Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Թենիս. Հայաստան Պարտութեան Մատնեց Իսլանտան` Իր Երրորդ Յաղթանակը Տանելով

June 20, 2026
| Մարզական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հայաստանի թենիսի տղոց հաւաքականը շատ կարեւոր յաղթանակ մը արձանագրեց «Տէյվիս Քափ»-ի եւրոպական գօտիի Դ. խմբակի երրորդ հանգրուանին:

Մրցաշարքը տեղի կ՛ունենայ Ծաղկաձորի մէջ, ուր Հայաստանի հաւաքականը 2-1 արդիւնքով յաղթեց Իսլանտային, որ կը պայքարի աւելի բարձր կարգ բարձրանալու համար:

Առաջին ճակատումը շատ վճռական էր: Դաւիթ Պօղոսեան առաջին սեթին թայ-պէյքով պարտուեցաւ Ռաֆն Պոնիֆասիուսէն, սակայն 2-րդ սեթին ինքնավստահութիւնը վերագտաւ եւ 6-3 արդիւնքով յաղթեց:

3-րդ վճռական սեթին Պօղոսեան կը յառաջանար 4-1 արդիւնքով, որմէ ետք մրցակիցը չկրցաւ շարունակել մրցումը` վիրաւորուելով:

Երկրորդ ճակատումին, Միքայէլ Աւանէսեան 6-3 եւ 6-2 արդիւնքով պարտուեցաւ Էկիլ Սիկուրտսոնէն, եւ զոյգերու մրցումին մնաց վճռելու վերջնական յաղթականը: Սամուէլ Աղայեան եւ Դաւիթ Պօղոսեան զոյգը 7-6 եւ 6-3 արդիւնքով յաղթեց Էկիլ Սիկուրտսոն – Վլատիմիր Ռիսթիչ զոյգին` ապահովելով Հայաստանի երրորդ յաջորդական յաղթանակը «Տէյվիս» բաժակին:

Պէտք է նշել, որ այս մրցաշարքին Հայաստանի հաւաքականի բոլոր թենիսմեններն ալ 18 տարեկան մարզիկներ են:

Հայաստանի յաջորդ մրցակիցը պիտի ըլլայ Ալպանիան, որ իր 3 ճակատումներուն ալ պարտուած է: Վահէ Աւետիսեանի մարզած հաւաքականը նախապէս յաղթած էր Անտորրային եւ Սան Մարինոյին:

 

 

Նախորդը

Բռնցքամարտ. Դաւիթ Չալոյեան Կը Սուրայ Դէպի Մետալներ

Յաջորդը

2026-ի Մոնտիալ. Մեքսիքա Հասաւ Յաջորդ Հանգրուան. Քանատա Իր Առաջին Յաղթանակը Արձանագրեց

RelatedPosts

Պէյրութ Մարաթոն Միութիւն.  Խալիլ Այցելեց Հայկական Համայնքական,  Կրթական Եւ Մարզամշակութային Կեդրոններ`  Կապերը Աւելի Եւս Ամրացնելու Համար
Մարզական

Պէյրութ Մարաթոն Միութիւն. Խալիլ Այցելեց Հայկական Համայնքական, Կրթական Եւ Մարզամշակութային Կեդրոններ` Կապերը Աւելի Եւս Ամրացնելու Համար

November 21, 2026
Բռնցքամարտ.  Յակոբեան Եւ Յովհաննիսեան`  Յաղթական
Մարզական

Բռնցքամարտ. Յակոբեան Եւ Յովհաննիսեան` Յաղթական

November 21, 2026
Ճիւտօ.  Շաւարշ Նահապետեան Աւարտեց  Իր Ելոյթները Աշխարհի Ախոյեանութեան
Մարզական

Ճիւտօ. Շաւարշ Նահապետեան Աւարտեց Իր Ելոյթները Աշխարհի Ախոյեանութեան

November 21, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.