Պատրաստեց՝ ՄԱՐԻՆԱ ՀԱՄԱՄՃԵԱՆ
Հրապարակուեցաւ Աւօ Գաթրճեանի «Սուրիահայ Պարբերական Մամուլի Մատենագիտութիւն (1912-2026)» Մենագրութիւնը
Արեւելագիտութեան հիմնարկի Գիտական խորհուրդին որոշումով եւ Հայագիտական ուսումնասիրութիւնները ֆինանսաւորող համահայկական հիմնադրամի դրամաշնորհով հրատարակուած է սուրիահայ մտաւորական եւ հետազօտող Աւօ Գաթրճեանի «Սուրիահայ պարբերական մամուլի մատենագիտութիւն (1912-2026)» մենագրութիւնը, որ հեղինակին տարիներու տքնաջան աշխատանքին արդիւնքն է:
Մենագրութեան խմբագիրն է Հայաստանի Գիտութիւններու ազգային ակադեմիայի թղթակից անդամ, փրոֆ. Ալպերթ Խառատեան, պատասխանատու խմբագիրը` դոցենտ Արաքս Փաշայեան:
Գիրքը ունի կարեւոր գիտական, քաղաքական եւ մատենագիտական արժէք: Անոր մէջ ներառուած են 228 թերթ եւ պարբերական, որոնցմէ 111-ը մոռացութենէ փրկուած ու գիտական շրջանառութեան մէջ դրուած են հեղինակին կողմէ: Գիրքը մեծ ներդրում է ոչ միայն սուրիահայ համայնքի ու հայկական սփիւռքի մտաւոր կեանքի, այլ նաեւ` հայ մամուլի պատմութեան ուսումնասիրութեան տեսանկիւնէն:
Աւօ Գաթրճեանի «Սուրիահայ պարբերական մամուլի մատենագիտութիւն (1912-2026)» աշխատութիւնը մատենագիտական կարեւորագոյն նշանակութիւն ունի եւ ի յայտ կը բերէ սուրիահայ համայնքի ազգային, ընկերային, հասարակական-քաղաքական ու մշակութային կեանքին առնչուող կարեւորագոյն իրողութիւնները, առանց որոնց` անհնար է պատկերացում կազմել Սուրիոյ հայ համայնքի պատմութեան փոխակերպումներուն, հայկական ինքնութեան եւ հայապահպանման խնդիրներուն մասին:
Գիրքը պատկերազարդ է, կը պարունակէ հրատարակութիւններու, այդ կարգին` թերթերու եւ հանդէսներու վերաբերեալ գրեթէ բոլոր հիմնական տեղեկութիւնները: Ներկայ աշխատանքը հեղինակին տասնեակ տարիներ տեւած հետազօտութեան եւ դաշտային աշխատանքին արդիւնքն է, որ կատարուած է հեղինակի տրամադրութեան տակ գտնուող փաստական նիւթերուն, ինչպէս նաեւ` Սուրիոյ, Լիբանանի եւ Հայաստանի Հանրապետութեան տարբեր գրադարաններուն ու արխիւներուն մէջ իրականացուած ուսումնասիրութիւններուն հիման վրայ, ներառեալ` սուրիական պատերազմի (2011-էն մինչեւ օրս) շրջանին:
Մատենագիտական տեղեկատուն նպատակ ունի լոյս սփռել սուրիահայ պարբերական մամուլի սկզբնաւորման, հետագայ զարգացման եւ մամուլի բովանդակային հարցերուն վրայ. այլ խօսքով` թուղթին ու պատմութեան յանձնել սուրիահայ մամուլի թէ՛ յայտնի եւ թէ՛ անյայտ էջերը` ցոյց տալով պարբերականներու ներքին խոհանոցը` թերթի կամ հանդէսի աշխատանքային գործընթացը սկիզբէն մինչեւ վերջ, հանդէսի կամ թերթի սեփականատիրոջմէն մինչեւ խմբագիրներ, թղթակիցներ, յօդուածագիրներ, աշխատակազմեր (վարչականներ, գրաշարներ, սրբագրիչներ, էջադրողներ, առաքիչներ եւ այլն):
Տեղեկատուն, ներկայացնելով տուեալ թերթը կամ հանդէսը, փաստօրէն կը ներկայացնէ գործընթացի ամբողջ շղթան եւ մամուլի դրութիւնը իր բոլոր մանրամասնութիւններով, որոնք ժամանակի ընթացքին, բնականաբար, բազմաթիւ փոխակերպումներու ենթարկուած են:
Տեղեկատուին նպատակն է ցոյց տալ հայ մամուլի կեանքը Սուրիոյ մէջ` արաբական-իսլամական միջավայրին մէջ` իբրեւ կենդանի օրկանիզմ: Սուրիահայ պարբերական մամուլի ներկայ մատենագիտութեան հեղինակը, հիմնուելով նախորդ ուսումնասիրութիւններուն վրայ, իր հերթին ստեղծած է կարեւոր հենք մը, որ պիտի նպաստէ այս բնագաւառէն ներս հետագայ հետազօտութիւններու իրականացման եւ նոր ուսումնասիրութիւններու զարգացման:
Կաթողիկոսը «Save Armenia»-ի Ներկայացուցիչներուն Հետ Քննեց Հայ Գերիներուն Եւ Արցախի Ժառանգութեան Պահպանման Հարցերը
Յունիս 17-ին Սուրբ Էջմիածինի մէջ Ամենայն Հայոց Գարեգին Բ. կաթողիկոս ընդունեց «Save Armenia» կազմակերպութեան պատուիրակութիւնը` գլխաւորութեամբ գործադիր տնօրէն դոկտոր Փոլ Միւրէյի: Այս մասին կը յայտնեն Մայր Աթոռէն:
Վեհափառը իր օրհնութիւնն ու գնահատանքը յայտնեց պատուիրակութեան անդամներուն` մարդու իրաւունքներու պաշտպանութեան, կրօնական ազատութեան եւ ժողովուրդներու միջեւ երկխօսութեան խթանման ուղղութեամբ իրականացուող նախաձեռնութիւններուն համար: Գարեգին Բ. գոհունակութեամբ անդրադարձաւ կազմակերպութեան կողմէ գործադրուող ջանքերուն` ի նպաստ Հայաստանին եւ հայ ժողովուրդին վերաբերող հիմնահարցերու բարձրաձայնման եւ միջազգային հարթակներու վրայ անոնց պատշաճ ներկայացման ուղղութեամբ, յատկապէս` Հայաստանի համար դժուար ժամանակներուն:
Հանդիպման ընթացքին կաթողիկոսը անդրադարձ կատարեց` Եկեղեցի-պետութիւն յարաբերութիւններու ներկայ իրավիճակին, բռնի տեղահանուած արցախահայութեան իրաւունքներու պաշտպանութեան, Ազրպէյճանի մէջ ապօրինաբար պահուող հայ գերիներու ազատ արձակման, ինչպէս նաեւ` Արցախի հայկական հոգեւոր եւ մշակութային ժառանգութեան պահպանութեան խնդիրներուն:
Խօսելով Հայ առաքելական եկեղեցւոյ հոգեւոր, կրթադաստիարակչական եւ ազգապահպան առաքելութեան մասին` կաթողիկոսը ընդգծեց, որ Եկեղեցին իր ծառայութիւնը կը կատարէ ի խնդիր հայորդիներու հոգեւոր կեանքի զօրացման, ազգային միասնութեան ամրապնդման եւ հասարակական կեանքին մէջ հոգեւոր-բարոյական արժէքներու հաստատման:
Միւրէյ ներկայացուց պատուիրակութեան այցելութեան նպատակը եւ վերահաստատեց կազմակերպութեան պատրաստակամութիւնը` զօրակցելու Հայ եկեղեցւոյ ու հայ ժողովուրդին եւ ըստ ամենայնի նպաստելու Հայաստանի առջեւ ծառացած մարտահրաւէրներու յաղթահարման:
Զրոյցին ընթացքին անդրադարձ կատարուեցաւ նաեւ տարածաշրջանին մէջ խաղաղութեան հաստատման գործընթացներուն, ընդգծուեցաւ, որ մնայուն խաղաղութիւնը պէտք է խարսխուած ըլլայ արդարութեան, ժողովուրդներու իրաւունքներու յարգման եւ արժանապատիւ համակեցութեան սկզբունքներուն վրայ:
Ռուբէն Վարդանեանին Կինը Նոր Նախաձեռնութեան Կը Դիմէ` Կազմակերպել Կիներու Միջազգային Մարդասիրական Պատուիրակութեան Այցելութիւն Պաքու
Ապօրինաբար Պաքուի բանտը գտնուող Արցախի պետական նախարար Ռուբէն Վարդանեանի կինը` Վերոնիքա Զոնապենտը, յայտարարեց նոր մարդասիրական նախաձեռնութեան մը մասին, որուն ծիրին մէջ մտադիր է կազմակերպել կիներու միջազգային մարդասիրական պատուիրակութեան մը այցելութիւնը Պաքու:
Նամակին մէջ ան կը նշէ, որ 2023-ի սեպտեմբերէն ի վեր ամուսինը ապօրինի կերպով կը պահուի Ազրպէյճանի մէջ` զրկուելով իր ընտանիքէն, հարազատներէն եւ նոր ծնած թոռնիկները գրկելու կարելիութենէն:
«Ես այս մէկը կը գրեմ` իբրեւ Ռուբէն Վարդանեանի կին, իբրեւ մայր, իբրեւ մեծ մայր եւ իբրեւ մարդ, որ այլեւս չի կրնար լուռ սպասել` հետեւելով տարբեր կառոյցներու բացատրութիւններուն, թէ ինչո՛ւ չեն կրնար գործել, կամ ինչո՛ւ պէտք չէ գործեն:
«Խօսքը միայն Ռուբէնի մասին չէ: Յաւելեալ 18 հայեր կը մնան ազրպէյճանական կալանքի տակ: Անոնցմէ ոմանք վեց տարիէ ի վեր չեն տեսած իրենց հարազատները, նամակներ չեն ստացած, չեն լսած անոնց ձայնը, կամ իրենց ձեռքերուն մէջ չեն պահած իրենց զաւակներուն ու թոռներուն լուսանկարները:
«Իրենց ընտանիքներուն համար անոնք «օրակարգային հարց», «քաղաքական հարց» կամ «բարդ դիւանագիտական խնդիր» չեն: Անոնք ամուսիններ են, հայրեր, մեծ հայրեր, որդիներ եւ եղբայրներ: Անոնց միակ «մեղքը» այն է, որ ուզած են ապրիլ իրենց նախնիներու հողին վրայ, խօսիլ իրենց մայրենի լեզուով եւ պահպանել իրենց մշակոյթը: Այսօր յաճախ կը թուի, թէ անոնց ճակատագիրը իրականութեան մէջ քիչեր կը յուզէ` բացի իրենց ընտանիքներէն», գրուած է նամակին մէջ:
Վերոնիքա Զոնապենտ կը յիշեցնէ, որ այս ամբողջ ընթացքին անոնց ճակատագիրին շուրջ կը շարունակուին անվերջ քննարկումները` գործիքակազմերու, ընթացակարգերու, լիազօրութիւններու եւ քաղաքական հանգամանքներու մասին: Մինչ ոմանք զբաղած են իրենց քաղաքական դիրքերը պահպանելով, միւսները, գտնուելով բանտը, տարիներ շարունակ կը սպասեն գոնէ մէկ լուսանկարի, մէկ նամակի կամ հարազատներէն քանի մը խօսքի:
Ըստ անոր, Ազրպէյճանի մէջ Կարմիր խաչի միջազգային կոմիտէի գրասենեակի փակուելէն ի վեր, հայ բանտարկեալներու ընտանիքները փաստօրէն զրկուած են իրենց հարազատներուն հետ կանոնաւոր, մարդասիրական անկախ կապէն, որովհետեւ միջազգային այն դրութիւնները, որոնք նման իրավիճակներու մէջ պէտք է պաշտպանեն մարդը, գործնականին մէջ չեն աշխատիր:
Զոնապենտ դիտել կու տայ, որ Հայաստանի Մարդու իրաւունքներու պաշտպանը յայտարարած է, թէ այս հարցը իր իրաւասութիւններու շրջագիծին մէջ չէ: Իսկ Ազրպէյճան կատարած այցելութիւններու ընթացքին իրենց իսկ երկրի պետական պատուիրակութիւնները կարելիութիւն չեն ունեցած այցելելու այդ մարդոց, հանդիպելու անոնց, տեղւոյն վրայ ծանօթանալու պահման պայմաններուն եւ գնահատելու անոնց առողջական վիճակը:
«Ռուբէնին խնդրանքով ես մտադիր եմ կազմակերպել կիներու միջազգային մարդասիրական պատուիրակութիւն մը, որ մօտիկ ապագային պիտի մեկնի Պաքու:
«Կը դիմեմ Ազրպէյճանի մարդու իրաւունքներու պաշտպան Սապինա Ալիեւային եւ անոր գրասենեակին` խնդրելով աջակցիլ այդ պատուիրակութեան Պաքու այցելութեան, պաշտօնական հանդիպման, Ումպաքիի քրէակատարողական համալիրին մէջ պահուող հայ բանտարկեալներուն տեսակցելուն եւ անոնց ընտանիքներէն ծանրոցներու, լուսանկարներու, նամակներու ու օրէնքով արտօնուած անձնական իրերու պաշտօնական փոխանցման:
«Գերիներուն համար այս մէկը յիշեցում մըն է, որ իրենք մոռցուած չեն: Ես կը հաւատամ, որ կրնանք մարդ մնալ միայն այն պարագային, եթէ թոյլ չտանք, որ անտարբերութիւնը դառնայ կանոն, սովորական երեւոյթ, եթէ, նոյնիսկ ծանրագոյն հանգամանքներու մէջ, շարունակենք պահպանել կարեկցանքը, սէրն ու գթասրտութիւնը:
«Կ՛ուզեմ հաւատալ, որ նոյնիսկ հոն, ուր քաղաքականութիւնը կ՛ոչնչացնէ վստահութիւնը, դեռ կը մնայ մարդկային քայլի կարելիութիւն: Առաջնորդներն ու հզօր պետութիւնները պատմութեան մէջ կը յիշուին ո՛չ միայն իրենց յաղթանակներով, այլ նաեւ` իրենց իշխանութեան տակ յայտնուած մարդոց հանդէպ ցուցաբերած ողորմածութեամբ: Ճիշդ այդպիսի արարքներն են, որ կը մնան պատմութեան մէջ:
«Այս նախաձեռնութիւնը քաղաքական արարք չէ: Ասիկա բանտարկեալներուն ու անոնց ընտանիքներուն, անոնց ճակատագիրով մտահոգ մարդոց միջեւ նուազագոյն կապը վերականգնելու փորձ մըն է: Այդ կապը կ՛օգնէ մարդուն` պահպանելու իր արժանապատուութիւնը, առանց որուն` անկարելի է խօսիլ դրացի ժողովուրդներու միջեւ իրական ու տեւական խաղաղութեան մասին:
«Այս առումով, յառաջիկայ երկու շաբաթներու ընթացքին Ազրպէյճանի մէջ պահուող հայ բանտարկեալներուն համար մենք պիտի հաւաքենք աջակցութեան նամակներ եւ լուսանկարներ, որոնք ընտանիքներուն ծանրոցներուն հետ պիտի փորձենք անոնց փոխանցել:
Նամակները կարելի է ուղարկել հետեւեալ ե-նամակի հասցէով` [email protected]
Աշխարհահռչակ Երգչուհի Լարա Ֆապիան Անմոռանալի Պահեր Պարգեւեց Արուեստասէրներուն
Աշխարհահռչակ երգչուհի Լարա Ֆապիան, որուն կատարումով եւ մեկնաբանութեամբ իւրաքանչիւր ստեղծագործութիւն կը դպչի հանդիսատեսին սիրտին, յունիս 8-ին մենահամերգով հանդէս եկաւ Երեւանի մէջ:
«Արմէնփրես»-ի հաղորդումով, համերգային երեկոն տեղի ունեցաւ Կարէն Դեմիրճեանի անուան մարզահամերգային համալիրի մեծ սրահին մէջ, որ ամբողջովին լեցուն էր:
Ֆապիանը` Հայաստանի պետական համերգական նուագախումբի ընկերակցութեամբ, գեղարուեստական խմբավար Սերկէյ Սմբատեանի ղեկավարութեամբ, կատարեց հին եւ նոր հիթեր, երգերով պատմեց սիրոյ եւ անսահման յոյսի մասին:
Անոր համաձայն, մարդ, ուր ալ գտնուի, որքան ալ պայմանները դժուար ըլլան, պէտք չէ յանձնուի:
Արուեստի սիրահարները իւրաքանչիւր երգէ ետք ծաղկեփունջեր կը նուիրէին երգչուհիին եւ կը նկարուէին անոր հետ:
Երեկոյին իր մասնակցութիւնը բերաւ դաշնակահար Էմանուէլ Փիթուան, որուն հետ Ֆապիանը կը համագործակցի մօտ 20 տարիներէ ի վեր: Երգչուհին նշեց, որ դաշնակահարը իր կողքին եղած է թէ՛ լաւ ժամանակներուն, թէ՛ բարդ եւ ծանր օրերուն: Ան յիշեց, որ երկար ճամբայ անցած են, որուն շնորհիւ ոչ միայն գործընկերներ, այլ լաւ բարեկամներ եղած են: Ֆապիան խնդրեց յատուկ կերպով ծափահարել թէ՛ դաշնակահարին, թէ՛ նուագախումբին:
«Երաժշտութիւնը միայն ինքնաարտայայտութեան եղանակ չէ, այլ հանդիսատեսին հետ կապ հաստատելու, պատմութիւններ պատմելու միջոց է, եւ այդ պատմութիւնները կը համախմբեն բոլորը», ըսաւ Ֆապիան:
