Հինգշաբթի, 14 մայիսին եւ ուրբաթ, 15 մայիսին Ուաշինկթընի մէջ Միացեալ Նահանգներու հովանաւորութեամբ Լիբանան-Իսրայէլ բանակցութիւններու փուլի աւարտին հիւրընկալ երկիրի արտաքին գործոց նախարարութիւնը յայտարարեց միջինարեւելեան երկու երկիրներուն միջեւ զինադադարի 45 օրով երկարաձգման մասին` «յաւելեալ յառաջընթացի արձանագրումը կարելի դարձնելու համար»:
Առաջին հերթին պէտք է նկատի ունենալ, որ երկարաձգուող զինադադարը 14 ապրիլին հաստատուած «թշնամական արարքներու դադրեցման» ներկայ զինադադարն է: Ըստ 14 ապրիլին Ուաշինկթընի մէջ գոյացած այդ համաձայնութեան, «Իսրայէլ կը պահպանէ իր իրաւունքը ինքնապաշտպանութեան բոլոր քայլերը որեւէ պահու որդեգրելու` ընդդէմ ծրագրուած, մօտալուտ կամ ընթացող յարձակումներու, առանց որ այդ իրաւունքը ազդէ թշնամական արարքներու դադրեցման վրայ»:
Այսինքն խօսքը ներկայիս գետնի վրայ տիրող իրավիճակի երկարաձգման մասին է, ուստի եւ` իսրայէլեան յարձակումներուն ու ահաբեկումներուն, եւ Հըզպալլայի գործողութիւններուն ու հրթիռարձակումներուն շարունակման մասին:
Կը նշուի, թէ զինադադարը 45 օրով կ՛երկարաձգուի «յաւելեալ յառաջընթացի արձանգրումը կարելի դարձնելու համար»: «Յաւելեալ յառաջընթաց»-ի մասին ակնարկը ուաշինկթընեան վերջին հանդիպումին որոշ յառաջընթաց արձանագրուած ըլլալու մասին կը վկայէ: Լիբանանեան պատուիրակութիւնը եւս խօսեցաւ «դիւանագիտական շօշափելի յառաջընթացի» արձանագրման մասին` լիբանանեան ներքաղաքական նկատառումներէ մղուած ընդգծելով, որ արձանագրուած այդ «շօշափելի յառաջընթաց»-ը «ի շահ Լիբանանի» է:
Այս յառաջընթացի մասին կը վկայէ նաեւ այն իրողութիւնը, թէ բանակցութիւնները շուտով պիտի շարունակուին. բանակցութիւններու քաղաքական հոլովոյթը պիտի շարունակուի 2 եւ 3 յունիսին, իսկ 29 մայիսին պիտի մեկնարկէ մէկ այլ հոլովոյթ մը` ապահովական հոլովոյթը: Եւ այս ճիւղաւորումի ստեղծումը ինքնին բանակցութիւններու մէջ յառաջընթացի մասին կը վկայէ: Այլ խօսքով, նախապատրաստական փուլէն անցում կը կատարուի դէպի բանակցութիւններու աւելի լուրջ ու գործնական փուլ:
Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութիւնը մաղթեց, որ` «Այս քննարկումները տեւական խաղաղութեան ամրապնդման, երկու երկիրներու գերիշխանութեան ամբողջական ճանաչման եւ անոնց հասարակաց սահմանի երկայնքին իսկական ապահովութեան հաստատման առաջնորդեն»:
Այս «մաղթանք»-ը իրականութեան մէջ մաղթանքէ մը աւելին է. անիկա ամփոփումն է բանակցութիւններու վերջնական նպատակին` տեւական խաղաղութեան հաստատում, երկու երկիրներու գերիշխանութեան ամբողջական ճանաչում` իմա՛ Լիբանանի կողմէ Իսրայէլի ճանաչում, եւ երկու երկիրներու միջեւ հասարակաց սահմանի երկայնքին իսկական ապահովութեան հաստատում:
Առաջին երկուքը քաղաքական հոլովոյթին նպատակներն են, իսկ 3-րդը` ապահովականին: Նշանակալից է այն իրողութիւնը, որ ապահովական հոլովոյթի ժողովը քաղաքական հոլովոյթի ժողովէն քանի մը օր առաջ է: Իրողութիւն մը, որ պատահական չէ, եւ ամերիկեան-իսրայէլեան կողմին Հըզպալլայի ներկայացուցած «վտանգի վնասազերծում»-ը առաջնահերթութիւն նկատելուն մասին կը վկայէ:
Իսրայէլեան պատուիրակութեան պետ, Ուաշինկթընի մէջ Իսրայէլի դեսպան Եխիէլ Լայթեր հաստատեց այդ իրողութիւնը, երբ Լիբանանի հետ «Խաղաղութեան բանակցութիւնները անկեղծ ու շինիչ» որակելէ ետք յայտարարեց. «Ելեւէջներ պիտի ըլլան, սակայն յաջողութեան կարելիութիւնը մեծ է: Բանակցութիւններու ամբողջ ընթացքին առաւելագոյն կարեւորութիւն ունեցող հարցը մեր քաղաքացիներու եւ զինուորներու անվտանգութիւնը պիտի ըլլայ»:
«Տեւական խաղաղութեան հաստատում»-ը ինքնին կ՛ենթադրէ Լիբանանի եւ Իսրայէլի միջեւ խաղաղութեան համաձայնագիրի ստորագրում, իրողութիւն մը, որ բնականաբար չվրիպեցաւ ուշադրութենէն Հըզպալլայի, որ հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով` յայտարարեց. «Խաղաղութեան համաձայնութեան մասին խօսիլը շեղում է եւ թշնամիին անոր յարձակումին համար անպարտութեան շնորհում: Լիբանանեան իշխանութիւններուն կոչ կ՛ուղղենք` ձրի զիջումներու ֆիլմաշարը դադրեցնելու»:
Կուսակցութեան երեսփոխանական պլոքի` Հաւատարմութիւն դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի անդամ Իպրահիմ Մուսաուի քիչ մը աւելի անդին երթալով` զգուշացուց. «Իշխանութիւնները պէտք է դադրեցնեն իրենց շեղումն ու թշնամիին առջեւ զիջումները, որովհետեւ ան, որ անցեալին 17 մայիսի համաձայնութիւնը տապալեց, դաւաճանական որեւէ համաձայնութիւն պիտի տապալէ»: Թերեւս կարելի է առարկել, թէ Լիբանանի եւ Իսրայէլի միջեւ 17 մայիս 1983-ին գոյացած համաձայնութիւնը տապալողը Հըզպալլան չէր, սակայն այդ իրողութիւնը յղուած պատգամի լրջութենէն ոչինչ կը փոխէ:



