. ԻՍՐԱՅԷԼԵԱՆ «Իսրայէլ Հայոմ» օրաթերթ. «Լիբանանի հետ համաձայնութիւնը «յարաբերութիւններու բնականոնացում» պիտի չըլլայ»:
ԻՍՐԱՅԷԼԵԱՆ պատկերասփիւռի 12-րդ կայանը նշեց, որ զինուորական հետախուզութեան բաժանմունքը` Ամանը Քնեսեթի մէջ արտաքին յարաբերութիւններու եւ անվտանգութեան յանձնախումբի նիստին ընթացքին ներկայացուցած է ապահովական գնահատում մը, որուն հրապարակման համար արտօնուած մէկ մասի գլխաւոր բաժինը այն է, թէ Լիբանանի նախագահ Ժոզեֆ Աունի Իսրայէլի հետ բանակցային հոլովոյթին մէջ ներգրաւումը «կրնայ անոր կեանքը վտանգել»:
«Պէյրութի մէջ ռմբակոծումը ներկայիս սեղանի վրայ չէ, սակայն սպառնալիքներու թիրախաւորման հաւանութիւն գոյութիւն ունի», նշուած է զեկուցումին մէջ:
. ԻՍՐԱՅԷԼԱՑԻ ապահովական բարձրաստիճան պաշտօնատար մը իսրայէլեան «Ետիոթ Ահրոնոթ» օրաթերթին. «Լիբանանի մէջ ամերիկացիներուն պատճառով չափաւորականութեամբ կը գործենք, իսկ իրանեան կողմին վրայ չենք գիտեր, թէ հարցերը իրապէս դէպի ո՛ւր կ՛ուղղուին»:
. ՔԱՂԱՔԱԿԱՆ աղբիւրներ «Տիար» օրաթերթին. «Զինադադարի համաձայնութիւնը բուռն պատերազմը դադրեցնելու մեծ քայլ է, որովհետեւ պիտի ներառէ գերիշխանութեան բոլոր հիմքերը` իբրեւ առաջին պայման Լիբանանէն ոչ մէկ թիզ պիտի զիջուի, եւ իսրայէլեան բանակը պիտի հեռանայ` Լիբանանի արժանապատուութիւնը պահպանող հետագայ պահանջներով միատեղ»:
. ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ քաղաքական շրջանակներ «Տիար» օրաթերթին. «Մտավախութիւն գոյութիւն ունի, թէ Իսրայէլին հարաւէն դուրս սերտուած հարուածներ գործադրելու ամերիկեան կանաչ լոյսը ամերիկեան-իսրայէլեան ճնշումի միացեալ գործողութիւն ըլլայ` Լիբանանին ստիպելու համար, որ ընթանայ Թրամփի ճամբու քարտէսով, որուն առաջին քայլը Սպիտակ տան մէջ Նեթանիահուի հետ դէմ առ դէմ հանդիպումն է»:
. ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԻ նախագահ Նեպիհ Պըրրիի մօտիկ աղբիւրներ «Ասաս Միտիա»-ին կը պնդեն. «Ան չի կրնար հաւանութիւն տալ կրակոցի տակ որեւէ տեսակի բանակցութեան, ինչպէս ներկայիս տեղի կ՛ունենայ»:
. ԻՍՐԱՅԷԼԱՑԻ պաշտօնատար մը իսրայէլեան պետական պատկերասփիւռի կայանին. «Կռիւի վերադառնալէ առաջ, Լիբանանին երկու շաբաթ տուինք բանակցութիւններու ճամբով համաձայնութեան հասնելու»:
. «ՆԻՏԱ ՈՒԱԹԱՆ» օրաթերթի տեղեկութեան համաձայն, «համաներումի պատրաստուած բնագիրը «մեկնաբանելի է» եւ տարբեր բացատրութիւններու առիթ կ՛ընծայէ, ինչ որ խստութիւն եւ յստակացում կը պահանջէ: Ուստի կը պահանջուի համաներումէն բացառուածներ, որպէսզի պետութեան մէջ տարիներով ելեւմտական փտածութեան մեղսակիցները հաշուետուութենէ չխուսափին»:
. ԿԱՌԱՎԱՐԱԿԱՆ աղբիւր մը քուէյթեան «Անպա» օրաթերթին. «Տակաւին Լիբանան-Սուրիա պաշտօնական բանակցութիւններու նոր փուլի մանրամասնութիւններուն շուրջ քննարկում տեղի կ՛ունենայ` ընդգծելով, որ լիբանանեան կառավարութիւնը աշխատանք կը տանի առկախ մնացած բոլոր թղթածրարներու կարգաւորման համար»:


