. ՔԱՂԱՔԱԿԱՆ շրջանակներ «Ժումհուրիա» օրաթերթին. «Հարաւային Լիբանանի մէջ իսրայէլեան մագլցումը լիբանանան եւ իսրայէլեան թղթածրարները իրարմէ անջատելու եւ Թեհրանին իր նոր հաւասարակշռութիւնները ամրապնդել չարտօնելու փորձ մըն է»:
. ԴԻՒԱՆԱԳԻՏԱԿԱՆ աղբիւրներ «Ժումհուրիա» օրաթերթին. «Այն մտավախութիւնը ունինք, որ ամերիկեան պահանջով Թել Աւիւի եւ Թեհրանի միջեւ փոխադարձ հրթիռակոծումներու դադրեցումով` Լիբանան դարձեալ առանձին մնաց Իսրայէլի դիմաց»:
. «ԱՆՊԱ ԷԼԵՔԹՈՐՆԻԱ»-Ի սեփական աղբիւր մը. «Ուղղակի բանակցութիւններու մեկնարկման հիմնական նպատակը զինադադարի գոյացումն է` Իսրայէլի հարաւային Լիբանանէն հեռացման ժամանակացոյցի հաստատման հասնելու համար»:
. «ՆԻՏԱ ՈՒԱԹԱՆ» օրաթերթ. «Պաապտայի պալատը մէկէ աւելի մակարդակներու վրայ աշխատանք կը տանի բանակցութիւններու յաջորդ փուլէն առաջ զինադադարը վերականգնելու եւ մագլցումի ճամբով գետնի վրայ նոր իրողութիւններու պարտադրումը արգիլելու, սակայն այդ աշխատանքը կը բախի շատ բարդ իրականութեան»:
. ԱՂԲԻՒՐՆԵՐ «Տիար» օրաթերթին. «Այն Թինէի մթնոլորտը կը յուշէ, թէ հանդարտ կերպով կը պատրաստուի բան մը, որ կրնայ յառաջիկայ քանի մը օրուան ընթացքին զինադադարի յանգեցնել, եթէ չխափանուի Իսրայէլի կողմէ, որ երէկ գետնի վրայ ոչ քաջալերական նշաններ տուաւ»:
. ԱՊԱՀՈՎԱԿԱՆ աղբիւրներ «Նիտա Ուաթան» օրաթերթին. «Սուրի թիրախաւորումը նախերգանք է նոր մագլցումի` նկատի ունենալով ծովեզերքի եւ մերձակայ գիւղերուն միջեւ հանգոյց եղող անոր դիրքին, ինչպէս նաեւ դէպի Սայտա եւ ներքին շրջաններ տարածուիլը»:
. «ՆԻՏԱ ՈՒԱԹԱՆ» օրաթերթ. «Միացեալ Նահանգներու դեսպան Միշել Իսա առօրեայ կապի մէջ է Թրամփի հետ, եւ իր հաղորդակցութիւններուն մէջ կը կեդրոնանայ Հըզպալլայի դէմ սուրիական ուժերու օգտագործման մասին Միացեալ Նահանգներու նախագահի խօսքին լիբանանեան կողմերու հակազդեցութեան ծանօթանալուն վրայ»:
. ՍՈՒՐԻՈՅ նախագահական պալատին մօտիկ սուրիական աղբիւր մը «Ասաս Միտիա»-ին. «Նախագահ Շարհի քաղաքականութեան նպատակը անցեալի ժառանգութիւնը շրջանցելն ու Լիբանանի հետ պետութենէ պետութիւն յարաբերութիւններ կառուցելը եւ նոր գործելաոճ որդեգրելն է հոգատարութեան քաղաքականութեան ու միջամտութեան քաղաքականութիւններու վերջ տալու եւ նոր էջ բանալու նպատակով»:
. ԻՍՐԱՅԷԼԵԱՆ «Իսրայէլ Հայոմ» օրաթերթ. «Իսրայէլեան բանակին մէջ անկեղծօրէն կը խոստովանին, թէ 100 առ հարիւր համեմատութեամբ լուծում պիտի չըլլայ Հըզպալլայի ականուած անօդաչու թռչող սարքերուն, որոնք կը շարունակեն արեան մեծ գին պարտադրել»:


