. ՌԷԱԼ ՄԱՏՐԻՏԻ միջնապահ Օրելիեն Չուամենի կրնայ իր ասպարէզը շարունակել Անգլիոյ «Փրեմիեր լիկ»-ին մէջ: Ըստ «Ֆիշախես»-ի, ֆրանսացի ֆութպոլիստի ծառայութիւններով լրջօրէն հետաքրքրուած է Մանչեսթըր Սիթի:
Ըստ աղբիւրի տեղեկութիւններուն, «սիթիզընս» պատրաստ են 90 միլիոն եւրօ վճարելու 26 տարեկան միջնապահին ծառայութիւններուն դիմաց: Կը նշուի, որ անգլիական խումբին այժմու մարզիչ Փեփ Կուարտիոլա մարտավարական տեսանկիւնէն Չուամենին կը նկատէ իտէալ ֆութպոլիստ: Թէեւ մատրիտեան ակումբը բարձր կը գնահատէ միջնապահին կարեւորութիւնը, բայց նման մեծ առաջարկ մը կրնայ ստիպել Ռէալի ղեկավարութիւնը մտածելու ֆրանսացի մարզիկի վաճառքին մասին:
Նշենք, որ Չուամենի 2022-ին միացած էր Մատրիտին` 80 միլիոն եւրոյի փոխարէն լքելով Մոնաքոն:
. ԼԻՎԸՐՓՈՒԼԻ նախկին գլխաւոր մարզիչ Եուրկեն Քլոփ դէմ չէ ապագային ստանձնելու Գերմանիոյ ազգային խումբին ղեկը: Այս մասին կը տեղեկացնէ սպանական «Տիարիօ Ա. Ս.» պարբերականը:
Աղբիւրին համաձայն, հակառակ այս պատրաստակամութեան, գերմանացի մասնագէտը չի շտապեր վերադառնալ մարզչական գործունէութեան եւ խոր յարգանքով կը վերաբերի այժմու մարզիչ Եուլիան Նակելսմանին եւ սպասողական դիրք կը գրաւէ:
Նիւթեր շրջան կ՛ընէին վերջերս, թէ Ռէալ Մատրիտ փափաք ներկայացուցած է Քլոփի աշխատանքով, բայց վերջինս մերժած է այդ առաջարկը:
ՊՐԱԶԻԼԵԱՆ Սանթոս ակումբին մէջ լարուած մթնոլորտ մը ստեղծուած է, երբ պրազիլցի նախկին աստղ Ռոպինիոյի 18 տարեկան որդին` Ռոպսոն անարգանքի ենթարկուելէ ետք խումբի աստղ Նէյմարէն, կ՛ուզէ խզել իր պայմանագրութիւնը:
Հարցը ստեղծուած է, երբ Ռուպսոն փորձի պահուն խաղի բերած է Նէյմարը, բայց վերջինիս անոր ոտքով կից տուած է: Աւելի ուշ գանգատելէ ետք, Նէյմար խօսքով վիրաւորած է զայն եւ ապտակած:
. ՄԱՆՉԵՍԹԸՐ ՍԻԹԻԻ մարզիչ Կուարտիոլա վերջերս զրոյցի մը պահուն խօսած է միջնապահ Ռայան Շերքիի մասին: Կուարտիոլա կատակելով ըսած է. «Հիմա ընկերային ցանցերուն վրայ ան կը հրապարակէ, թէ ինչպէս բռնցքամարտով կը զբաղի: Ատիկա անակնկալ էր ինծի համար եւ անսպասելի: Ես այլեւս չեմ վիճիր հետը, եւ միշտ պիտի խաղայ: Այդ մէկը սարսափելի է»:
Նշենք, որ Շերքի արդէն իսկ հիմնական մարզիկ է Սիթիի հետ եւ մասնակցած է 46 մրցումներու` նշանակելով 10 կոլ եւ կատարելով 13 էսիսթ:
. ԱՐՄԱՆ ԾԱՌՈՒԿԵԱՆ իր յաջորդ մենամարտը պիտի ունենայ 30 մայիսին` «ՌԱՖ» լիկային մէջ: «Եու. Էֆ. Սի.»-ի հայ մարզիկը պիտի մասնակցի «Ռաֆ 10» մրցաշարքին, որ տեղի պիտի ունենայ Տալասի մէջ (Միացեալ Նահանգներ): Անոր մրցակիցը պիտի ըլլայ Քիլոն Ճեմիսոն «Մակզի»:
Ծառուկեանի համար ասիկա պիտի ըլլայ յաջորդական 5-րդ ելոյթը «ՌԱՖ»-ին մէջ: Այդ պատճառով ալ ան ձեւով մը դարձաւ այս մրցաշարքի ամէնէն փայլուն եւ սպառած դէմքերէն մէկը: Անոր մրցանիշը առայժմ 4-րդ յաղթանակն է 4 մրցումներու ընթացքին:
Ճիմիսոն 3 մրցում կատարած է նախապէս եւ միայն 1 յաղթանակ արձանագրած: «Մակզի» Արմանի նման մասնագիտութեամբ ըմբիշ է, բայց վերջին տարիներուն ան աւելի հռչակ ունի իբրեւ «պլոկըր» եւ պատասխանատու: Ան մինչեւ այս մենամարտը կրցած է յաղթել Քլէյ Կվիտային եւ պարտուած Ճորճիօ Փուլասէն եւկ Քէյլեն Հենշելիէն:


