելի է չտեսնել հոն, թէ ինչպէ՛ս մեր հայրերը, հակառակ դժոխքի դռները տեսնելնուն, ցուցաբերեցին դրախտը վերապրելու ու վերականգնելու աննկուն կամք ու անդուլ աշխատանք եւ ունեցան Հայ եկեղեցւոյ նուիրուած նոր բանակ կերտելու ոգին. «Այսօր այդ յարութեան ծիլը դարձած է 95 տարեկան կաղնի մը, որ ամէն տարի հայ ազգին ու Եկեղեցիին կու տայ սնունդ եւ մարդուժ կը մատակարարէ մեր համայնական կեանքին», հաստատեց ան:
Վերյիշեցնելով, որ դպրեվանքը Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան բաբախող սիրտը կը հանդիսանայ եւ համազգային առաքելութիւն կը տանի, հայր Պարոյր նշեց, որ անոր բարիքները կը վայելեն սփիւռքի եւ Հայաստանի մեր ժողովուրդի զանազան շրջանները, որովհետեւ դպրեվանքը կը պատրաստէ մեր ազգին ու Եկեղեցիին ծառայող անձինք: «Հակառակ այն իրողութեան որ այլասերող ու նահանջի տանող հոսանքները կը բազմանան մեր շուրջը, դպրեվանքը կը մնայ այն օրրանը, ուր ո՛չ միայն պատանիներ ու երիտասարդներ իրենց հոգեւոր ու ազգային կազմաւորման տունը կը գտնեն, այլեւ մեր հոգեւոր, ազգային ու եկեղեցական արժէքներով կ՛ապրին ու կը սնանին: Ահա թէ ինչո՛ւ, երբ մեր ժողովուրդի զաւակները նային դպրեվանքին, հոն եկեղեցական ու ազգային մարդուժի պատրաստութեան կեդրոն մը տեսնելու կողքին, ազգային ու հոգեւոր արժէքներու ձուլարան մը կը գտնեն», յայտնեց ան:
«Այս առումով, թոյլ տուէք, առաջին հերթին որդիական երախտապարտութիւնս արտայայտել նորին սրբութիւն վեհափառ հօր, որուն սէրը դպրեվանքին հանդէպ պարզ բառերով կարելի չէ նկարագրել: Վեհափառին ամէն չորեքշաբթի Պիքֆայա բարձրանալը, ընծայարանի բարձր կարգի սարկաւագներուն դասաւանդելը, դպրեվանքի տեսչութեան աշխատանքներուն յարատեւօրէն քաջալերական խորհուրդներ ու ներշնչում տալը կենդանի վկայութիւն են նորին սրբութեան դպրեվանքին հանդէպ ունեցած սիրոյն եւ նուիրուածութեան: Շնորհակալ ենք, վեհափառ տէ՛ր, որ ձեր կենդանի օրինակով մեզի կը սորվեցնէք այս նուիրական հաստատութիւնը սիրել եւ նուիրուիլ անոր սուրբ առաքելութեան», ըսաւ ան:
Անդրադառնալով դպրեվանքի գործունէութեան` հայր Պարոյր նշեց, որ անոր վախճանական նպատակը եկեղեցական կարգերու ձեռնադրութիւններն են եւ ուրախութեամբ յայտնեց, որ այս տարի եկեղեցական սպասարկութեան բանակին միացած են չորս դպիրներ, վեց կիսասարկաւագներ, երեք սարկաւագներ եւ երկու աբեղաներ: Շարունակելով իր խօսքը` ան ըսաւ, որ ուսմնակրթական տարեշրջանը այս տարի ազգին տուած է երկու փայլուն շրջանաւարտներ` Մինաս սրկ. Ճանսըզեան, որ իր ծառայութեան ուղին պիտի շարունակէ ամուսնացեալ քահանայութեան ճամբով, եւ Նորայր աբղ. Պայտունեան: Այս երկուքին կը միանայ Գ. Ընծայարանի աշակերտ Հրայր աբղ. Պայտունեան:
Տեսուչ հայր սուրբը խօսքը ուղղելով շրջանաւարտներուն` զանոնք խրատեց Յիսուս Քրիստոսի ծանր, սակայն քաղցր լուծը տանելու ուրախութեամբ եւ նուիրուածութեամբ, «որովհետեւ աշխարհի վրայ չկայ աւելի մեծ գոհունակութեան զգացում, քան Աստուծոյ եւ ժողովուրդի ծառայութենէն բխած խաղաղութիւնը: Թող ձեր մէջ ճառագայթեն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան դարաւոր պատմութիւնը եւ դպրեվանքի 95 տարիներու աւանդն ու վաստակը: Թող ձեզմով Եկեղեցին պայծառանայ եւ ազգը հպարտանայ: Բարի երթ` ձեր նոր առաքելութեան. մաճը ձեր ձեռքն է, հողն ու հասկը ձեզի կը սպասեն»:
Վերջապէս, հայր Պարոյր շնորհակալութեան խօսք արտասանեց տեսչական կազմի անդամներուն` Գէորգ վրդ. Գարակէօզեանին, Ազատ վրդ. Ֆիլիքեանին եւ Երուանդ-Սուրէն սրկ. Եղիայեանին, ընդհանուր հսկիչ Կարպիս Գապասագալեանի, Սուրբ Աստուածածին վանքի վանահայր Շնորհք ծ. վրդ. Աշըգեանին, դպրեվանքի ուսուցիչներուն, տիկնանց խորհուրդին եւ դպրեվանքի վեհ առաքելութեան գործնապէս հաւատացող եւ նիւթաբարոյական աջակցութիւն ու քաջալերանք ցուցաբերող բարերարներուն ու նուիրատուներուն: Ան իր խօսքը եզրափակեց` ըսելով. «Յարգա՛նք` բոլոր անոնց, որոնք քար առ քար բարձրացուցին այս հաւատքի բերդն ու կրթական աշտարակը, եւ երանի՜ անոնց, որոնք այս բերդն ու աշտարակը կենդանի ու կանգուն կը պահեն` ի փառս Աստուծոյ, ի պայծառութիւն Հայ եկեղեցւոյ եւ ի պանծացումն հայ ժողովուրդի»:
Վերջապէս, տեսուչ հայր սուրբը բեմ հրաւիրեց վեհափառ հայրապետը, որպէսզի կատարէ վկայականաց բաշխումը եւ ուղղէ իր հայրապետական պատգամը:
Հայրապետը երեք բառերու մէջ ամփոփեց հանդիսութեան խորհուրդը` գոհաբանութիւն, հաշուետուութիւն եւ գնահատանք: Առաջինին առումով, ան ընդգծեց, որ, բնականաբար գոհաբանութիւնը Աստուծոյ ուղղուած է, որովհետեւ Ան է մեր կեանքը գոյաւորողն ու առաջնորդողը. «Անցնող տարուան ընթացքին Աստուած, Իր օրհնաբեր ներկայութեամբ, դպրեվանքին կեանքն ու առաքելութիւնը առաջնորդեց: Առանց Աստուծոյ ներկայութեան, ինչպէս ոեւէ անհատ, որեւէ կառոյց, եւ այս պարագային` դպրեվանքը, պիտի կորսնցնէր իր առաքելութեան ճշմարիտ ճանապարհը: Փա՛ռք, հազա՜ր փառք Աստուծոյ, որ միշտ եղաւ մեզի հետ, դպրեվանքին հետ», յայտնեց ան:
Խօսելով հաշուետուութեան մասին` կաթողիկոսը նշեց Աստուծոյ տրուելիք հաշուետուութիւնը եւ ապա` Աստուծոյ ժողովուրդին` հայերուս պարագային հայ ժողովուրդին եւ Եկեղեցւոյ: Ան աւելցուց, որ հաշուետուութիւնը մեր կեանքին ամէնէն էական տարածքներէն մէկը պէտք է դառնայ. «Այսօր դպրեվանքը իր ժողովուրդին կը ներկայանայ հաշիւ տալու քաջութեամբ: Ինչ որ դպրեվանքը կը կատարէ, զայն կը կատարէ Աստուծոյ օրհնութեամբ` մեր Եկեղեցւոյ եւ ժողովուրդին համար»: Վեհափառը յայտնեց, որ հայերուս պարագային Եկեղեցին եւ ժողովուրդը իրարմէ տարբեր իրականութիւններ չեն, այլ Եկեղեցին մեր ժողովուրդին համայնական կեանքն է: «Հետեւաբար ձեռնադրութեան ճամբով մենք ձեռնադրեալը կ՛առաջնորդենք Աստուծոյ օրհնութեամբ մեր Եկեղեցւոյ ու ժողովուրդին ծառայելու: Ա՛յս է դպրեվանքին կոչումը` ի սպասաւորութիւն մեր Եկեղեցւոյ եւ ժողովուրդին», ընդգծեց ան` աւելցնելով. «Դպրեվանքին մէջ միայն գիտութիւն չենք ջամբեր, այլեւ մա՛րդ կը պատրաստենք. այնպիսի մարդ, որ իր կոչումին գիտակցութիւնը ունենայ, հաւատքով եւ գիտութեամբ լեցուած ըլլայ, որպէսզի արժանաւոր կերպով, գիտակից եւ բարձրագոյն աստիճանի պատասխանատուութեամբ ու յանձնառութեամբ երթայ մեր ժողովուրդին ծառայելու»:
Շարունակելով մանրամասնել դպրեվանքի առաքելութիւնը` հայրապետը շեշտը դրաւ մարդ պատրաստելուն եւ մարդու որակին վրայ, որ իր մէջ կը պարփակէ հաւատքի նուիրում, յանձնառութիւն եւ ինքնազոհողութիւն: Ան աւելցուց, որ կրթական կառոյցներու վկայականներէն տարբեր է դպրեվանքին տուած վկայականը, որովհետեւ հոնկէ աւարտողը, ուսումնակրթական ծրագիրը յաջողութեամբ աւարտած ըլլալու կողքին, կը ստանայ ամէնէն մեծ վկայականը` որպէս Մա՛րդ պատրաստուած ըլլալու վկայականը:
Վերջապէս, խօսելով գնահատանքին մասին, Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը իր բարձր գնահատանքը յայտեց դպրեվանքի առաքելութեան ծաւալման ներդրում ունեցող մեր ժողովուրդի զաւակներուն, որոնք մասնակից են դպրեվանքին առաքելութեան: Ան բարձրօրէն գնահատեց` դպրեվանքի տեսուչն ու տեսչութեան անդամները, ուսուցիչները, յարակից բոլոր յանձնախումբերը, բարերարներն ու բարեկամները:
Հայրապետը խօսքը եզրափակեց` ընդգծելով. «Մենք պիտի շարունակենք դպրեվանքի առաքելութիւնը, Մա՛րդ պատրաստելու առաքելութիւնը, որովհետեւ այսօ՛ր, որեւէ ժամանակէ աւելի, կարիքը ունինք Մարդո՛ւ»:
Դպրեվանքի 2025-2026 ուսումնական-կրթական տարեշրջանի ամավերջի հանդէսը իր աւարտին հասաւ «Կիլիկիա» օրհներգով:
Նշենք, որ ներկաները ստացան դպրեվանքի «Գլաձոր» տարեգիրքը` նուիրուած դպրեվանքի հիմնադրութեան 95-ամեակին` հայր Գէորգ Գարակէօզեանի խմբագրութեամբ եւ նախկին դպրեվանեցի տէր եւ տիկին Սարգիս եւ Նունէ Սեփեթճեաններու ազնիւ մեկենասութեամբ:


