Երէկ «Էն. Պի. Էյ.»-ի փլէյ-օֆի Արեւելեան շրջանի առաջին հանգրուանի վերջին մրցումները տեղի ունեցան:
7-րդ եւ վճռական իր մրցումին, Քլիվլենտ Քեվելիրզ 3-րդ մասին է, որ կրցաւ մրցումին յաղթանակը ձեւով մը ապահովել: Այս մրցումին փայլեցաւ մանաւանդ սենթըր Ճերըթ Էլըն, որ 22 կէտ եւ 19 ռիպաունտ ձեռք ձգեց: Տոնավըն Միչել (22 կէտ) եւ Ճէյմս Հարտըն (18 կէտ) իրենց կարգին լաւ ելոյթներ ունեցան, եւ Քլիվլենտ իր դաշտի բոլոր մրցումներուն ալ յաղթելով հասաւ Արեւելեան շրջանի կիսաւարտական:
4-րդ դասուած Քլիվլենտ կիսաւարտականին պիտի մրցի թիւ 1 դասուած Տիթրոյիթ Փիսթընզի դէմ, որ մեծ դժուարութիւն ունեցաւ յաղթելու 8-րդ դասուած Օրլանտօ Մեճիքին` 116-94 արդիւնքով:
«Օլ Սթար»-ի մարզիկ Քէյտ Քանինկհեմ 32 կէտ եւ 12 էսիսթ ձեռք ձգեց, մինչ Թոպիաս Հերիս 30 կէտ աւելցուց ի նպաստ Տիթրոյիթի, որ բաւական լաւ եղանակ անցընելէ ետք կրցած էր փլէյ օֆ հասնիլ եւ 3-1 արդիւնքով ետ մնալէ ետք 4-3 ճակատումներու արդիւնքով յաղթել:
Վերջին 18 տարիներուն ասիկա առաջին փլէյ-օֆի յաղթանակն էր Տիթրոյիթի, որ մեծ յոյսեր ունի դրական եղանակը աւարտելու, անշուշտ եթէ լաւ խաղան:


