Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ակնարկ. Անպատժելիութիւն Եւ Հաշուետուութեան Բացակայութիւն` Տարբեր Մակարդակի Վրայ

May 30, 2012
| Խմբագրական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան զեկուցումը` Հայաստանի Հանրապետութեան մասին, կը գնահատուի ընդհանրապէս բացասական: Ազգային ժողովի ընտրութիւններուն մասին Միացեալ Նահանգներու դեսպանին կատարած դրական յայտարարութիւններէն ետք պաշտօնական Ուաշինկթընը կարեւոր յետընթաց կ՛արձանագրէ Հայաստանի ուղղութեամբ: Ընտրութիւններու բարելաւում արձանագրած Երեւանը այս զեկուցումին հիմամբ մեծ կատարելիք ունի բանակի իրավիճակը բարելաւելու ուղղութեամբ: Իսկ բանակին մէջ արձանագրուող դէպքերուն կը նպաստեն կենսամակարդակի ցած պայմանները, փտածութիւնը, հրամանատարներու անպատժելիութիւնը եւ հաշուետուութեան պակասը` ըստ զեկուցումին:

Քաղաքական այս գնահատականը ունի անշուշտ իր շարժառիթները: Առաւելաբար ընտրուած է ռազմական ոլորտը իբրեւ քննադատութեան թիրախ: Ինչ որ մտածել կու տայ, թէ այդ մարզին մէջ իրադրութիւններու շղթայ մը պատճառ դառնայ, որ Միացեալ Նահանգները խստացնեն իրենց զեկուցումին բովանդակութեան ոճը:

ՕԹԱՆ-ը ռազմական դաշինք է, իսկ Հայաստանի նախագահին ՕԹԱՆ-ի վեհաժողովին չմասնակցիլը բնականաբար նախ եւ առաջ պիտի արժանանար ՕԹԱՆ-ի գերուժերէն Միացեալ Նահանգներու հակազդեցութեան: Նախ եւ առաջ պիտի ընտրուէր ռազմական ոլորտը, զոր քննադատելու ընթացքին պէտք է յիշուէին նաեւ այլ բացասական կողմեր:

Բանակի մասին հրապարակուած քննադատութեան վերաբերեալ բաւականանանք այսքանով եւ անցնինք աւելի խորը մտածելու տեղի տուող բաժինին: Նոյն զեկուցումին մէջ կ՛ըսուի.-

«Հայ անջատողականները Հայաստանի աջակցութեամբ  կը շարունակեն վերահսկել Ազրպէյճանի Լեռնային Ղարաբաղի շրջանը եւ շրջապատող 7 ազրպէյճանական տարածքները»: Այս մէկն ալ համահունչ  է ՕԹԱՆ-ի Շիքակոյի ձեւակերպումին, ուր կը խօսուէր տարածքային ամբողջականութեան մասին, մինչ խնամքով անուշադրութեան կը մատնուէր ազգերու ինքնորոշման միջազգային իրաւունքի սկզբունքը:

Ուաշինկթըն այսպիսով կը շարունակէ դրսեւորել ինքնահակասական վարքագիծ: Այսպէս: Եթէ միջազգային ընտանիքի որոշումով արցախեան հակամարտութեան թղթածրարի միջնորդական առաքելութիւնը յանձնուած է ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակին եւ որուն համանախագահներէն մէկը կը ներկայացնեն Միացեալ Նահանգները, ապա նոյն Ուաշինկթընը այս ձեւով կը հակասէ իր ստանձնած միջնորդական առաքելութեան: Աւելի պարզ` ինչի՞ շուրջ կը բանակցի  ամերիկացի պաշտօնատարը, եթէ իր պետութիւնը կը հաստատէ, որ «անջատողական» հայեր, Հայաստանի աջակցութեամբ կը շարունակեն վերահսկել Լեռնային Ղարաբաղի շրջանն ու եօթը տարածքները: Եթէ վճռուած է, որ այդ շրջանները ազրպէյճանական են, ապա ի՞նչ իմաստ ունին բանակցութիւնները եւ ի՞նչ իմաստ ունի այս պարագային մանաւանդ բանակցային գործընթացը համանախագահելը:

Մէկ հարցում եւս կը սպասէ իր պատասխանին: Արցախին տրուած ամերիկեան օժանդակութեան բարձրացումը անջատողական հայերո՞ւն ուղղուած է, որոնք Հայաստանի օժանդակութեամբ կը վերահսկեն Արցախն ու եօթը տարածքները:

Ինքնահակասական շղթայի այս օղակը կապուած է Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարին, որուն այցելութիւնը շուտով կը սպասուի շրջան եւ այդ շարքին Երեւան: Երեւանի մէջ նախարար Քլինթըն պէտք է պատասխանէ ընտրութիւններուն որակին, բանակի իրավիճակին, «անջատողական» հայերուն եւ օժանդակող Հայաստանին մասին իրեն տրուելիք հարցումներուն: Ամենայն հաւանականութեամբ ինքնահակասական դրսեւորումներու նոր շարքի մը ականատես կ՛ըլլանք շուտով: Կը թուի, որ ինքնահակասումը  պաշտօնական վարքագիծի  կարեւոր բաղադրիչի վերածուած է, որ կրնայ բացատրուիլ դիւանագիտական մակարդակի փտածութեամբ, յայտարարութիւն կատարելու կամ զեկուցում հրապարակելու «անջատողականութեամբ» եւ յատկապէս անպատժելիութեամբ ու հաշուետուութեան բացակայութեամբ:

«Ա.»

Նախորդը

Նախագահ Սարգսեան Ընդունեց Պարոնուհի Քոքսը

Յաջորդը

50 Տարի Առաջ ( 31 մայիս 1962 )

RelatedPosts

Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը  Պիտի Հրապարակուի Յառաջիկայ Օրերուն
Գլխաւոր լուրեր

Խմբագրական. Յիշելով «ՈՉ»-ի Շարժումին Յաջողութիւնը

November 24, 2026
Խմբագրական.  Վերաիմաստաւորե՛լ Ազգային Ուխտը  (Լիբանանի Անկախութեան Տօնին Առիթով)
Գլխաւոր լուրեր

Խմբագրական. Վերաիմաստաւորե՛լ Ազգային Ուխտը (Լիբանանի Անկախութեան Տօնին Առիթով)

November 21, 2026
Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը  Պիտի Հրապարակուի Յառաջիկայ Օրերուն
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Առաջարկի Թաքուն Բաժինը Եւ Ժողովուրդին Կամքը

November 20, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.