«Էմ.Էմ.Էյ.»-ի ամերիկահայ մարտիկ Ժան-Փոլ Լեպոսնոյեանի շաբաթավերջին կիսամիջին կշիռի դասակարգի մրցումներու գծով իր առաջին մենամարտը ունեցաւ «Եու.Էֆ.Սի.»-ի հովանիին տակ գտնուող «Եու.Էֆ.Սի. Հիուսթըն» մրցաշարքին:
Լեպոսնոյեանի իրաւարարներու որոշումով կրցաւ յաղթել Ֆիլ Ռոուին, որ վերջին (երրորդ) ռաունտին փորձեց նախկին երկու կորսնցուցած ռաունտերուն արդիւնքը փոխել, բայց ձախողեցաւ:
Բարձր մակարդակի մրցում էր, որուն ընթացքին երկու մարտիկներն ալ արագ եւ ճկուն էին, ասիկա համակիրներուն համար բաւական հետաքրքրական եւ դիտարժան մենամարտ մըն էր:
Ժան-Փոլ իր հօր կողմէն ունի հայկական արմատներ, իսկ մօր կողմէն` ռումանական: Անոր իսկական մականունը հօր կողմէն Պոսնոյեան է: Ժան-Փոլի հայրը` Ներսէս, պրազիլական Ճիու-Ճիցուի մարզիչ է եւ ծնունդով Հայաստանէն:
27 տարեկան Ժան-Փոլ հրաւիրուած էր «Եու.Էֆ.Սի.», երբ զտումի մրցումի մը ընթացքին ան յաղթած է Ճեք Կոնկտոնի, որմէ ետք ստորագրած է պայմանագրութիւն: Ան նախապէս կը մասնակցէր «Լեկասի Ֆայթինկ Ալիանս»-ի ախոյեանութեան, ուր կը պայքարէր ախոյեանութեան լուրջ թեկնածուներու կողքին: Ան կատարած է 10 մրցումներ` յաղթելով 8-ին, 3-ը` նաք-աութով, իսկ 5-ը, երբ մրցակիցը անշարժացած է: Պէտք է ըսել, որ անոր 8 յաղթանակներէն 7-ն արձանագրուած են առաջին ռաունտին իսկ:


