Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Պաքու Բռնագրաւուած Ստեփանակերտի Մէջ Հիմնայատակ Քանդուած Է Ս. Յակոբ Եկեղեցին

April 16, 2026
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Արցախի թեմէն կը յայտնեն, որ բռնագրաւուած Ստեփանակերտի մէջ հիմնայատակ քանդուած է Ս. Յակոբ եկեղեցին` խստօրէն դատապարտելով այդ արարքը:

«Տարիներ շարունակ Սուրբ Յակոբ եկեղեցին եղած է Ստեփանակերտի հոգեւոր կեանքի կեդրոնը, ուր հազարաւոր արցախցիներ իրենց սրտաբուխ աղօթքները բարձրացուցած են առ Աստուած, եւ ուր ամէն կիրակի բաշխուած են մեր տէր եւ փրկիչ Յիսուս Քրիստոսի մարմինն ու արիւնը:

«Համակարգուած, նպատակային եւ պետական մակարդակով իրականացուող մշակութային այս ցեղասպանութիւնը կը շարունակուի ամբողջ աշխարհի աչքերուն առջեւ, ասոր խօսուն վկաներն են նաեւ հիմնովին աւերուած Շուշիի Ս. Յովհաննէս Մկրտիչ, Տանձատափի, Մոխրենես գիւղի Ս. Սարգիս, Բերձորի Ս. Համբարձման, Մեխակաւանի Զօրաւոր Ս. Աստուածածին եկեղեցիներն ու բազմաթիւ այլ սրբավայրեր:

«Ինչքան ալ անարձագանգ մնան մեր արդար դատապարտումները` ուղղուած մշակութային եղեռնի հետեւողական շարունակութիւնը չկանխող համաշխարհային կառոյցներուն, որոնք ստանձնած են այդ պարտականութիւնը, մենք աւետարանական այրի կնոջ պէս անընդհատ պիտի պահանջենք մեր արդար դատն ու իրաւունքը:

«Ուստի, վերստին կոչ կ՛ուղղենք միջազգային համապատասխան կառոյցներուն միջամտելու` կանխելու համաքրիստոնէական արժէք հանդիսացող Արցախեան հոգեւոր-մշակութային ժառանգութեան ոչնչացումը», կը գրէ Արցախի թեմը:

Արցախի նախկին պետական Նախարար Արտակ Բեգլարեան իր կարգին անդրադարձաւ եկեղեցւոյ աւերման` «Ֆէյսպուք»-ի իր էջին վրայ գրելով. «Խիստ ցաւալի է, բայց սպասելի իրականութիւն… Ալիեւեան ցեղասպանական վարչակարգը հիմնայատակ աւերած է նաեւ Ստեփանակերտի Սուրբ Յակոբ եկեղեցին` բռնազաւթուած Արցախէն հայկական ժառանգութեան ոչնչացման իրենց հետեւողական քաղաքականութեան հաւատարիմ:

«Բան չունի՞ ըսելիք Փաշինեանի վարչակարգը, որ անընդհատ կը շեփորահարէ «հաստատուած խաղաղութեան» մասին եւ պատրաստ էր աջակցելու նոյնիսկ Պաղեստինի մշակութային ժառանգութեան պաշտպանութեան:

«Դէ, դուք «խնամեցէք» Ալիեւի «խաղաղութիւնը», իսկ ինքն ալ «կը խնամէ» մեր ժառանգութիւնն ու ինքնութիւնը, որուն համար չմոռնա՛ք շնորհակալութիւն յայտնել եղբայրական վարչակարգին…

«Այո, երեւի այս եկեղեցին ալ չուզողներն ու վրէժխնդիրները քանդած են ի հեճուկս «հաստատուած խաղաղութեան» եւ «հայ-ազրպէյճանական դարաւոր բարեկամութեան», գրած է ան:

 

Նախորդը

Անգարա Կը Պնդէ, Թէ Կարեւոր Ջանքեր Գործադրած Է Ազրպէյճան – Հայաստան Խաղաղութեան Համար

Յաջորդը

Պաքու Հայաստանի Սահմանադրութեան Փոփոխութիւնը «Խաղաղութեան Համար Անդառնալի Գրաւական» Կը Նկատէ

RelatedPosts

Լեռնիկ Յովհաննիսեան. «Գանձասարի Արժէքաւոր  Գիրքերը 44-Օրեայ Պատերազմի Ժամանակ  Տեղափոխուած Էին Երեւանի Մատենադարան»
Գլխաւոր լուրեր

Լեռնիկ Յովհաննիսեան. «Գանձասարի Արժէքաւոր Գիրքերը 44-Օրեայ Պատերազմի Ժամանակ Տեղափոխուած Էին Երեւանի Մատենադարան»

September 15, 2026
Արամ Ա. Կաթողիկոս. «Կը Յուսանք,  Որ «Իրական» Հայաստանէն Մասեր  Շուշիի Ճակատագիրին Չենթարկուին»
Գլխաւոր լուրեր

Արամ Ա. Կաթողիկոս. «Կը Յուսանք, Որ «Իրական» Հայաստանէն Մասեր Շուշիի Ճակատագիրին Չենթարկուին»

September 15, 2026
Կրոնօ. «Ղարաբաղի` Նախապէս Հակամարտութենէն  Տուժած Շրջաններուն Մէջ Հայկական  Հարուստ Հետքը Չեմ Վիճարկեր»
Հայկական

Կրոնօ. «Ղարաբաղի` Նախապէս Հակամարտութենէն Տուժած Շրջաններուն Մէջ Հայկական Հարուստ Հետքը Չեմ Վիճարկեր»

September 15, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.