. «ԷԼ.ՊԻ.ՍԻ.»-ի տեղեկութիւններուն համաձայն, «Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան մէջ հինգշաբթի օրուան ժողովը երկու կէտերու շուրջ է` զինադադարի երկարաձգման եւ բանակցութիւններու ժամկէտի ու վայրի ճշդման»:
. ՄԻԱՑԵԱԼ ՆԱՀԱՆԳՆԵՐՈՒ արտաքին գործոց նախարարութենէն պաշտօնատար մը «Էմ.Թի.Վի.»-ին. «Ուաշինկթըն կ՛ողջունէ Լիբանանի եւ Իսրայէլի միջեւ 14 ապրիլին սկսած շինիչ հաղորդակցութիւնը եւ պիտի շարունակէ երկու կառավարութիւններուն միջեւ ուղղակի ու բարի կամեցողութեամբ քննարկումները դիւրացնել»:
. ԱՂԲԻՒՐ մը «Անպա» օրաթերթին. «Լիբանանի դիրքորոշումը հիմնուած է պետութեան որդեգրած շարք մը քայլերուն վրայ եւ կը վայելէ շրջանային ու միջազգային աջակցութիւն, ինչ կը վերաբերի բանակցութիւններուն կառչելուն եւ անոնց պատրաստուելու շարք մը գաղափարներու ճամբով, որոնք արաբական ու միջազգային մասնակցութեամբ կը քննարկուին դիրքորոշումը ամրապնդելու նպատակով»:
. ԱՂԲԻՒՐ մը «Ժումհուրիա» օրաթերթին. «Մինչեւ հիմա ակնարկուող բանակցութիւններուն ուղին չյստակացաւ, հակառակ մօտիկ ապագային նախաձեռնելու լրջութեան վերաբերեալ ամերիկեան ցուցանիշերուն, եւ թերեւս անոր գաղտնաբառը, մասնաւորաբար ինչ կը վերաբերի կայացման ժամկէտին, կը գտնուի Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Միշէլ Իսայի մօտ»:
. ՄԻԱՑԵԱԼ ՆԱՀԱՆԳՆԵՐՈՒ դեսպանի աշխատանքի մթնոլորտին հետեւող աղբիւրներ «Ժումհուրիա» օրաթերթին. «Միացեալ Նահանգներ ուժեղ կերպով բանակցութիւններու կայացման ուղղութեամբ շատ մղում պիտի կատարեն, եւ այս շաբթուան ընթացքին անոնց շուրջ զարգացումի մը արձանագրման վերաբերեալ ցուցանիշեր գոյութիւն ունին»:
. ՊԱՇՏՕՆԱԿԱՆ աղբիւր մը «Ժումհուրիա» օրաթերթին. «Երթը դժուար է, եւ չենք նսեմացներ անոր բարդութիւններուն տարողութիւնը, սակայն հակառակ ատոր, մենք այդ ուղղութեամբ կ՛ընթանանք, եւ կտրուկ կերպով յանձնառու ենք այդ բանակցութիւններուն մասնակցելու, որովհետեւ ներկայ փուլին անկէ բացի այլ կարելիութիւն գոյութիւն չունի»:
. «ԷՄ.ԹԻ.ՎԻ.» պատկերասփիւռի կայանին տեղեկութիւններուն համաձայն, «Պաապտայի պալատին ու Այն Թինէի միջեւ հաղորդակցութիւն գոյութիւն ունի` խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրին բանակցութիւններուն վերաբերեալ հաղորդակցութիւններու մթնոլորտին մէջ դնելու համար»:
. ԶԻՆՈՒՈՐԱԿԱՆ փորձագէտ մը «Անպա» օրաթերթին. «Հարաւային Լիբանանի մէջ իր գրաւած շրջաններուն մէջ իսրայէլեան բանակը գործադրած է աւելի քան 800 քառակուսի քիլոմեթր տարածութեան մէջ լայնածաւալ գետնի հաւասարեցումով շրջանին աշխարհագրական ու ժողովրդագրական պատկերը փոխելու ամբողջական ծրագիր մը»:
. «ԺԱՏԻՏ» պատկերասփիւռի կայանը հաղորդեց, որ իսրայէլեան բանակը կիրակի օր Ռմէյշ, Այն Ըպըլ եւ Տպըլ սննդեղէն մտցուցած է եւ զայն դրած սահմաններուն վրայ, ապա կապ հաստատուած է նշեալ գիւղերուն հետ եւ զանոնք ստանձնելու վայրը փոխանցուած:
Ռմէյշ գիւղի հոգեւոր հովիւ հայր Նեժիպ Ամիլ «Ժատիտ»-ին յայտնած է. «Ամերիկեան «Սամարիոյ պայուսակ» կոչուող կազմակերպութենէ մը օժանդակութիւններ ստացանք, եւ ոչ թէ` իսրայէլեան բանակէն»:
. ԼԻԲԱՆԱՆԻ սպառողական առարկաներու եւ հիմնական ուտելիքներու գիները մարտին բարձրացած են 4,91 առ հարիւրով` փետրուարին հետ բաղդատելով:
. ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԻ նախագահ Նեպիհ Պըրրի խորհրդարանական յանձնախումբերը հինգշաբթի օր միացեալ նիստի հրաւիրեց` քննարկելու համար օրէնքներու չորս նախագիծեր եւ առաջարկներ:


