. ՔԱՂԱՔԱԿԱՆ ականաւոր հեղինակութիւն մը «Ժումհուրիա» օրաթերթին. «Երէկուան քաղաքական ամփոփումը այն է, որ նախագահ Ժոզեֆ Աուն յաջողեցաւ հաստատել չափազանց կարեւոր փաստ մը` Լիբանանին բաց պատերազմի ճամբով փրկութիւն չկայ, անոր պաշտպանութիւնը միայն պետութեան ճամբով է, եւ զինադադարէն ու բանակցութենէն դուրս որեւէ լուրջ կարգաւորում բացառուած է»:
. ԱՊԱՀՈՎԱԿԱՆ պետական աղբիւրներ «Անպա» օրաթերթին. «Երկրին մէջ ապահովութիւնը լաւ հաստատուած է եւ վերահսկողութեան տակ է, եւ մտավախութիւն ունենալու որեւէ պատճառ չկայ, հետեւաբար այս առումով էական խնդիրներ չեն արձանագրուած»:
. ՊԷՅՐՈՒԹԻ մէջ ճարտարապետներու սենտիքայի նախագահ Ֆատի Հաննա «Անպա» օրաթերթին. «Ճարտարապետութեան ոլորտի վիճակը ողբերգական է: Կը պնդենք, որ վերաշինութիւնը լիբանանեան ընկերութիւններու վստահուի»:
. ՆԱԽԱԳԱՀԱԿԱՆ պալատէն պաշտօնական աղբիւրներ «Անպա» օրաթերթին. «Լիբանան դրական կերպով ու գոհունակութեամբ ընկալեց Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան Ուաշինկթընի հանդիպումէն ետք հրապարակած մանրամասն հաղորդագրութիւնը, մանաւանդ որ հաղորդագրութիւնը 1948 թուականէն ի վեր Միջին Արեւելքի մէջ շարունակուող հակամարտութեան մեքանիզմ մը մշակեց»:
. «ԱԽՊԱՐ» օրաթերթ. «Ուաշինկթընի մէջ Լիբանանի դեսպան Նատա Մուաուատ վարչապետին ու արտաքին գործոց նախարարին Ուաշինկթընի հանդիպումին վերաբերեալ ամփոփ տեղեկագիր մը յղեց, մինչ նախագահական պալատին ներկայացուց մանրամասն զեկուցում մը, որ յաւելեալ տուեալներ կը բովանդակէր»:
. ԸՆԿԵՐՎԱՐ յառաջդիմական կուսակցութենէն ղեկավար աղբիւր մը «Անպա» օրաթերթին. «Ներկայիս դիւանագիտութիւնը պատերազմին վերջ տալու, զէնքը պետութեան մենաշնորհը դարձնելու, ապահովական ներկայութիւնը ամրապնդելու եւ բանակին թիկունք կանգնելու վերաբերեալ մեր դիրքորոշումները ուղղակի կերպով յայտարարեցինք նախագահ Աունին, խորհրդարանի նախագահ Պըրրիին եւ վարչապետ Սալամին»:


