Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան շնորհաւորական ուղերձ յղած է վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանին` խորհրդարանական ընտրութիւններուն ընթացքին «Քաղաքացիական պայմանագիր» կուսակցութեան յաղթանակին առիթով: Այս մասին հաղորդեց Հայաստանի Հանրապետութեան կառավարութիւնը:
«Ժողովուրդիս եւ անձամբ իմ անունովս սրտանց կը շնորհաւորեմ ձեզ` 7 յունիս 2026 թուականին Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ տեղի ունեցած խորհրդարանական ընտրութիւններուն ընթացքին ձեր ղեկավարած «Քաղաքացիական պայմանագիր» կուսակցութեան արձանագրած յաջողութեան առիթով եւ յաջողութիւն կը մաղթեմ երրորդ անգամ կառավարութիւն ձեւաւորելու գործին մէջ:
«Ես լիովին հաւատացած եմ, որ շրջանին մէջ երկարատեւ խաղաղութեան եւ կայունութեան հաստատման եւ այդ ուղղութեամբ անհրաժեշտ համագործակցութեան ապահովման վերաբերեալ ձեր ռազմավարական տեսլականը յաջողութեամբ աւարտին պիտի հասցուի: Օգտուելով առիթէն` ձեզի կրկին կը մաղթեմ առողջութիւն եւ բարեկեցութիւն, իսկ Հայաստանի ժողովուրդին` բարգաւաճում եւ երջանկութիւն», կը նշուի ուղերձին մէջ:


