Եօթը տասնամեակէ ի վեր իր կոչումին եւ առաքելութեան կառչած Հայկազեան համալսարանի պատմութեան մէջ քիչ չեն եղած յուզիչ եւ հոգեպարար պահերը, որոնք պատիւ բերած են ազգային մեր պարունակին եւ հայութեան համակ:
Իբրեւ հայկական եզակի կառոյց ու ակադեմական միջավայր ամբողջ սփիւռքի տարածքին, այս համալսարանը կրցած է գերազանցել ինքզինք եւ կերտած իր ուրոյն պատմութիւնը:
Իրօք, պատմութիւն մը, որ վերածուած է կենսագրութեան, ուր կը տողանցեն բազմաշերտ աշխատանքի եւ իրագործումներու տեսականի, որ պարուրուած է` ակադեմական ուսման առընթեր, հայաշունչ մթնոլորտով եւ ազգային ըմբռնումներով:
Փաստօրէն, տասնամեակներու ընթացքին իր ջամբած բարձր կրթութեան եւ դաստիարակութեան շնորհիւ այս համալսարանը հայ միջավայրին ու մարդկութեան տուած է մեծ թիւով շրջանաւարտներու փաղանգ, որով արժանացած է տեղացի թէ օտար հասարակութեան յարգանքին ու գնահատանքին:
Աւելի՛ն. խոստովանիլ է պէտք, որ Հայկազեան համալսարանը իր տեղն ու դերը ունեցած է, ունի՛ ու պիտի շարունակէ ունենալ իբրեւ այդպիսին, յատկապէս Լիբանանի տարածքին, ուր ակադեմական կառոյց ըլլալէ անդին եղած է նաեւ եզակի միջավայր, ուր կը հաւաքուին տարբեր միութիւններ ու կազմակերպութիւններ (հայ, տեղացի թէ օտար), որոնք, օգտուելով այս հաստատութեան ընծայած կարելիութիւններէն եւ յարգալիր մօտեցումէն, կը կազմակերպեն սեմինար, դասախօսութիւն, ցուցահանդէս, ինչպէս նաեւ կ՛իրագործեն իրենց կրթամշակութային ծրագիրները:
Վերոյիշեալներու շարքին մտահան պէտք չէ ընել Հայկազեան համալսարանի նիւթաբարոյական օժանդակութիւնները, այս պարագային` գաղթականներու, որոնք պատերազմի պատճառով տեղահան եղած են իրենց բնակարաններէն եւ գիւղերէն:
Նման նախաձեռնութիւններ միշտ ալ առկայ են եղած համալսարանի կեանքին մէջ եւ անվերապահ ու ջերմ աջակցութիւնն ու օրհնութիւնը վայելած համալսարանի նախագահ վեր. դոկտ. Փոլ Հայտոսթեանին, որուն հոգեւորականի, ակադեմականի եւ վարչականի ծառայութիւնը կ՛երկարի քանի մը տասնամեակ:
Անցնինք:
Աւելի քան երկու ամիսէ Լիբանան դարձեալ թատերաբեմ է սահմռկեցուցիչ քանդումներու: Հարաւէն մինչեւ Պեքա ու Պէյրութի հարաւային արուարձաններ, օդային ռմբակոծումները պատճառեցին զոհեր ու վիրաւորներ:
Լիբանանի վրայ շղթայազերծուած Իսրայէլի բարբարոսական յարձակումները կը շարունակուին առաւել սաստկութեամբ եւ արհաւիրքով: Հարիւրաւոր գիւղերու եւ բնակարաններու, դպրոցներու թէ աղօթավայրերու հիմնայատակ կործանումները ահ ու սարսափի մատնած են ժողովուրդ մը ամբողջ:
Եթէ երբեք իրերօգնութիւնը, աղէտահարին հասնելու գիտակցութիւնն ու բարի կամեցողութիւնը տակաւին գօտեպնդիչ եւ ներշնչող իրողութիւն են, այդուհանդերձ, պետական մակարդակի թէ ներքաղաքական կեանքի պատկերները այդքան ալ յոյսով պարուրուած չեն, որովհետեւ ատելավառ ու պառակտիչ խօսքերը, կեցուածքներն ու գործելակերպերը մտահոգիչ եզրերու հասած ըլլալով, մինչ ուշքի գալու ահազանգեր կը լսուին ամէնուրեք եւ բոլոր մակարդակներու վրայ:
Արդ, նմանօրինակ կացութեան դէմ յանդիման, յիշատակելի պատահարի մը ականատեսի վկայութիւնն է, որ սպիտակ թուղթին կը յանձնուի, պարզապէս լոյսին բերելու գօտեպնդիչ եւ հպարտացնող նախաձեռնութիւն մը, որ աւելի քան խօսուն է եւ դաստիարակիչ:
Պատահարը կ՛առնչուի Հայկազեան համալսարանի նախագահին, որ սովոր է ամէն յետմիջօրէ, հոգեւոր ու վարչական աշխատանքի դադարէն ետք, նախքան տուն բարձրանալը հանդիպիլ համալսարան ու ճեմել բակին մէջ, հանդիպում ունենալով պաշօտնեաներու թէ ուսանողութեան հետ, հարցնելով անոնց որպիսութիւնը, դասերն ու առօրեայ կեանքի մտահոգութիւնները:
Քանի մը օր առաջ, յանկարծ համալսարան մուտք կը գործէ չափահաս տարիքի այր մը, որ ծանօթ թաղեցի ըլլալով` կը բարեւէ վերապատուելիին եւ կ՛ուզէ մտերմիկ զրոյց մը ունենալ անոր հետ: Զրոյցի տեւողութիւնը տասը վայրկեան է, իսկ անկէ ցայտող բարի ու սքանչելի տրամադրութիւնը` կը զարդարդէ համալսարանի մթնոլորտը:
Վերապատուելին, զրոյցէն ետք, սապէս ինքնամփոփ, խոր գոհունակութեամբ լեցուած, ժպիտը դէմքին, հպարտութեան զգացողութեամբ լիացած ու սրտատրոփ կը սկսի մանրամասնել եղելութիւնը:
Ան կ՛ըսէ. «Հանրածանօթ թաղեցին ինձմէ խնդրեց հետեւեալը` որոշ ժամանակի մը համար օգտագործել համալսարանի կարգ մը դասարանները, որպէսզի 40-50 աշակերտ գան եւ իրենց երկրորդականի պետական քննութեան պատրաստուին»:
Իսկ ո՞վ էր այդ թաղեցին: Ան տեղացի իսլամ մըն է, որ սեփականատէր է վարժարանի մը, որ կը գտնուի Պէյրութի հարաւային արուարձաններու մէջ:
Պատերազմի պատճառով փակուած է վարժարանը: Ճիշդ է, որ դասաւանդումը առցանց կը կատարուէր, այդուհանդերձ հրամայական դարձած է համախմբել այս կամ այն դասարանի աշակերտութիւնը եւ դասարանային առողջ մթնլորտի մէջ, գէթ վերջին շաբաթներուն, զանոնք պատրաստել պետական քննութեան:
Ան` գիտակցելով եւ քաջածանօթ ըլլալով Հայկազեան համալսարանի կրթական կեանքին ու բարեսիրական աշխատանքին, կը դիմէ վերապատուելիին եւ կը խնդրէ անոր օժանդակութիւնը:
Ինչպէս միշտ, վեր. դոկտ. Փոլ Հայտոսթեանի անմիջական եւ սկզբունքային պատասխանը կ՛ըլլայ դրական, խնդրելով սեղմ ժամանակ մը, որպէսզի իր կարգին կարենայ վարչական դասաւորումով մը ապահովել դասարաններ, մանաւանդ որ համալսարանը արդէն իսկ կը պատրաստուի ամավերջի քննութիւններու:
Արդարեւ, նշեալ պատումին հոգեշարժ եւ խրախուսիչ բաժինը կ՛ըլլայ այն, որ տեղացի սեփականատէրը, զանց առնելով շրջանին մէջ գտնուող տարբեր վարժարաններու կարելիութիւնը, կը դիմէ հայկական կրթօճախի մը, ակադեմական միջավայրի մէջ իր ուսանողութիւնը պետական քննութեան պատրաստելու:
Միւս կողմէ, սակայն, զարմանալի ոչինչ պէտք է նկատել նշեալ պատահարին մէջ, պարզապէս որովհետեւ Հայկազեան համալսարանի ակադեմական ուսման ջամբումին զուգահեռ, անոր կենսագրութեան մաս կը կազմեն համամարդկային այս կամ այն տիպի աշխատանքներն ու իրերօգնութեան վերաբերումները:
Սփիւռքի տարածքին հայկական միակ համալսարանի առաքելութեան ծիրին մէջ նմանօրինակ պատումներ կ՛արտացոլացնեն ակադեմական այս կառոյցին հանդէպ ցոյց տրուած բազմակի յարգանքն ու երախտագիտութիւնը:



