. ԴԻՒԱՆԱԳԻՏԱԿԱՆ աղբիւր մը «Անպա» օրաթերթին. «Գործադիր իշխանութիւնը պատրաստեց ընդհանուր շրջագիծը լիբանանեան փաստաթուղթին, որ բանակցութեան սեղանին պիտի ներկայացուի: Անիկա կը կեդրոնանայ աւանդական, սակայն վճռական առաջնահերթութիւններու վրայ»:
. ՀԸԶՊԱԼԼԱՅԻ դիրքորոշումին ծանօթ աղբիւրներ «Տիար» օրաթերթին. «Հըզպալլան որեւէ պարագայի պիտի չընդունի «ռազմավարական համբերութիւն» քաղաքականութեան վերադառնալ, որովհետեւ վերջին պատերազմէն ետք պայմանները բոլորովին փոխուեցան, մասնաւորաբար Թեհրանի բախումներու նախկին փուլին յաղթանակ արձանագրած ըլլալու լոյսին տակ»:
. ԶԻՆՈՒՈՐԱԿԱՆ մասնագէտ մը «Անպա» օրաթերթին. «Ռազմավարական առումով, Հերմոն լեռը Իսրայէլի հիւսիսային ճակատին հսկողութեան կէտն է, եւ անոր վերահսկելը կը նշանակէ սահմանային շրջանները մինչեւ Պաղեստինի խորքը, ներառեալ Լիբանանի հարաւէն արեւմտեան ու կեդրոնական Պեքա երկարող եւ մինչեւ Մասնաայի կէտ հասնող գիծը զետեղել իր տեսողութեան դաշտին տակ»:
. ՔԱՂԱՔԱՅԻՆ թռիչքներու պետական մարմինի նախագահը «Անպա» օրաթերթին. «Օդակայանի աշխատանքը կը բարելաւուի: Օդանաւային չորս ընկերութիւններ գործնականին մէջ վերականգնեցին դէպի Լիբանան իրենց թռիչքները, եւ կը սպասուի, որ այս շաբաթ երեք այլ ընկերութիւններ հետեւին անոնց օրինակին»:
. ԾՈՎԱՅԻՆ զբօսաշրջական հաստատութիւններու սեփականատէրերու սենտիքայի նախագահ Ժան Պէյրութի «Անպա» օրաթերթին. «Վերջին պատերազմի ընթացքին այս ոլորտին կրած վնասները գերազանցեցին միլիառ տոլարը»:
. ԼԱՒԱՏԵՂԵԱԿ աղբիւրներ «Տիար» օրաթերթին. «Սպասուող Իրան-Միացեալ Նահանգներ բանակցութիւնները, ի տարբերութիւն նախորդներուն, պիտի ըլլան վճռորոշ, որովհետեւ անոնց ընթացքին համաձայնութեան չգոյանալը գործնականին մէջ պիտի նշանակէ զինադադարի տապալումն ու բախումներու վերականգնումը»:


