Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

April 29, 2026
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

. ԻՍՐԱՅԷԼԵԱՆ լրատուամիջոցներ. «Իսրայէլեան բանակը սկսաւ Լիբանանի մէջ «Առիւծի Մռնչիւն» պատերազմը ձախողութեամբ եւ մեծ դառնութեամբ աւարտել»:

. ԻՍՐԱՅԷԼԵԱՆ «Ետիոթ Ահրոնոթ» օրաթերթ. «Քաղաքական իշխանութիւնները իսրայէլեան բանակին կ՛արգիլեն Հըզպալլայի «խախտումներուն» հակադարձել, եւ լիբանանեան անօդաչու թռչող սարքերու խնդիրին հակադարձութիւնը Իսրայէլի եւ Միացեալ Նահանգներու շահերու բախում կը ստեղծէ»:

. ԱՂԲԻՒՐ մը իսրայէլեան պետական ձայնասփիւռի կայանին. «Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահու իր նախարարներուն յայտնեց, որ Լիբանանի մէջ իր ըրածէն աւելի շատ բան չի կրնար ընել, եւ Միացեալ Նահանգներու ուզածը այդ է»:

. ՊԱԱՊՏԱՅԻ պալատի մթնոլորտին լաւատեղեակ աղբիւրներ «Տիար» օրաթերթին. «Նախագահին խօսքը շէյխ Քասեմին խօսքին պատասխան չէր: Անոր խօսքին բովանդակութիւնը նախապէս պատրաստուած էր, սակայն պահը այդ տպաւորութիւնը ստեղծեց»:

. ՇԻԻ երկեակի աղբիւրները «Տիար» օրաթերթին. «Հանրապետութեան նախագահի երէկուան դիրքորոշումը անցողակի չէ, այլ կ՛արտացոլացնէ երկրի ներքին քաղաքականութեան մէջ խորքային հարց մը, եւ ոչ թէ մանրամասնութեան մը շուրջ խոր պառակտումը, ինչպէս նաեւ չափազանց վտանգաւոր փուլի մը սկիզբը ցոյց կու տայ»:

. ՆԱԽԱԳԱՀԱԿԱՆ պալատէն աղբիւրներ «Անպա» օրաթերթին. «Նախագահը վճռեց իր մասնակցութիւնը Թրամփի հետ Սպիտակ տան մէջ երեք շաբաթ ետք նախատեսուած բանակցութիւններուն, առանց անդրադառնալու Նեթանիահուի հետ հանդիպումին, ինչպէս վերջինը կը նշէ եւ Թրամփ կը պահանջէ»:

. ՀԱԿԱՌԱԿ Լիբանանի մէջ հաստատուած զինադադարին, ապա` անոր երկարաձգումին, «Նահար» օրաթերթի տուեալներով, զինադադարի ժամանակաշրջանին իսրայէլեան կողմը կատարած է ծովային, ցամաքային եւ օդային 500 խախտումներ, արձանագրուած են 35 զոհեր եւ 75 վիրաւորներ:

. ՍԵՓԱԿԱՆ հիւանդանոցներու սենտիքայի նախագահ Փիեռ Եարետ «Անպա» օրաթերթին. «Այն խօսքը, թէ հիւանդանոցներու մէջ դարմանումի ծախսը անողորմ է, բացարձակապէս մերժելի է, եւ անիկա տրամաբանական ծախս մըն է` բաղդատմամբ քայքայման այն մեծ ծաւալին, որ երկիրը կրեց տնտեսապէս, ելեւմտական ու ապահովական գետնի վրայ, ինչպէս նաեւ համաշխարհային սղաճի լոյսին տակ»:

. ՀԱՄԱՇԽԱՐՀԱՅԻՆ սննդեղէնի ծրագիրի բանբերը «Սաութ Լուպնան» ձայնասփիւռի կայանին. «Լիբանանի մէջ տեղահանութեան տագնապը կը վերածուի մեծ ճգնաժամի, մասնաւորաբար գնողունակութեան անկման պատճառով, եւ մօտաւորապէս 900 հազար մարդ կը տառապի տարրական պարենային անվտանգութեան չգոյութենէն»:

. 95 օքթան պենզինին գինը բարձրացաւ 7000 լ.ո.-ով եւ հասաւ 2.385.000 լ.ո.-ի, 98 օքթանինը` 8000 լ.ո.-ով եւ հասաւ 2.426.000 լ.ո.-ի, մազութին գինը նուազեցաւ 45000 լ.ո.-ով եւ հասաւ 1.639.000 լ.ո.-ի, իսկ պիւթակազին գինը նուազեցաւ 67000 լ.ո.-ով եւ հասաւ 1.639.000 լ.ո.-ի:

 

Նախորդը

Ըմբշամարտ. Արսէն Յարութիւնեան Շահեցաւ Հայաստանի Վերջին Պրոնզ Մետալը

Յաջորդը

Սահեր. «Լիբանանի Մէջ Մեր Գործողութիւնները Պաշտպանողական Է»

RelatedPosts

Պըրրի. «Թիւ 1701 Որոշումը Լիբանանի  Իր Հողերուն Վերատիրանալու  Իրաւունքը Կ՛երաշխաւորէ»
Գլխաւոր լուրեր

Պըրրի. «Թիւ 1701 Որոշումը Լիբանանի Իր Հողերուն Վերատիրանալու Իրաւունքը Կ՛երաշխաւորէ»

November 7, 2026
Շէյխ Խաթիպ. «Կը Զօրակցինք Երդման Ճառին»
Լիբանանեան

Շէյխ Խաթիպ Դատապարտեց Հինգ Դեսպանատուներու Հաղորդագրութիւնը

November 7, 2026
Պայրագտարեան Ընդունեց ԵՈՒՆԻՍԵՖ-ի  Պատուիրակութիւնը
Լիբանանեան

Պայրագտարեան Ընդունեց ԵՈՒՆԻՍԵՖ-ի Պատուիրակութիւնը

November 7, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.