Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ֆրանսացի Նախարարն Ու Լիբանանի Մէջ Ֆրանսայի Դեսպանը Այցելեցին ԼՕԽ-ի «Արաքսի Պուլղուրճեան» Ընկերաբժշկական Կեդրոն Եւ Բարձր Գնահատեցին Մատուցուող Ծառայողական Աշխատանքը

June 25, 2026
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Վերջերս Լիբանան այցելեցին միջազգային տարբեր պատուիրակութիւններ, որոնք եկան մօտէն ծանօթանալու Լիբանանի իրավիճակին` վերջին իրադարձութիւններու լոյսին տակ: Այս ծիրին մէջ միջազգային գործընկերութիւններու, ֆրանսախօս երկիրներու եւ արտերկրի մէջ բնակող ֆրանսացիներու նախարար Էլէոնոր Քարուա եւ Լիբանանի մէջ Ֆրանսայի դեսպան Էրվէ Մակրօ, ընկերակցութեամբ «Ամել միջազգային միութեան» գործադիր տնօրէն դոկտ. Ահմետ Ապպուտի, «Ֆրանսական բարգաւաճման կազմակերպութեան» (AFD) ներկայացուցիչ Ռուպա Խաթիպի «Միջազգային առաջին շտապ օգնութեան» (Première Urgence Internationale -PUI) ներկայացուցիչ Քեւըն Շարպելի հինգշաբթի, 18 յունիս 2026-ի յետմիջօրէին այցելեցին նաեւ ԼՕԽ-ի «Արաքսի Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոն:

Պատուիրակութիւնը դիմաւորուեցաւ ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան ատենապետ` Թալին Ուրիշեանի, կեդրոնի տնօրէն Նազելի Աւագեանին, կեդրոնի յանձնախումբի ատենապետ` տոքթ. Գրիգոր Էճիտեանի եւ բժշկական անձնակազմին կողմէ:

Այցելութիւնը կը միտէր լուսարձակի տակ առնել վերոյիշեալ միջազգային կազմակերպութիւններուն 2020 թուականէն ի վեր ԼՕԽ-ի «Արաքսի Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոնին հետ ունեցած սերտ յարաբերութիւնը, որուն շնորհիւ անցնող վեց տարիներուն կարելի եղաւ բազմահազար պարագաներու զանազան բժշկական ծառայութիւններ մատուցել:

Պատուիրակութիւնը ԼՕԽ-ի «Ա. Պուլղուճեան» կեդրոնի չորս յարկերուն վրայ մօտէն ծանօթացաւ կեդրոնի բաժանմունքներուն, ուր իւրաքանչիւր մասնագիտութեան պատասխանատու ընդհանուր գիծերու մէջ ներկայացուց ցուցաբերուող բժշկական թէ ընկերային ծառայութիւնները:

Ապա կեդրոնի «Թնճուկեան» սրահին մէջ կատարուեցաւ յատուկ ընդունելութիւն, որուն ընթացքին կեդրոնի տնօրէն Նազելի Աւագեան արաբերէնով բարի գալուստ մաղթեց ներկաներուն: Ան հակիրճ կերպով ներկայացուց կեդրոնին մէջ տարուող աշխատանքին եւ մատուցուող ծառայութեանց հիմնական մարզերն ու արդիւնքները: Ան շնորհակալութիւն յայտնեց 2020-էն ի վեր, գլխաւորաբար` «Ամել միջազգային միութեան» միջնորդութեամբ, ԼՕԽ-ի «Արաքսի Պուլղուրճեան» կեդրոնին ցուցաբերուող ֆրանսական զօրակցութեան եւ ընկերային թէ դեղորայքի օժանդակութեան համար, որմէ կ՛օգտուին հիմնականին մէջ Պուրճ Համուտի հազարաւոր բնակիչներ` առանց որեւէ խտրութեան:

«1987-ին հիմնուած այս կեդրոնը իր 40-ամեակի սեմին կու գայ գոհունակութեամբ նշելու անցեալի գործունէութիւնը` պատրաստակամութիւն յայտնելով նոյն թափով շարունակելու իր ծառայութիւնները», ընդգծեց Աւագեան` նշելով, որ անցնող վեց տարիներուն «Միջազգային առաջին շտապ օգնութիւն» (PUI) եւ ապա «Ամել միջազգային միութիւնը» եղան այս կեդրոնի մատուցած ծառայութիւններու հայթայթման հիմնասիւները, որոնց իբրեւ արգասիք` աւելի քան չորս հազար կարիքաւոր ստացաւ ամսական բարեսիրական օժանդակութիւն եւ ընկերային հոգատարութիւն»: Աւագեան նոյնպէս բարձր գնահատեց ու շնորհակալութիւն յայտնեց «Ֆրանսական բարգաւաճման կազմակերպութեան» (AFD), որ նոյնքան կարեւոր ներդրում ունեցած է կեդրոնի մատուցած բարեսիրական մարդկային ծառայութեանց արդիւնաւէտութեան մէջ:

Ապա խօսք առաւ նախարար Էլէոնոր Քարուա, որ ֆրանսերէնով ողջունեց ներկաները` բարձր գնահատելով կեդրոնէն ներս տարուող աշխատանքը: Ան վերահաստատեց Ֆրանսայի զօրակցութիւնն ու հոգածութիւնը Լիբանանի եւ անոր բարեսիրական կառոյցներու ծառայողական գործունէութեան նկատմամբ: Ան այս առթիւ դրուատեց Ֆրանսայի հետ միջազգային գործընկերներուն միջեւ տիրող համերաշխ գործակցութիւնը գծելով այս բաժնեկցութեան օգտաշատ ազդեցութիւնն ու բարեփոխման արձագանգը նպաստընկալ շրջանակներու մօտ:  Նմանապէս պատուիրակութեան այլ անդամներ, ինչպէս` դոկտ. Ահմետ Ապպուտ, Քեւըն Շարպել եւ ուրիշներ, արաբերէն թէ ֆրանսերէն լեզուներով անդրադարձան տարուող բարեսիրական աշխատանքի ընդհանուր ծիրին մէջ իրենց  գործունէութեան ներդրումին, իրենց գոհունակութիւնը արտայայտելով տարուող աշխատանքներուն եւ դրուատելով ու բարձր գնահատելով կեդրոնէն ներս ցուցաբերուող ընկերային, բարեսիրական  ծառայութիւնները:

Այս առթիւ «Ազդակ» կարճ զրոյցներ ունեցաւ ներկայ հիւրերուն հետ` անոնց կարծիքն ու տպաւորութիւնը շօշափելու տարուող աշխատանքներուն վերաբերեալ: Ֆրանսայի դեսպան Էրվէ Մակրօ խանդավառութեամբ դրուատեց տարուող աշխատանքները` ընդգծելով, որ իր յարաբերութիւնները Լիբանանի եւ լիբանանահայութեան ներկայացուցիչներուն հետ կը յատկանշուին բարեկամութեան եւ փոխադարձ գործակցութեան տրամադրութեամբ: Դեսպան Մակրօ, որ մօտերս պիտի վերադառնայ Ֆրանսա եւ զինք փոխարինէ նոր դեսպանը, դրական ու արդիւնաւէտ որակեց կեդրոնին ցուցաբերած ծառայութիւնները:

Իր կարգին, նախարար Էլէոնոր Քարուա խիստ բարձր գնահատեց կեդրոնին մէջ տարուող աշխատանքները, ան իր հիացմունքը արտայայտեց լիբանանահայութեան ու առհասարակ լիբանանցիներու գոյատեւման ու դժուարութեանց դէմ տոկալու ուժեղ կամքին համար: Ան յատկապէս ընդգծեց շուրջ չորս հազար նպաստընկալ կարիքաւորներու ցուցաբերուող ու տրամադրուող բժշկական թէ ընկերային ծառայութիւնները, անխտիր բոլորին, առանց դաւանական, քաղաքական թէ գաղափարական խտրութեան: Այս ծիրին մէջ նախարար Քարուա ընդգծեց տրամադրուող ֆրանսական օժանդակութեանց շարունակման կարեւորութիւնը` նշելով, որ ինք կ՛ուզէ տեսնել Լիբանանի գերիշխանութեան ամրագրումը:

Իր կարգին, ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Ալպեր Պալապանեան բարձր գնահատեց ԼՕԽ-ի «Ա. Պուլղուրճեան» կեդրոնին մէջ տարուող աշխատանքներն ու շրջանի, յատկապէս Պուրճ Համուտի կարիքաւորներուն օժանդակելու կեդրոնի ծառայութիւնները: Պալապանեան յաջողութիւն մաղթեց կեդրոնի անձնակազմին` ակնկալելով նորանոր իրագործումներ ի սպաս ժողովուրդի անխտիր բոլոր կարիքաւորներուն: Ան շնորհակալութիւն յայտնեց Ֆրանսային եւ առնչակից բարեսիրական կազմակերպութիւններուն` իրենց  ցուցաբերած անշահախնդիր զօրակցութեան եւ օժանդակութեան համար:

Նմանապէս, Պուրճ Համուտի քաղաքապետութեան ներկայացուցիչ Ճորճ Գրիգորեան դրուատեց կեդրոնին մէջ տարուող աշխատանքները: «Խնդիրը կամ կարեւորը, արժէքաւորը այս գործակցութիւնը ապահովելն է` քաջ գիտակցելով, որ ԼՕԽ-ը եւ կեդրոնի տնօրէնութիւնը տարիներ շարունակ այս գործակցութեան միջոցով որքան նեցուկ ապահոված է ընդհանուր շրջանին եւ բնակչութեան, ոչ միայն հայերուն, այլ` բոլորին անխտիր»: Գրիգորեան յաջողութիւն եւ յարատեւութիւն մաղթեց կեդրոնին ու անոր գործունէութեան:

Իսկ կեդրոնի յանձնախումբի ատենապետ տոքթ. Գրիգոր Էճիտեան, գնահատելով հանդերձ տարուող գործունէութիւնը, դիտել տուաւ, որ այս գծով փոխադարձ աշխատանք կ՛ակնկալուի: Տոքթ. Էճիտեան համոզում յայտնեց, որ այս զօրակցութիւնը կը շարունակուի: Ան յաջողութիւն մաղթեց կեդրոնի աշխատանքներուն` նորանոր իրագործումներու ակնկալութեամբ:

Նախորդը

Գաղութէ-Գաղութ

Յաջորդը

Միջազգային Համալսարանի (IU) Պաշտօնական Բացման Ակադեմական Ձեռնարկը` Պէյրութի Սալումի Շրջանին Մէջ

RelatedPosts

Լիւսի Թիւթիւնճեանի Նուիրուած «ԼիաԼուսին» Հատորի Շնորհահանդէս
Գաղութային

Լիւսի Թիւթիւնճեանի Նուիրուած «ԼիաԼուսին» Հատորի Շնորհահանդէս

September 25, 2026
Մուսա Լերան Հերոսամարտի 111-Ամեակին Եւ Այնճարի Հիմնադրութեան 87-Ամեակին Առիթով Ս. Պատարագ
Գաղութային

Մուսա Լերան Հերոսամարտի 111-Ամեակին Եւ Այնճարի Հիմնադրութեան 87-Ամեակին Առիթով Ս. Պատարագ

September 25, 2026
ԼՕԽ-ի «Աղթամար» Մասնաճիւղի Տոհմիկ Երեկոն Մուսա Լերան Խրոխտ Ու Հարազատ Մթնոլորտը Կենդանացուց Այնճարի Մէջ
Գաղութային

ԼՕԽ-ի «Աղթամար» Մասնաճիւղի Տոհմիկ Երեկոն Մուսա Լերան Խրոխտ Ու Հարազատ Մթնոլորտը Կենդանացուց Այնճարի Մէջ

September 25, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.