Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ազրպէյճան Ներթափանցումի Փորձ Կը Կատարէ Արցախի Ուղղութեամբ

June 7, 2012
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Լեռնային Ղարաբաղի բանակի մամլոյ ծառայութիւնը երէկ յայտնեց, որ 5-6 յունիսի լուսցող գիշերը,  ղարաբաղեան-ազրպէյճանական հակամարտ զօրքերու շփման գիծի հարաւային հատուածին մէջ (Հորատիզի ուղղութեամբ) հակառակորդի հետախուզական խումբի մը կողմէ ձեռնարկուած է Լեռնային Ղարաբաղի բանակի մարտական դիրքերէն մէկը ներթափանցելու հերթական փորձ:

Ղարաբաղեան ուժերու յառաջապահ ստորաբաժանումները, ժամանակին նկատելով դարանակալ հակառակորդի նախայարձակ գործողութիւնը, դիմած են պաշտպանական մարտի եւ վերջինս շպրտած են իր ելման դիրքերը: Ծաւալած փոխադարձ հրացանաձգութեան իբրեւ արդիւնք հակառակորդը ստացած է նշանակալի կորուստներ:

Պաշտպանական մարտերու ընթացքին կորուստներ ունեցած է նաեւ հայկական կողմը: Ազրպէյճանական հետախուզական խումբի վնասազերծման գործողութեան ժամանակ զոհուած է կրտսեր տասնապետ Վարդան Օհանեան, վիրաւորուած են շարքային զինուորներ Արայիկ Մաւրէեան եւ Վոլոտիա Ծատրեան:

Հարկ է նշել, որ միայն յունիս ամսուան ընթացքին ասիկա ազրպէյճանական բանակին կողմէ հայ-ազրպէյճանական եւ ղարաբաղեան-ազրպէյճանական սահմանահատուածներուն մէջ իրականացուած 4-րդ հետախուզական գործողութեան փորձն է, որ հիմք  կու տայ ենթադրելու, որ պաշտօնական Պաքուն ոչ միայն հակուած չէ տագնապի խաղաղ լուծման հոլովոյթին հաղորդել կառուցողական բնոյթ եւ նպաստել միջազգային կառոյցներուն կողմէ գործադրուող ջանքերու արդիւնաւէտութեան բարձրացման, այլեւ ամէն ինչ կ՛ընէ`շրջանին մէջ հաստատուած սթաթիւս քոն փոխելու համար:

Ազրպէյճանի ղեկավարութիւնը եւ անոր զինեալ ուժերու հրամանատարութիւնը այդպէս ալ չեն գիտակցիր, որ իրենց ընտրած նախայարձակումի մարտավարութիւնը ոչ միայն արդիւնաւէտ չէ, այլեւ զայն շարունակելու պարագային անիկա կրնայ յանգեցնել Ազրպէյճանի համար անկանխատեսելի հետեւանքներու:

 

 

Նախորդը

Մինչ Արսալի Մէջ Ապահովական Խախտումներ Կ՛Արձանագրուին, Կառավարութեան Այսօրուան Նիստէն Շատ Բան Կ՛ակնկալուի

Յաջորդը

«Հիւրրիյէթ Տէյլի Նիուզ» Կը Գրէ. Թուրքիան Մերժած Է Հայաստանի Հետ Յարաբերութիւնները Կարգաւորելու Միացեալ Նահանգներու Կոչը

RelatedPosts

Հրապարակուեցաւ Հայաստանի  Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը
Գլխաւոր լուրեր

Հրապարակուեցաւ Հայաստանի Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը

November 24, 2026
Թրամփի Ուղերձը՝ ԹՐԻՓՓ-ի Գործնական Փուլի Պաշտօնական Մեկնարկումին Առիթով
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփի Ուղերձը՝ ԹՐԻՓՓ-ի Գործնական Փուլի Պաշտօնական Մեկնարկումին Առիթով

November 24, 2026
Վատեֆուլ. «Եթէ Հայաստանն Ու Ազրպէյճանը  Յաջողին Խաղաղութեան Պայմանագիր Կնքել,  Ատիկա Պիտի Կայունացնէ Շրջանը.  Ատկէ Պիտի Շահինք Նաեւ Մենք` Եւրոպայի Մէջ»
Գլխաւոր լուրեր

Վատեֆուլ. «Եթէ Հայաստանն Ու Ազրպէյճանը Յաջողին Խաղաղութեան Պայմանագիր Կնքել, Ատիկա Պիտի Կայունացնէ Շրջանը. Ատկէ Պիտի Շահինք Նաեւ Մենք` Եւրոպայի Մէջ»

November 21, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.