. ՀԸԶՊԱԼԼԱՅԷՆ աղբիւրներ «Մուտուն»-ին. «Այն, ինչ որ բանակցութիւններէն բխեցաւ, կուսակցութիւնը չի շահագրգռեր: Հարաւային Լիբանանի մէջ իսրայէլեան զինուորական գործողութիւններու շարունակման դիմաց կուսակցութեան կողմէ հակադարձութիւնը պիտի շարունակուի, այլուր տեղի ունեցող որեւէ փոխըմռնումներէ կամ բանակցութենէ անկախ»:
. ԻՍՐԱՅԷԼԵԱՆ պատկերասփիւռի 12-րդ կայան. «Իսրայէլեան ապահովական եւ քաղաքական հարցերով նախարարաց սեղմ խորհուրդի նախարարները Լիբանանի մէջ զինադադարի համաձայնութեան նկատմամբ վերապահութիւն կը յայտնեն»:
. ԻՍՐԱՅԷԼԵԱՆ «Ետիոթ Ահրոնոթ» օրաթերթ. «Իսրայէլեան նախարարաց սեղմ խորհուրդը երէկ գիշեր Լիբանանի մէջ զինադադարի որոշումին շուրջ քուէարկութիւն չկատարեց:
«Նեթանիահու Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղարի զինադադարը մերժելը յայտարարելէն ետք նախարարաց խորհուրդին զինադադար հաստատելու որոշում մը չներկայացուց:
«Նեթանիահու ըսաւ, որ ներկայիս համաձայնութիւն չկայ. Հըզպալլան անոր դէմ է, եւ եթէ փոփոխութիւն արձանագրուի, քուէարկութեան համար առաջարկ պիտի ներկայացնէ:
. ԱՂԲԻՒՐՆԵՐ «Էմ.Թի.Վի.»-ին. «Անուղղակի բանակցութիւնները, որոնց մասին Թրամփ ըսաւ, թէ Հըզպալլայի հետ կատարած է, թերեւս տեղի ունեցան Տոհայի մէջ հանդիպումի կամ հաղորդագրութեան մը ճամբով, եւ անձնաւորութիւնը կրնայ Ամմար Մուսաուին է»:
. 95 օքթան պենզինին գինը նուազեցաւ 51000 լ.ո.-ով եւ հասաւ 2.490.000 լ.ո.-ի, 98 օքթան պենզինին գինը նուազեցաւ 52000 լ.ո.-ով եւ հասաւ 2.507.000 լ.ո.-ի, մազութին գինը նուազեցաւ 31000 լ.ո.-ով եւ հասաւ 2.106.000 լ.ո.-ի, իսկ պիւթակազին գինը մնաց անփոփոխ` 1.329.000 լ.ո.:


