Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Քոս. «Հայաստանին Եւրոպական Միութեան Աջակցութիւնը Աւելցնելու Ուղիներ Կը Փնտռենք»

June 4, 2026
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հայաստան-Եւրոպական Միութիւն գործընկերութեան տնտեսական բաղադրիչի խթանման, որուն կարգին` ապրանքաշրջանառութեան յաւելման վերաբերող գործիքակազմի հարցերը քննարկեցին Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան եւ Եւրոպական Միութեան ընդլայնման հարցերու յանձնակատար Մարթա Քոս` 2 յունիսին տեղի ունեցած հեռաձայնային հաղորդակցութեան մը ընթացքին:

Արտաքին գործոց նախարարութենէն յայտնեցին, որ զրուցակիցները գոհունակութեամբ արձանագրեցին Հայաստան-Եւրոպական Միութիւն գործընկերութեան զարգացման թափը:

Անդրադարձ կատարուեցաւ շրջանային փոխկապակցուածութեան զարգացման ուղղուած ծրագիրներուն, ինչպէս նաեւ ժողովրդավարական դիմակայութեան շարունակական ամրապնդման վերաբերող փոխադարձ գործակցութեան` իբրեւ Հայաստան-Եւրոպական Միութիւն ռազմավարական օրակարգի մաս:

Քոս «Էքս»-ի վրայ գրած է, թէ արդիւնաւէտ զրոյց ունեցած է Միրզոյեանի հետ, վերահաստատած է «Եւրոպական Միութեան համերաշխութիւնը Հայաստանի հետ` Ռուսիոյ աճող տնտեսական հարկադրանքին դիմաց»:

«Մենք կարճ ժամկէտով Հայաստանին` Եւրոպական Միութեան աջակցութիւնը աւելցնելու ուղիներ կը փնտռենք: Մենք նաեւ պիտի արագացնենք մեր աշխատանքը` խթանելու համար առեւտրական եւ ուժանիւթի  կապերը դէպի Հարաւային Կովկաս եւ Հարաւային Կովկասի մէջ` աջակցելով իր անմիջական դրացիներուն հետ Հայաստանի տնտեսական կապերուն», գրած է յանձնակատարը` շեշտելով. «Հայաստանը ինքնիշխան ու անկախ երկիր է, որուն ժողովուրդը ազատ է ընտրելու երկրին ուղին»:

Ասոր զուգահեռ, Հայաստանի ներքին գործոց նախարարութիւնը յայտնեց, որ 1 յունիսին տեղի ունեցած է «Աջակցութիւն Հայաստանի մէջ վիզաներու ազատականացման երկխօսութեան` սահմաններու կառավարման, փաստաթուղթերու անվտանգութեան եւ իրաւապահ մարմիններու բարեփոխումներու ոլորտներուն մէջ» ծրագիրի մեկնարկի արարողութիւնը:

Նշուեցաւ, որ Եւրոպական Միութիւնը 2,2 միլիոն եւրօ պիտի յատկացնէ Հայաստանին` վիզաներու ազատականացման գործընթացին աջակցելու նպատակով: Ֆինանսաւորումը պիտի ուղղուի սահմաններու կառավարման, փաստաթուղթերու ապահովութեան եւ իրաւապահ համակարգի բարեփոխումներուն:

Ներքին գործոց նախարար Արփինէ Սարգսեան ընդգծեց, որ ասիկա Հայաստանի մէջ առաջին ծրագիրն է, որ ուղղակիօրէն կը զօրակցի վիզաներու ազատականացման գործընթացին:

Մինչ այդ, Լիւքսամպուրկէն Եւրոպական խորհրդարանի պատգամաւոր Ֆերնան Քարտհայզեր յայտնեց, որ Հայաստանի` Եւրոպական Միութեան անդամակցութեան հարցը տակաւին աւելի շատ տեսական բնոյթ կը կրէ, իսկ շատ քիչ հաւանական է մինչեւ 2030 հանրապետութեան ներգրաւումը Եւրոպական Միութեան մէջ:

Նախորդը

Պասքեթպոլ ՀՄԸՄ Անթիլիաս Յաղթեց Ռիատիին` 94-86 Արդիւնքով

Յաջորդը

Զախարովա. «Հայաստանի Քաղաքացիները Պէտք Է Ընտրութիւններուն Ընթացքին Փրկեն Իրենց Երկիրը»

RelatedPosts

Հայաստանի 21 Համայնքներու Մէջ  Տեղի Ունեցան Տեղական Ինքնակառավարման  Մարմիններու Ընտրութիւններ
Գլխաւոր լուրեր

Հայաստանի 21 Համայնքներու Մէջ Տեղի Ունեցան Տեղական Ինքնակառավարման Մարմիններու Ընտրութիւններ

October 26, 2026
Վիեննայի Միջազգային Փառատօնին  Արցախի Մասնակցութիւնը Ջնջուած Է  Դեսպանատուներու Միջամտութեան Պատճառով
Գլխաւոր լուրեր

Վիեննայի Միջազգային Փառատօնին Արցախի Մասնակցութիւնը Ջնջուած Է Դեսպանատուներու Միջամտութեան Պատճառով

October 26, 2026
Հայաստան Յաղթեց «Մանկական Եւրատեսիլ»-ին
Հայկական

Հայաստան Յաղթեց «Մանկական Եւրատեսիլ»-ին

October 26, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.