. ԻՍՐԱՅԷԼԵԱՆ պատկերասփիւռի 14-րդ կայանը, մէջբերելով Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահուն, կը հաղորդէ. «Լիբանանի հետ զինադադարը շատ փխրուն է, եւ չենք կրնար ռիսքի դիմել»:
. ԴԻՒԱՆԱԳԻՏԱԿԱՆ աղբիւր մը «Անպա» օրաթերթին. «Ներկայ իրավիճակը ի յայտ կը բերէ, թէ զինադադարը տակաւին փխրուն է, եւ մարտական գետնի վրայ որեւէ սխալ կրնայ հարցերը վերադարձնել զերօ կէտին, որովհետեւ Իսրայէլ զինադադարը առիթ մը կը նկատէ իր հիւսիսային սահմաններուն վրայ աւելի խիստ ապահովական պայմաններ պարտադրելու»:
. «ՆԻՏԱ ՈՒԱԹԱՆ» օրաթերթ. «Նախագահ Աուն երէկ ամբողջ օրը Ուաշինկթընի հետ կապ հաստատեց հարաւային Լիբանանի մէջ մարտական իրավիճակին հետեւելու եւ զինուորական մագլցումը զսպելու համար: Ամերիկացիները անոր խոստացան այս թղթածրարով զբաղիլ»:
. ԱՒԻ Աշքենազի իսրայէլեան «Մաարիւ» օրաթերթին. «Իսրայէլեան բանակը կը գիտակցի, թէ Լիբանանի մէջ ներկայ ճակատամարտին կորսնցուց այն ձեռքբերումը, որ իրագործեց անցեալի «Հիւսիսի նետեր» պատերազմէն ետք»:
. ԵՈՒՍԻ Եհշոհ իսրայէլեան «Ետիոթ Ահրոնոթ» օրաթերթին. «Անցեալ շաբաթ հարաւային Լիբանանի մէջ տեղի ունեցաւ ականուած անօդաչու թռչող սարքերով ահաւոր յարձակում մը, որուն մանրամասնութիւնները տակաւին զինուորական գրաքննութեան ենթակայ են»:
. ՀԸԶՊԱԼԼԱՅԻ ղեկավարներէն նախկին երեսփոխան Նաուաֆ Մուսաուի «Ռիսալա» ձայնասփիւռի կայանին յայտնեց. «Զինադադարը կը վերաբերի սիոնական թշնամիին այսպէս կոչուած «Լիբանանի խորք»-ի ռմբակոծումը դադրեցնելուն»:
«Դիմադրութիւնը չի կրնար լիբանանեան հողերը բռնագրաւող որեւէ զինուորի վրայ կրակոցը դադրեցնել», աւելցուց ան` շեշտելով. «Բռնագրաւող զինուորներուն դէմ Դիմադրութեան գործողութիւնները կը շարունակուին, ինչ որ թշնամիին վրայ ճնշումը կ՛աճեցնէ եւ զինք կը մղէ բռնագրաւեալ լիբանանեան հողերէն հեռանալու»:
. ՀԱՒԱՏԱՐՄՈՒԹԻՒՆ դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի անդամ Հասան Ֆատլալլա իշխանութեան կոչ ուղղեց` օգտուելու Սէուտական Արաբիա-Իրան մերձեցումէն:
«Թաէֆի համաձայնագիրին իրողական սպառնալիքը իշխանութեան վարմունքն ու անոր աղէտալի ընտրանքներն են», նշեց երեսփոխանը:


