Լիբանանի ողիմպիական կոմիտէն ցաւակցագիր մը հրապարակեց Լիբանանի մարզական կեանքի մեծագոյն դէմքերէն Մալիհ Ալիուանի մահուան առիթով:
Մալիհ Ալիուան մահացած էր շաբաթ օր` ետին ձգելով մեծ աւանդ մը: Ան եղած է նախկին ծանրաբարձ, ծանրաբարձութեան եւ մարմնի մկաններու ցուցադրութեան ֆետերասիոնի նախկին նախագահ, որ հիմնած է նաեւ այս մարզաձեւի արաբական ֆետերասիոնը, եղած է նաեւ Ծանրաբարձութեան միջազգային ֆետերասիոնի փոխնախագահ եւ Լիբանանի Ողիմպիական կոմիտէի փոխնախագահ, ինչպէս նաեւ երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարարութեան մարզական բաժանմունքի տնօրէնի նախկին գործակատար:


