Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Արամ Ա. Կաթողիկոս Հանդիպում Ունեցաւ Լեւոն ԺԴ. Պապին Հետ

May 18, 2026
| Գաղութային, Գլխաւոր լուրեր
0
Share on FacebookShare on Twitter

Երկուշաբթի, 18 մայիս 2026-ին, Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը Վատիկանի մէջ առանձին հանդիպում ունեցաւ Լեւոն ԺԴ. պապին հետ:

Հանդիպման ընթացքին վեհափառ հայրապետը նախ անդրադարձաւ հետեւեալ նիւթերուն.- Զատկուան միացեալ թուականի ճշդում, բոլոր նահատակներու յիշատակութեան օր եւ Վատիկան Գ. համաժողովի գումարում` կարեւորութեամբ ընդգծելով յիշեալ նիւթերուն հրամայական անհրաժեշտութիւնը համաքրիստոնէական կեանքին մէջ:

Ապա, անդրադառնալով Արցախի հարցին` վեհափառ հայրապետը շեշտեց Արցախի հայութեան վերադարձի իրաւունքը` միջազգային երաշխաւորութեամբ, եկեղեցիներու եւ պատմական կոթողներու պահպանումը` միջազգային օրէնքին համաձայն եւ Պաքուի մէջ կալանաւորուած Արցախի ղեկավարներու շուտափոյթ ազատ արձակման անհրաժեշտութիւնը:

Վեհափառ հայրապետը նաեւ խօսեցաւ Լիբանանի ներկայ կացութեան մասին` ընդգծելով Լիբանանի պետութեան գերիշխանութիւնն ու ներկայութիւնը լիբանանեան բոլոր հողերուն վրայ, Իսրայէլի հեռացումը Լիբանանի հարաւէն եւ զինադադարի յարգումը: Բնականաբար, ան նաեւ անդրադարձաւ միջեկեղեցական շարժումի կարեւորութեան, այս ծիրին մէջ անհրաժեշտ նկատելով աստուածաբանական հարցերու առընթեր բարոյագիտական խնդիրներու յատուկ կարեւորութիւն տալու առաջնահերթութիւնը:

Վերոյիշեալ կէտերուն գծով պապը իր հասկացողութիւնն ու զօրակցութիւնը յայտնեց` իր կարգին տալով անհրաժեշտ բացատրութիւններ:

Յայտնենք, որ վեհափառ հայրապետը եւ սրբազան քահանայապետը յիշեալ հանդիպումէն ետք մէջ ընդ մէջ առանձին զրոյց ունեցան յիշեալ եւ այլ հարցերու գծով` տեսակէտներ ու մտահոգութիւններ փոխանակելով:

Արամ Ա. Կաթողիկոսի Եւ Լեւոն ԺԴ. Պապին Միջեւ Պաշտօնական Խօսքերու Փոխանակում

Երկու հոգեւոր պետերուն միջեւ տեղի ունեցած առանձին հանդիպումին յաջորդեց պաշտօնական խօսքերու փոխանակումը` վեհափառ հայրապետին պատուիրակութեան անդամներուն եւ Վատիկանի ներկայացուցիչներուն ներկայութեան:

Վեհափառ հայրապետը իր խօսքին մէջ անդրադարձաւ հայ եկեղեցւոյ ու Վատիկանի միջեւ գոյութիւն ունեցող պատմական յարաբերութեան, որ աւելի լայն ծաւալ ստացած է կիլիկեան թագաւորութեան շրջանին, 11-րդ դարէն ետք: Այս յարաբերութիւնը աւելի զարգացաւ միջեկեղեցական շարժումի յառաջացումով եւ իր արտայայտութիւնը գտաւ աստուածաբանական երկխօսութիւններու եւ միջեկեղեցական հանդիպումներու ու գործակցութեանց ճամբով: Արամ Ա. կաթողիկոս ապա անդրադարձաւ երկու կարեւոր կէտերու.

ա) Ան իր ջերմ շնորհակալութիւնը յայտնեց Հայոց ցեղասպանութեան եւ հայ ժողովուրդի իրաւունքներու վերատիրացման գծով Վատիկանի ցուցաբերած նեցուկին, ինչպէս նաեւ Արցախի ժողովուրդի ինքնորոշման իրաւունքին զօրակցութեան գծով:

բ) Վեհափառ հայրապետը ողջունեց Վատիկանի զօրակցութիւնը Լիբանանի գծով` յիշեցնելով, որ Լիբանանը ամբողջ հայութեան կեանքին մէջ կարեւոր տեղ ունի, որովհետեւ ան եղած է Ցեղասպանութենէն ետք հայ ժողովուրդին վերազարթօնքի կեդրոնը: Վեհափառ հայրապետը նաեւ ընդգծեց Լիբանանի կարեւորութիւնը իբրեւ քրիստոնեայ-իսլամ համակեցութեան երկիր:

Ապա, շեշտելով միջեկեղեցական յարաբերութեանց յատուկ կարեւորութիւնը` Արամ Ա. կաթողիկոս ըսաւ, թէ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութիւնը նո՛յն ոգիով ու յանձնառութեամբ պիտի շարունակէ իր սերտ գործակցութիւնը Վատիկանի եւ ընդհանրապէս կաթողիկէ եկեղեցւոյ հետ:

Լեւոն ԺԴ. սրբազան քահանայապետը իր պատգամին մէջ դարձեալ անդրադարձաւ յատկապէս կիլիկեան շրջանին հայ եկեղեցւոյ ու կաթողիկէ եկեղեցւոյ յարաբերութեան եւ ապա անոր զարգացման, երբ Կիլիկիոյ կաթողիկոսութիւնը փոխադրուեցաւ Անթիլիաս, Լիբանան: Այս ծիրին մէջ ան նաեւ ողջունեց Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին կարեւոր դերը միջեկեղեցական շարժումի ծիրին մէջ, յատկապէս Եկեղեցիներու համաշխարհակին խորհուրդին ճամբով եւ կաթողիկէ եկեղեցւոյ հետ գործակցութիւնը աւելի ծաւալելու առումով: Իր խօսքին մէջ ան նաեւ յիշեց Ս. Ներսէս Շնորհալի հայրապետը` իբրեւ ախոյեան միջեկեղեցական յարաբերութեանց, եւ վեհափառ հայրապետին այցելութեան առիթով, առաջին անգամ ըլլալով յայտարարեց, թէ կաթողիկէ եկեղեցին, Ս. Ներսէս Շնորհալի մեծ հայրապետը ներառած է հռոմէական եկեղեցւոյ Յայսմաւուրքին մէջ եւ այսուհետեւ անոր յիշատակութիւնը պիտի կատարուի կաթողիկէ եկեղեցւոյ կողմէ եւս: Պապը նաեւ ընդգծեց Լիբանանի կարեւորութիւնը թէ՛ շրջանի քրիստոնէութեան համար եւ թէ՛ քրիստոնեայ-իսլամ համակեցութեան իմաստով:

Պաշտօնական խօսքերու փոխանակումէն ետք, վեհափառ հայրապետը ներկայացուց պատուիրակութեան անդամ սրբազան հայրերը: Ապա, տեղի ունեցաւ նուէրներու փոխանակում: Վեհափառ հայրապետը պապին նուիրեց Բարձրբերդի Աւետարանի կրկնօրինակը, որ պատրաստուած է կաթողիկոսարանին կողմէ, իսկ պապը` Նիկիոյ Ա. տիեզերական ժողովը ներկայացնող պղինձէ քանդակ:

Յաջորդիւ, Առաքելական ապարանքի Ուրբանոս Ը. մատրան մէջ (Urban VIII Chapel), Լեւոն ԺԴ. պապին եւ Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին նախագահութեամբ տեղի ունեցաւ միացեալ եկեղեցական արարողութիւն մը, որ պատրաստուած էր յատկապէս հայ եկեղեցւոյ ծէսէն առնուած աղօթքներով ու շարականներով:

 

Նախորդը

Նախագահ Ք. Թասուլաս Այցելեց Տիտիմոթիքոյի Հայկական Եկեղեցին

Յաջորդը

Խապրիկներ Եգիպտոսէն. Հոյպունի Մասին Գիտական Մենագրութիւն Կը Պատրաստէ

RelatedPosts

Թրամփ. «Կը Մտածենք Իրանի Վրայ Յարձակում  Գործելու Մասին, Եւ Թերեւս  Ատիկա Վաղը Տեղի Ունենայ»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Կը Մտածենք Իրանի Վրայ Յարձակում Գործելու Մասին, Եւ Թերեւս Ատիկա Վաղը Տեղի Ունենայ»

October 26, 2026
Ուշաքով. «Ռուսիան Պատրաստ Է 4 Նոյեմբերէն Ետք  Վերսկսելու Ուքրանիոյ Շուրջ Բանակցութիւնները»
Գլխաւոր լուրեր

Ուշաքով. «Ռուսիան Պատրաստ Է 4 Նոյեմբերէն Ետք Վերսկսելու Ուքրանիոյ Շուրջ Բանակցութիւնները»

October 26, 2026
Թրիփոլի Այցելելով.  Աուն. «Լիբանանը Ո՛չ Մէկ Խումբով, Ո՛չ Մէկ Շրջանով,  Ո՛չ Ալ Միայն Մէկ Համայնքով Ոտքի Կը Կանգնի,  Այլ Միայն Երբ Անոր Ժողովուրդը Միաւորուի  Պետութեան Ծրագիրին Շուրջ»
Գլխաւոր լուրեր

Թրիփոլի Այցելելով. Աուն. «Լիբանանը Ո՛չ Մէկ Խումբով, Ո՛չ Մէկ Շրջանով, Ո՛չ Ալ Միայն Մէկ Համայնքով Ոտքի Կը Կանգնի, Այլ Միայն Երբ Անոր Ժողովուրդը Միաւորուի Պետութեան Ծրագիրին Շուրջ»

October 26, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.