. ԻՍՐԱՅԷԼԻ պաշտպանութեան նախարար Իսրայէլ Քաց. «Պէյրութի Հարաւային արուարձաններուն ճակատագիրը Իսրայէլի հիւսիսի գիւղերու ճակատագիրին նման է: Իսրայէլի հիւսիսի գիւղերուն վրայ իւրաքանչիւր յարձակումին դիմաց Հարաւային արուարձաններուն վրայ յարձակում պիտի կատարուի»:
. ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆԻ մէջ Իսրայէլի դեսպան Եխիել Լայթեր. «Եթէ Հըզպալլան Իսրայէլի ուղղութեամբ կրակէ, ուժեղ կերպով պիտի հարուածենք Պէյրութի Հարաւային արուարձաններուն մէջ անոր ղեկավարական կեդրոնները»:
. ԻՍՐԱՅԷԼԵԱՆ բանակ. «Եթէ Հըզպալլան մեր վրայ յարձակում գործէ, Պէյրութի մէջ անոր ղեկավարական կեդրոններն ու ենթակառոյցները պիտի քանդենք»:
. ԱՊԱՀՈՎԱԿԱՆ աղբիւր մը իսրայէլեան «Իսրայէլ Հայոմ» օրաթերթին. «Լիբանանը Իրանին կապելու փորձը նոյնիսկ լիբանանեան կառավարութեան կողմէ մերժուեցաւ»:
. ԸՆԿԵՐՎԱՐ յառաջդիմական կուսակցութեան նախկին ղեկավար Ուալիտ Ժոմպլաթ նշեց. «Լիբանանի հարաւը զինք պաշտպանելու համար յաւելեալ հրթիռներու կամ անօդաչու թռչող սարքերու կարիքը չունի, որովհետեւ հարաւի զաւակը իր հողերու պաշտպանութեան մէջ աւելի հզօր եւ ազդու է»:
. «ԱՍԱՍ»-Ի տեղեկութեան համաձայն, «Իսրայէլի կողմէ լիբանանեան բանակին դէմ ուղղուած բացայայտ յարձակումը որեւէ փոփոխութեան պիտի չենթարկէ այս ամսուան 22-ին Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան մէջ Լիբանանի եւ Իսրայէլի պատուիրակութիւններուն միջեւ նախատեսուած հանդիպումին օրակարգը»:


