. ԻՍՐԱՅԷԼԱՑԻ երեք պաշտօնատարներ «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութեան. «Իսրայէլն ու Լիբանանը կը քննարկեն ամերիկեան զօրակցութիւն վայելող փորձառական ծրագիր մը, որուն հիմամբ իսրայէլեան ուժերը հարաւային Լիբանանի մէջ կարգ մը հողեր պիտի յանձնեն լիբանանեան բանակին»:
«Լիբանանեան բանակը ամերիկեան մարզումի եւ ապահովական քննութեան պիտի ենթարկուի», աւելցուցած են պաշտօնատարները:
. ԻՍՐԱՅԷԼԵԱՆ «Մաարիւ» օրաթերթին համաձայն, Իսրայէլ-Լիբանան բանակցութիւնները կը կեդրոնանան «փորձառական շրջաններու»-ն վերաբերեալ մանրամասն փոխըմբռնումներու գոյացման փորձին վրայ:
. ԱՂԲԻՒՐՆԵՐ «Ուոլ Սթրիթ Ճըռնըլ»-ին. «Իսրայէլի վրայ իր ուժերը հարաւային Լիբանանէն հեռացնելու ամերիկեան ճնշումներ կան»:
. ԻՍՐԱՅԷԼԻ պաշտպանութեան նախարար Իսրայէլ Քաց. «Հարաւային Լիբանանէն պիտի չհեռանանք, նոյնիսկ եթէ Միացեալ Նահանգներ այդ պահանջեն»:
ՊՔԵՐՔԷԻ աղբիւրները «Տիար» օրաթերթին. «Ռայի պատրիարքը կը մերժէ որեւէ ամերիկեան-իրանեան փոխըմբռնում, որ չի յարգեր Լիբանանի գերիշխանութիւնը, եւ անոր կարծիքով` որեւէ միջազգային կամ շրջանային մերձեցում պէտք է յարգէ Լիբանանի սահմանադրութիւնն ու միջազգային օրինականութեան որոշումները: Ռայի պատրիարքը նաեւ կը մերժէ որեւէ դերակատարութիւն, որ ոչ օրինական զինուորական կողմի մը ազդեցութիւնը կ՛ամրագրէ»:
. ԲԱՆԱԿՑՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒՆ առնչակից աղբիւր մը «Ասաս Միտիա»-ին. «Հարաւային Լիբանանի կացութեան վերաբերեալ բոլոր դասաւորումներու վայրը Ուաշինկթընի բանակցութիւններն են, անոնց քաղաքական ու ապահովական ճիւղերով, մանաւանդ որ իսրայէլացին բանակցութիւններու սեղանին ներկայ է, եւ լիբանանեան առաջարկներուն պատասխանելու առնչակից»:
. ԱՂԲԻՒՐՆԵՐ «Տիար» օրաթերթին. «Լիբանանը փորձառական շրջաններու հարցին մէջ նեղ կացութեան մատնուած է, որովհետեւ Ուաշինկթըն որդեգրեց այդ առնչութեամբ իսրայէլեան պահանջները: Հաղորդուեցաւ, որ Թել Աւիւ լիբանանեան բանակի Ալի Թահերի շրջան ու մերձակայք մուտք գործելով շրջանը մաքրելու գաղափարը կ՛առաջարկէ` ջանալով բանակին ու Հըզպալլայի միջեւ ներքին խնդիր ստեղծել»:
. ԶԻՆՈՒՈՐԱԿԱՆ աղբիւրներ իսրայէլեան «Հաարեց» օրաթերթին. «Իսրայէլեան բանակը տակաւին հարաւային Լիբանանի մէջ իր կանգ առած գիծէն նահանջելու հրաման մը չստացաւ»:
. ԼԱՒԱՏԵՂԵԱԿ աղբիւրներ «Ասաս Միտիա»-ին. «Կը սպասուի, որ Իրանի արտաքին գործոց նախարարի Լիբանան այցելութիւնը կրնայ նախագահ Աունի արտերկիր, ներառեալ Քաթար եւ Սէուտական Արաբիա այցելութենէն առաջ տեղի ունենալ: Ծանօթ է, որ Արաղչին 15 յուլիսին հեռաձայնած էր Աունին»:
. ԱՂԲԻՒՐՆԵՐ «Նիտա Ուաթան» օրաթերթին. «Խորհրդարանի նախագահ Պըրրի Ուաշինկթընի հետ կապ հաստատեց` Սուր, Զահրանի եւ Սայտա գաւառները զանց կացուցելու համար: Ան հանդիպում ունեցաւ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Միշել Իսայի հետ, եւ Պըրրի փորձեց հարաւային Լիբանանի բնակիչներուն կրած վնասները դադրեցնել, որովհետեւ Պընթ Ժպէյլ, Մարժաայուն եւ Նապաթիէ գաւառներուն կրած կորուստները բաւ են»:
. ՍՊԻՏԱԿ տան մօտիկ աղբիւրներ «Նիտա Ուաթան» օրաթերթին. «Թրամփի անկեղծ գնահատումը, թէ Լիբանանը «փոքր մանրամասնութիւն մըն է, սակայն մեծ աղմուկ կը հանէ», արդիւնքներու բացակայութեան նկատմամբ անոր համբերութեան սպառումը կ՛արտացոլէ, իսկ Նեթանիահուի Հըզպալլան զինուորական առումով դիմակայելու դանդաղ մօտեցման նկատմամբ անոր հանրային հիասթափութիւնը մեծցուցած է յառաջընթացի ճնշումը»:
. ԶԻՆՈՒՈՐԱԿԱՆ աղբիւր մը «Նաշրա»-ին կը յայտնէ, որ Աուքարի մէջ ամերիկեան դեսպանատան մերձակայքին մէջ լիբանանեան բանակի անցարգելի մը վրայ գտնուող զինուորները օդը կրակած են, երբ ինքնաշարժ մը կանգ չէ առած անցարգելին վրայ, եւ ի յայտ եկած է, թէ ինքնաշարժին մէջ կան երկու սուրիացիներ, որոնք փաստաթուղթեր չունին:


