Ինքնութիւն…
1.- 2022-ին «Բագին մատենաշար»-ը լոյս ընծայեց Քիւրքճեանի «Սփիւռք եւ ինքնացում» գիրքը: Արդէն գիրքին տիտղոսը կը թելադրէ հեղինակին ըմբռնումը ինքնութեան: Ըստ իրեն, ինքնութիւնը անփոփոխ երեւոյթ մը չէ: Ինք իր առաջին գիրքին մէջ ըսած էր. «Ինքնութիւնը կայուն, անշարժ էութիւն մը չէ» («Փորձ տարագրութեան մասին»):
Նախորդ յօդուածին մէջ փորձեցի տալ իր ըմբռնումը Տարաշխարհի` օգտագործելով «Փորձ տարագրութեան մասին» էջեր: Ետքը պիտի փորձեմ վերլուծել ինքնութեան իր տեսութիւնը:
Սակայն նախ եւ առաջ «ինքնութիւն» յղացքը անցեալին, աւելի ճիշդ` սկզբնապէս այն չէր, ինչ որ է ժամանակակից բառամթերքին մէջ: Վերստին կը նայիմ «Նոր բառգիրք»-ին: Այնտեղ «Ինքնութիւն»-ը որեւէ կապ չունի այսօրուան բառամթերքի «ինքնութիւն»-ին հետ: Անիկա բնազանցական ինքնագոն է. իր գոյացութիւնը, իր իսկութիւնը, իր էութիւնը ինքնիրմէ ունի. յաւիտենապէս եղողն է` որպէս նոյնը: Նաեւ ինքնիշխանութիւնն է: Այս վերջինէն զառածումը դէպի թագաւորի կամ ոեւէ իշխանաւորի ինքնիշխանութիւնը` իմաստներ ձեռնածելու մարդկային ծանօթ ախորժակէն է:
Ուրեմն անցեալի յղացքը չունէր «դուրս»-ի, «այլ»-ի, «ուրիշ»-ի, «միւս»-ի եւ «օտար»-ի յղացքները, չէր ըմբռնուեր իբրեւ անոնց հետ փոխ յարաբերութեան երեւոյթ: Սոյն յղացքներով ըմբռնումը ժամանակակից է: Այսօրուան «ինքնութիւն»-ը թարգմանութիւնն է «identité»-ին կամ «identity»-ին, որ «նոյնութիւն» կը նշանակէ: Ո՛չ այն նոյնութիւնը, որ բնազանցականօրէն կ՛ընկալուէր, այլ` նոյնութիւնը անձի մը կամ հաւաքականութեան մը դիմագիծներու, յատկանիշներու, հաւատալիքներու, համոզումներու, սովորոյթներու նոյնութիւնը: Ինքնութեան այս հասկացողութեան մէջ պիտի երեւան գար ու մտածուէր նաեւ այլութեան յղացքը` իբրեւ անզեղչելի տարր ինքնութեան համար, անհրաժեշտ:
Արդ, Քիւրքճեանի մօտ «identité» կամ «identity» առումով է ինքնութեան յղացքը` թափանցուած այլութեան յղացքով:
Սփիւռքին ծնունդը «կը զուգադիպի… մահուան մը, գլխագի՛ր Մահուան հետ: 1915», գրած է Քիւրքճեան: Նախա-Մահ ինքնութեան մասին ոչ մէկ վերլուծում կամ միտք գրի առած է ան: Այլ իր ուշադրութիւնը սեւեռած է յետ-Մահուան ինքնութեան վրայ: Արձանագրած է, թէ 1915-էն «տասնամեակ մը ետք արեւմտահայութիւնը դարձած է սփիւռքահայութիւն (…) իր ետին` աւերի ու աւարի ձգած մատենադարանն ու դպրոցը, վանքն ու յուշարձանը, անունն ու ինքնութիւնն իսկ, մահուան մղձաւանջէն հալածական»: Արդարեւ, 1915-ով, «ետին»` աւերի ու աւարի ձգուեցան մատենադարանն ու դպրոցը, վանքն ու յուշարձանը: Ուրեմն, Եղեռնը խստագոյն խզում մը, արմատախլում մը պատճառած է. սփիւռքահայ ինքնութիւնը կը սկսի «մահուան մղձաւանջէն հալածական» զանգուածներով, որոնք այլեւս «արեւմտահայութիւն»-ը չէին:
Քիւրքճեան փորձած է 1925-1975 երկարած կէս դարու սփիւռքահայ հոգեկան կառոյցին ծննդաբանութիւնը եւ վերլուծումը կատարել յօդուածաշարքով մը, որուն առաջին բխումը վերնագրուած է «Գաղափարաբանութիւնները` սփիւռքահայ գրականութեան մէջ»: Ապա իր «սփիւռք եւ ինքնացում» հատորին մէջ զայն վերնագրած է «Շողանկարումներ / սփիւռքի առաջին սերունդէն»: Կ՛ենթադրեմ` սկզբնապէս ծրագիրը աւելի տարածուն է եղած, ապա փոխուած է, եւ հատորին մէջ առնուածին վերնագրութիւնը քիչ մը աւելի կը պատշաճի ընդգրկածին:
Սփիւռքահայ հոգեկան կառոյցին ծննդաբանութիւնը եւ վերլուծումը, անկասկած, միաժամանակ ծննդաբանութիւնն է եւ վերլուծումը սփիւռքահայ ինքնութեան: Ասոր գալէ առաջ յաջորդ յօդուածով ակնարկ մը` իր կողմէ սահմանուած սփիւռքի ժամանակագրական փուլերուն մասին («Սփիւռքահայ գրականութիւնը` ժառանգորդ արեւմտահայ գրականութեան»):
Ինք սփիւռքին չորս փուլեր ուրուագծած է. Ա. հանգրուանը` 1920-ականներէն մինչեւ Բ. Աշխարհամարտի աւարտը` 1945, Բ. փուլը` անկէ մինչեւ 1970, ապա «լրիւ նոր կացութիւն» մը` Գ. փուլը: Ասոր աւարտ ճանչցած է Հայաստանի վերանկախացման թուականը, սկիզբը` Դ. փուլին:
Ա. Փուլին համար գրած է, որ 1920-ական տարիներու սկիզբը տեղահանուած արեւմտահայութեան աշխարով մէկ ցրուած վերապրող խումբերը հոգեբանական ե՛ւ տնտեսական խոր ճգնաժամի մէջ էին, կեցութեան իմաստով` անոնք ցրուած աշխարհով մէկ աստիճանաբար պիտի կայունանային: Այս ցրուեալներուն «կարեւոր մաս»-ը բաղկացած էր որբերէ եւ այրիներէ: Արեւմտահայութեան այս մնացորդը պիտի կազմակերպուէր «տունդարձի երազի մը, սփիւռքի ժամանակաւորութեան պատկերացումին շուրջ»:
Ա. Փուլի ցրուածութիւնը, «արագ բնորոշում»-ով մը, «երկու մայր գօտիներ»-ու վերածելի տեսած է: Մէկ գօտին` Եւրոպա-Ամերիկա, միւս գօտին` Մերձաւոր Արեւելք: Լատին Ամերիկան իր նայուածքէն դուրս մնացած է (այն մասին հետաքրքրուողները կը յղեմ Վարդան Մատթէոսեանի «Հարաւային կողմն աշխարհի» հատորին):
Առաջին գօտիին մէջ «համարկում»-ի (եւ ոչ միայն, այլեւ ձուլումի, պիտի ըսէի) ընթացքը այնպիսին է եղած, որ գործունէութեան «բաւական անձուկ դաշտ մը» ձգած էր Եկեղեցւոյ եւ քաղաքական, մշակութային, ընկերա-բարեսիրական կազմակերպութիւններուն, որոնք «աւելի կամ նուազ արդիւնաւէտ» ջանքեր թափած էին: Ըստ իրեն, այս գօտիին եւրոպական մասին մէջ «մեծ բացական» հայ դպրոցն էր: Իսկ Միացեալ Նահանգներու մէջ կար լոկ միօրեայ վարժարաններու «թերի ցանց» մը: Մշակութային զարգացման առումով, առաջին գօտիին պայմանները շատ աննպաստ էին:
Երկրորդ գօտիին մէջ գաղութները «աւելի համախումբ» էին, քան` արեւմուտքի մէջ, յաճախ` մեկուսացած տեղական ժողովուրդներէն: Անոնք իրենք զիրենք հեռու պահեր էին տեղացիներէն: Այն մեկուսացման մէջ «որոշ յաւելեալ կարեւորութիւն» ստացած էր Եկեղեցին, ուր, ըստ Ազգային սահմանադրութեան, աշխարհականներ «նախաձեռնող» դեր ունէին. անոնք կու գային գաղութներու անդամներէն, ինչպէս` քաղաքական կամ այլ կազմակերպութիւններէ: Այս գօտիին մէջ «կանուխէն գործեր է դպրոցական խիտ ցանց մը»: Մշակութային պայմանները նպաստաւոր էին, բայց դանդաղօրէն պիտի աճէր այն գործունէութիւնը:
Բ. Փուլին, առաջին գօտիին հայութիւնը «կը մասնակցէր վերակառուցման ընդհանուր ճիգին»: Եւ Մերձաւոր Արեւելքի քաղաքական բախումներուն, վարչակարգերու անկայունութեան ու անապահովութեան պատճառով դէպի արեւմուտք շարժող գաղթականներով կը բազմանար: Գաղթականներուն «որոշ մէկ համեմատութեան ուժը»-ը կը տարուէր նոր կեցավայրեր: Այս գաղթերը կը տկարացնէին արեւելեան գօտին, սակայն դարձեալ կարելի չէր ըլլար արեւմտեան գօտիին ամրապնդումը: Օտարախօսութիւնը եւ ապամշակութայնացումը զգալի թափով մը կ՛ընթանային:
1945-էն ետք «մշակութային ճիգի նոր կեդրոն» կը դառնար Մերձաւոր Արեւելքը: Կը ստեղծուէին կրթական հաստատութիւններու ցանցեր, մամուլ: Հայախօսութիւնը կը տարածուէր: Մշակութային կառոյցները «աւելի նախաեղեռնեան ժամանակաշրջանի տիպերուն համապատասխան ու հաւաքական-համայնքային ոճով» կը հաստատուէին: Ամէն ինչ որ կ՛իրագործուէր, «անցեալ աւանդի ու վերապրող երէցներու շուքին» տակ կ՛ըլլար` մեկուսացած տեղական եւ համաշխարհային կեանքէն:
Սփիւռքի առաջին յիսնամեակին, այսինքն` Ա. եւ Բ. փուլերուն, գրաւոր հայերէնը կը պահէր արեւմտահայ «գեղապաշտ» սերունդին որակը, կ՛ապահովէր անոր «կենսային հոլովոյթը», սակայն հազուադէպօրէն կը յաջողէր ստեղծել նոր որակ եւ նոր մտածողութիւն: Պահպանում/նորոգում երկընտրանքը «սուր կերպով կը դրուէր»: «Հայապահպանում»-ի մտահոգութիւնը ընդհանրապէս պատճառ կ՛ըլլար կառչելու աւանդական ձեւերու եւ արժէքներու: Մտաւորականներու փոքր թիւ մը միայն պիտի գիտնար «որդեգրել եւ իրագործել քաջ ընտրանքը հոգեմտաւոր գործունէութեան մը` միանգամայն հայ եւ աշխարհին բացուուղ»: Այս յիսնամեակին կարելի չէր ըլլար յաղթահարել հայ/օտար երկուութիւնը: «Հայապահպանում»-ի կեցուածքը կը խանգարէր «մշակութային բնականոն, առողջ ու հաւասարակշիռ կեանքի մը կայացումը»:
Գ. փուլին համար գրած է, որ ամբողջացած է արեւմտահայութեան ծնած «սփիւռքացում»-ը: Այս փուլը սփիւռքի երկրորդ` տեղածին սերունդինն է, որ` «Թէեւ իր միջավայրին աւելի պատշաճած (էր), յաճախ եւ աւելի ուսեալ, բայց նուազ պատրաստուած էր հայեցի մշակոյթով»: Նշեմ, որ Մերձաւոր Արեւելքը դեռ կը մնար կրթական եւ մշակութային «ճիգ»-երու կեդրոն: Իսկ արեւմտեան գօտիին ֆրանսական տարածքը թէեւ սակաւ դպրոցներով կ՛օժտուէր, սակայն լեզուա-մշակութային նահանջը անկասելիօրէն կը շարունակուէր: Միացեալ Նահանգներու մանաւանդ Արեւմտեան ափը կը յաջողէր դպրոցներու ցանց մը ստեղծել, բայց հասկնալիօրէն անյաղթահարելի կը մնար հայախօսութեան եւ մշակոյթի նահանջը այնտեղ եւս:
Այս փուլին կը յառնէր ձգտումը զանցելու «կրաւորական հայապահպանումը», ստեղծելու «քաղաքացիական նոր կռուաններ ու արժէքներ», որոնք դրսեւորէին «հայու նոր ինքնութիւնը` ներկայի տուեալներով»:
Հայաստանի վերանկախացումով կը սկսէր Դ. փուլը: Սփիւռքահայութիւնը «ինքնութեան ու խղճի քննութեան մը առջեւ» կը կանգնէր: Անոր «ազգային-քաղաքական ամուր դաստիարակութեան եւ որոշ ռազմականացումի տէր» կորիզը` «Կը հասնէր վերցնելու բեռի բաժին մը Արցախի գոյամարտի ճիգին մէջ»: Հայաստանի մէջ կը բախէր մերժելի «իրադրութիւններ»-ու, որոնք «գաղափարական կարծրատիպեր»-է կու գային: Յուսախաբութիւն մը կ՛ապրէր: Սակայն ետքը կը զգար դարմանումը յուսախաբութեան: Իր համոզմամբ, «20-րդ դարու վերջին տասնամեակէն սկսեալ հայութեան համար ստեղծուած կացութիւնները, լրիւ աննախընթաց, կը պահանջեն պատկերացումներու եւ գործունէութեան խոր վերանայում, նոր համակարգումներ…»:
Ինք եւս շատ ծանր պիտի տանէր Արցախի կորուստը եւ Հայաստանի այսօրուան իշխանութեան աղէտալի քաղաքականութիւնը: Նաեւ ծանր պիտի տանէր Մերձաւոր Արեւելքի հայութեան գլխուն եկածները` շրջանին ռազմա-քաղաքական պայմաններէն. հետեւած զանգուածային արտագաղթերը իրենց ետին կը ձգէին կրթական, մշակութային, բարեսիրական եւ քաղաքական գոյապայքարի ամբողջ ժամանակաշրջան մը:
Յայտնապէս, թուարկեալ փուլերը սփիւռքեան ինքնութեան տարբերակման ժամանակներ եղան. կրաւորական տարբերակումէն մինչեւ ներգործական տարբերակման գիտակցումը: Կարգ մը մտաւորականներ կ՛ընդառաջէին նոր պահանջներուն, սակայն բազմութիւնները եւ կազմակերպութիւնները պատկերացումներու եւ գործունէութեան անցեալ համակարգումներու ոճին ու եղանակին իրենց փարումէն չէին հրաժարեր:
Ներգործականօրէն կարելի է Տարաշխարհին մէջ ինքնութեան հորիզոն ունենալ: Պըլըտեանական իմացքը օգտագործելով` Քիւրքճեան կենսական համարած է ստեղծել սփիւռքային ինքնութեան «վայր»-ը, պիտի աւելցնէի` «վայրեր»-ը, եւ ինքնանալ…:
(Շարունակելի 3)