Երգչուհին համերգային երեկոն եզրափակեց «Ժը սուի մալատ», «Ժը թեմ» եւ «Ատաճիօ» չափազանց զգացական ստեղծագործութիւններու կատարումով` մեծ ուրախութիւն պարգեւելով ներկաներուն:
Խօսելով իր յուշերուն մասին` Ֆապիան ըսաւ. «35 տարի սէր, 35 տարի վերելքներ եւ վայրէջքներ: Գիտէ՞ք երեքի կանոնը, երեք օրհնութիւնները… Կայ շատ պարզ կանոն մը: Երբ կը զգաք, որ պակաս բան մը կայ, մտածեցէք ձեզի համար երեք արժէքաւոր բաներու մասին եւ կը տեսնէք, որ այդ պակաս թուացող բանը կ՛անհետանայ: Դուք իմ ուրախութիւնս էք: Դուք այդ երեքին մասն էք, որ շատ թանկ է ինծի համար: Շատ շնորհակալ եմ», ըսաւ Ֆապիան` բեմէն հեռանալով բարձր ծափահարութիւններ ստանալով:
Երեկոն իրականացաւ «Մեցցօ» եւ «Իվենթփրօ» ընկերութիւններու նախաձեռնութեամբ:
Լոյսերու Տաճարը` Զուարթնոց Պատմամշակութային Արգելոց-Թանգարանի Լուսաւորութեան Նոր Համակարգ
Զուարթնոց պատմամշակութային արգելոց- թանգարանը գեղարուեստական լուսաւորութեան նոր համակարգ ունեցած է: Այս լուրը յայտնած է կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնակրթութեան նախարարութեան լրատուական ծառայութիւնը:
Նախօրէին, «Լոյսերու տաճարը» խորագիրով մշակութային ձեռնարկին ընթացքին վառած են տաճարին նոր լոյսերը` միաւորելով պատմութեան եւ մշակոյթի բացառիկ կոթողին անցեալի ու ներկայի խորհրդանշական սահմանները:
Լոյսերու վառման հանդիսաւոր արարողութեան ներկայ եղած են ԿԳՄՄ նախարար Ժաննա Անդրեասեան, փոխնախարար Ալֆրետ Քոչարեան եւ բազմաթիւ հիւրեր:
Տաճարին լուսաւորութեան աշխատանքը տեւած է մօտ երեք տարի: Նախագիծը իրականացուցած է կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնակրթութեան նախարարութեան «Պատմամշակութային արգելոց-թանգարաններու եւ պատմական միջավայրի պահպանութեան ծառայութիւն» կազմակերպութիւնը:
Ծրագիրին ընդհանուր գումարը եղած է 26 միլիոն 205 հազար դրամ (19 միլիոն 800 հազար դրամ` պետական գումարէն, 6 միլիոն 405 հազար դրամ` կազմակերպութեան գումարէն):
«Պատմամշակութային արգելոց-թանգարաններու եւ պատմական միջավայրի պահպանութեան ծառայութեան» տնօրէն Արմէն Յովհաննիսեան յիշած է, որ Զուարթնոց պատմամշակութեան թանգարանի տարածքին վերջին երեք տարիներուն պետական միջոցներով մօտ 170 միլիոն դրամի ներդրում իրականացած է: Ամբողջովին փոխուած են սալայատակը, ոռոգման համակարգը, վերականգնուած է հնձանը, նորոգուած է թանգարանի շէնքին տանիքը, իրականացուած է լուսաւորութեան նախագիծը, ինչպէս նաեւ կը նախատեսուին ուրիշ աշխատանքներ:
Անոր խօսքով, կատարուած աշխատանքները նպաստած են յուշարձանին պահպանումին եւ հանրահռչակման: 2026 թուականի առաջին կէսը, երբ համեմատած են, 2025-ի առաջին կիսուն հետ անդրադարձած են, որ մօտ 15 տոկոս աւելցած է այցելուներուն թիւը:
Ձեռնարկին ընթացքին ներկայացուած է Զուարթնոց տաճարին հարուստ պատմութիւնը: Ինչպէս նաեւ տեղի ունեցած է համերգ` հնչելով ճազ երաժշտութիւն:


