Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հանդիպում Մարոնիներու Պատրիարքին Պշարա Ռայի Հետ

June 6, 2012
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Մարոնիներու Պշարա Ռայի պատրիարքը Պքերքէի մէջ ընդունեց ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէն ներկայացնող պատուիրակութիւն մը, որուն մաս կը կազմէին Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Յովիկ Մխիթարեան, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի եւ Կեդրոնական կոմիտէի անդամ Աւետիս Կիտանեան:

Հանդիպումի ընթացքին լայն քննարկումի ենթարկուեցան Լիբանանի եւ շրջանային թատերաբեմի ընդհանուր հարցերը: Կարեւորութեամբ շեշտուեցաւ երկխօսութեան անհրաժեշտութիւնը, երկրի անդորրութիւնը եւ Լիբանանը շրջանային ազդեցութիւններէն հեռու պահելու հրամայականը: Այս ուղղութեամբ մարոնի պատրիարքը բարձր գնահատեց Լիբանանի հայութեան չափաւոր եւ դրական կեցուածքները երկրի ամբողջականութեան, համայնքներու գոյակցութեան եւ ուժի լեզուն մերժելու համոզումին կապակցաբար:

Ռայի պատրիարքը նաեւ անդրադարձաւ Թուրքիա կատարած իր այցելութեան` ՀՅԴ պատուիրակութիւնը դնելով թուրք ղեկավարներուն հետ իր ունեցած հանդիպումներու մթնոլորտին մէջ:

Հանդիպումի աւարտին, երեսփոխան Բագրատունի յայտարարեց. «Պատրիարք հօր հետ մեր տեսակցութիւնը առիթ մը եղաւ անգամ մը եւս շեշտելու Լիբանանի դէմ ցցուող հարցերը երկխօսութեան ճամբով լուծելու անհրաժեշտութիւնը, բան մը, որուն ջատագովն է Ռայի պատրիարքը: Կարծիքներու նոյնութիւն գոյութիւն ունի լիբանանեան ներքին տագնապները լուծելու ձեւին եւ  ոճին շուրջ: Կարեւոր նկատեցինք նաեւ փոխանցել պատրիարք հօր, թէ ամէն միջոցի անհրաժեշտ է դիմել, որպէսզի Լիբանանը զերծ մնայ շրջանային փոփոխութիւններու ժխտական անդրադարձին: Շեշտեցինք նաեւ Միջին Արեւելքի ու Լիբանանի մէջ քրիստոնէութիւնը իբրեւ հայրենիքի բաժնեկից եւ ոչ թէ փոքրամասնութիւն մնալու ու գոյութիւնը պահպանելու կարեւորութիւնը»:

 

 

Նախորդը

Ազրպէյճան Կրկին Կը Խախտէ Հայաստանի Սահմանը` Տալով 5 Զոհեր

Յաջորդը

50 Տարի Առաջ ( 7 Յունիս 1962 )

RelatedPosts

Լիբանանի Անկախութեան  83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ.  Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան  Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն  Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»
Գլխաւոր լուրեր

Լիբանանի Անկախութեան 83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ. Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»

November 24, 2026
Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին.  «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ  Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը  Սիոնական Գոյացութիւնն Է»
Գլխաւոր լուրեր

Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին. «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը Սիոնական Գոյացութիւնն Է»

November 24, 2026
Նախկին Նախարար Փիեռ Ժեմայէլի  Սպանութեան Տարելիցի Նշում
Լիբանանեան

Նախկին Նախարար Փիեռ Ժեմայէլի Սպանութեան Տարելիցի Նշում

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.