Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ-ԼԵՄ-ի «Շ. Միսաքեան» մասնաճիւղին, կիրակի, 24 մայիս 2026-ին Այնճարի մէջ նշուեցաւ զինեալ պայքարի առաջին նահատակ Պետիկ Ինճէեանի նահատակութեան 50-ամեակը:
Առաւօտեան, սուրբ եւ անմահ պատարագէն ետք, Այնճարի Ս. Պօղոս եկեղեցւոյ մէջ կատարուեցաւ հոգեհանգստեան պաշտօն` նահատակ ընկերոջ յիշատակին: Ապա ներկաները ուղղուեցան դէպի Այնճարի գերեզմանատուն, ուր այցելութիւն տրուեցաւ Պետիկ Ինճէեանի շիրիմին: Եզեկիէլ վրդ. Սելլումեանի աղօթքէն եւ ԼԵՄ-ի «Շ. Միսաքեան» մասնաճիւղին կողմէ նահատակ ընկերոջ կենսագրականի ընթերցումէն ետք, ներկաները ծաղիկներ զետեղեցին անոր շիրիմին` իբրեւ յարգանք անոր յիշատակին: Հաւաքը աւարտեցաւ «Վէրքերով լի» երգի կատարողութեամբ:
Երեկոյեան ժամը 5:00-ին ՀՄԸՄ-ի Այնճարի ֆութպոլի մարզադաշտին մէջ տեղի ունեցաւ յիշատակի հանդիսութիւն:
Բացման խօսքը արտասանեց Սանան Արուշեան, որ անդրադարձաւ Պետիկ Ինճէեանի միութենական արժանիքներուն` յիշելով, որ ան զինուած ՀՅԴ գաղափարախօսութեամբ եւ ՀՄԸՄ-ի մարզական ոգիով` մեծ ներդրում ունեցած է ՀՅԴ «Յառաջ» պատանեկան միութեան շարքերու խտացման եւ ՀՄԸՄ-ի Այնճարի մասնաճիւղի ֆութպոլի խումբի կազմակերպչական աշխատանքներուն, սակայն ան աւելցուց, որ արդարութեան տենչը, Հայ դատի արդար հատուցման խորհուրդը եւ մանկութեան տարիքէն զինք սնանած ՀՅԴ-ի վեհ գաղափարը մղեցին զայն բարձրագոյն զոհողութեան` կեանքի գնով նպաստելու Հայկական հարցի լուծման սուրբ աշխատանքին:
Սանան Արուշեան աւելցուց, որ Պետիկ Ինճէեան իր նահատակութեամբ հիմքը դրաւ զինեալ պայքարին` ամրապնդելով պահանջաատէր հայութեան եւ յատկապէս ՀՅ Դաշնակցութեան մեծ ընտանիքի մարտունակ ոգին: Աւարտին ան հաստատեց, որ Պ. Ինճէեան եւ ազատութեան խորանին վրայ զոհուած մեր բոլոր հերոսները վառ ապացոյց են, որ միայն զէնքով կայ հայոց փրկութիւն:
Ապա ԼԵՄ-ի Շ. Միսաքեան մասնաճիւղի Կալի Գալուստեան երգեց «Վեհ գաղափար Դաշնակցութեան»-ը:
ՀՅԴ «Կարմիր Լեռ» կոմիտէին խօսքը ներկայացուց Շահան Փանոսեան, որ ընդգծեց Պետիկ Ինճէեանի զոհաբերութեան խորհուրդը` իբրեւ հայ երիտասարդութեան նուիրումի, քաջութեան եւ ազգային հաւատարմութեան օրինակ:
Իր խօսքին մէջ ան նշեց, որ յիսուն տարիներ անցած են Պ. Ինճէեանի նահատակութենէն, սակայն անոր անունը տակաւին կը հնչէ` որպէս հրաման, որպէս կոչ եւ որպէս երդում: Փանոսեան շեշտեց, որ ան պարզ երիտասարդ մը չէր, այլ` այն տեսակ հայ երիտասարդը, որ իր կեանքին իմաստը գտած էր ծառայութեան մէջ` համոզուած ըլլալով, որ երիտասարդութիւնը պատասխանատուութիւն է, ազգին հանդէպ պարտաւորութիւն եւ հայրենիքին հանդէպ ծառայութիւն:
Բանախօսը անդրադարձաւ նաեւ Պետիկ Ինճէեանի կազմաւորման ուղիին` նշելով, որ ան ՀՄԸՄ-ի սկաուտական եւ մարզական շարքերու զաւակ մըն էր, ուր սորված էր` կարգապահութիւն, կամք, հաւատարմութիւն եւ զոհաբերութիւն: Սակայն ան չբաւարարուեցաւ միայն խօսքով կամ նշանաբաններով, այլ երբ ազգը պայքար պահանջեց, ինք յառաջ անցաւ, իսկ երբ վտանգը մօտեցաւ, չվարանեցաւ:
Շահան Փանոսեան ընդգծեց, որ Պետիկ Ինճէեանի նահատակութիւնը պատահական մահ մը չէր, այլ` գիտակից զոհաբերութիւն: Ան գիտէր իր ընտրած ճամբուն վտանգաւոր, բայց սուրբ ըլլալը: Անոր նահատակութիւնը, ըստ բանախօսին, շարունակութիւնն էր Մուսա Լերան պայքարող ու չընկրկող ոգիին:
«Մուսա Լեռը միայն աշխարհագրական անուն մը չէ, այլ` կեցուածք, ապրելու կերպ եւ չծնկելու կամք», շեշտեց Փանոսեան ` աւելցնելով, որ Պ. Ինճէեան իր երակներուն մէջ կը կրէր Մուսա Լերան դիմադրական արիւնը: Ան դիտել տուաւ, որ ինչպէս մուսալեռցիները չընկրկեցան մահուան եւ պաշարման դիմաց, նոյնպէս ալ Պետիկ Ինճէեան չընկրկեցաւ վտանգին առջեւ:
Անդրադառնալով այսօրուան երիտասարդութեան` բանախօսը շեշտեց, որ ընկեր Պետիկ Ինճէեանի նահատակութիւնը պատմութեան էջ մը չէ միայն, այլ պատգամ եւ պատասխանատուութիւն` ուղղուած նոր սերունդներուն: Ան նշեց, որ ազգասիրութիւնը բառերով չի չափուիր, այլ` ծառայութեամբ, պայքարով եւ զոհաբերութեամբ: Ըստ անոր, կազմակերպուած երիտասարդութիւնը ազգի գոյատեւման հիմնական ուժերէն մէկն է:
Իր խօսքի աւարտին Շահան Փանոսեան «Կարմիր Լեռ» կոմիտէի անունով խոնարհում յայտնեց Պետիկ Ինճէեանի յիշատակին եւ վերահաստատեց, որ անոր արիւնը ի զուր չէ թափուած, որովհետեւ անոր օրինակով տակաւին կը կազմաւորուին նոր սերունդներ:
ԼԵՄ-ի «Շ. Միսաքեան» մասնաճիւղէն Գաբրիէլ Հաւաթեան կարդաց նահատակին կենսագրականը` յիշելով, որ Այնճարի մէջ ծնած եւ կազմաւորուած Պետիկ Ինճէեան փոքր տարիքէն ձեռք բերած է ղեկավարի հմտութիւններ եւ մեծապէս նպաստած է իր ծննդավայրի միութիւններու կազմակերպչական աշխատանքներուն: Սակայն անոր անձնուէր ու ծառայասէր հոգին եւ իր հաւատարմութիւնը ՀՅԴ-ի ուխտին եւ դաշնակցականի երդման նկատմամբ` զինք առաջնորդեցին բարձրագոյն զոհողութեան` իր նահատակութեան, 27 մայիս 1976-ին, Փարիզի մէջ: «Ահաւասիկ այսպէս զինեալ պայքարի առաջին նահատակը կը դառնայ հերոսական Մուսա Լերան ժողովուրդի թոռներէն մէկը, որ ամբողջական նուիրումով կ՛ապացուցէ, որ Հայ դատը չէ մեռած, որ` հայ ժողովուրդը պիտի պայքարի մինչեւ հասնի Հայ դատի արդար հատուցման», եզրափակեց Գաբրիէլ Հաւաթեան:
Ըստ ամէն տարուան աւանդութեան, ի յիշատակ նահատակ Պ. Ինճէեանի երիտասարդութեան տարիներուն Այնճարի ՀՄԸՄ-ի ֆութպոլի խումբին ձեռք բերած նուաճումներուն, ձեռնարկի աւարտին տեղի ունեցաւ ԼԵՄ-ի եւ ՀՄԸՄ-ի Այնճարի միջեւ ֆութպոլի բարեկամական մրցում:







