Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Խմբագրական. Գերիշխանութեան Եւ Հողային Ամբողջականութեան Երաշխիքը. (Հարաւային Լիբանանի Ազատագրութեան Եւ Դիմադրութեան Տօնին Առիթով)

May 25, 2012
| Խմբագրական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հարաւային Լիբանանի ազատագրումը կը նշուի լարուած իրավիճակի մէջ: Համալիբանանեան նշումի արժանի ազատագրումը այս պայմաններուն մէջ կը կորսնցնէ իր առաջնային կարեւորութիւնը եւ լիբանանցի քաղաքացին այսօրուան խորհուրդի վերլուծման փորձին առընթեր կը տուայտի տնտեսական, ընկերային եւ այժմ նաեւ ապահովական մտահոգութիւններու մէջ:

Սուրիոյ տարածքին արձանագրուող իրադարձութիւնները, բախումները, իշխանութիւն-ընդդիմութիւն աննախադէպ բեւեռացումներով  յատկանշուող եւ դէպի քաղաքացիական պատերազմի սահմանագիծը անցում կատարող կացութիւնը անպայման իր ազդեցութիւնը կ՛ունենայ անմիջական դրացի Լիբանանին վրայ:

Այդ ազդեցութիւնը եթէ մինչ այժմ  առաւելաբար կը վերաբերէր տնտեսական կացութեան եւ ընկերային իրավիճակին, ապա վերջին դէպքերէն ետք ուղղակիօրէն նաեւ` ապահովականին: Այստեղ եւ այս առիթով բանակի դերակատարութեան արժեւորումը լոյսին կու գայ եւ հիմնական դիտարկումները իր վրայ կը կեդրոնացնէ:

Երբ կը խօսինք ապահովական այժմու կացութեան մասին, բնականաբար նախ կը մտաբերենք անդորրութեան պահպանման, ներքին կայունութեան գերադասութեան եւ քաղաքացիական բնականոն կեանքի մասին: Այս բոլորի երաշխաւորը զինեալ ուժերն են, իրաւապահ մարմինները, Լիբանանի պարագային նախ եւ առաջ բանակը: Բանակը, որ երկրին սահմանները պաշտպանելու առընթեր այս երկրին մէջ ստանձնած է նաեւ ներքին խաղաղութիւնը պահպանելու ծանր առաքելութիւնը:

Ներքին ապահովութեան  խախտումի ենթահողը միջհամայնքային լարուածութիւնն է: Երբ շիկացած են համայնքներու միջեւ գոյութիւն ունեցող յարաբերութիւնները, արդէն պարարտ է ապահովական խախտումներու ենթահողը: Իսկ բանակը այն կառոյցն է, որ բոլոր համայնքներու անդամներէ բաղկացած է, եւ բոլորին կողմէ համահաւասար յարգանքի արժանի է, բոլորին կողմէ ընկալուած հեղինակութիւն պէտք է մնայ: Այս ա՛յն զինուորական բացառիկ միաւորն է, ուր համայնքայնութիւնը նշանակութիւն պէտք չէ ունենայ եւ որու հեղինակութեան պահպանման համար նախանձախնդրութիւն պէտք է ցուցաբերեն բոլոր կողմերը:  Համայնքային համակեցութեան գլխաւոր երաշխիքը բանակն է, ուր քաղաքական վէճերէ եւ ընտրական մրցապայքարներէ հեռու` միայն հայրենիքին ծառայելու ուխտի գործադրութեան հրաւիրուած են բոլոր կողմերը, բոլոր համայնքները հաւասարապէս:

Բանակի հանդէպ ոտնձգութիւնը, բանակային զօրամիաւորումներուն դէմ կրքոտ յայտարարութիւններ կատարելը, բանակային ստորաբաժանումներուն շրջաններէն քաշուելու պահանջ արծարծելը եւ օրինական բանակէն եւ բանակի հրամանատարութեան վերահսկողութենէն դուրս այլ բանակային ջոկատներու կազմութեան մասին խօսիլը հարուած են ոչ թէ բանակին սոսկ` իբրեւ զինուորական միաւոր, այլ ամբողջ պետականութեան եւ միջհամայնքային համակարգի վրայ կառուցուած սահմանադրութեան:

Բանակը արտաքին-ներքին ազատագրումներու գլխաւոր երաշխիքն է, երկրին անդորրութեան հսկողը, կայունութիւն պահպանողը, արտաքին ոտնձգութիւնները կանխարգիլողը եւ բոլոր համայնքներէն բաղկացած գերակայ ծառայութեան համակարգը: Բանակը այն կարմիր գիծն է, զոր շրջանցելու բոլոր փորձերը պէտք է բացառել` պահպանել կարենալու համար ազատագրուածը, եւ ընդհանրապէս` Լիբանանի գերիշխանութիւնն ու հողային ամբողջականութիւնը:

Նախորդը

Սպանիոյ Խորհրդարանը Մերժած Է Հայոց Ցեղասպանութեան Օրինագիծը

Յաջորդը

Մամլոյ Արձակուրդ

RelatedPosts

Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը  Պիտի Հրապարակուի Յառաջիկայ Օրերուն
Գլխաւոր լուրեր

Խմբագրական. Յիշելով «ՈՉ»-ի Շարժումին Յաջողութիւնը

November 24, 2026
Խմբագրական.  Վերաիմաստաւորե՛լ Ազգային Ուխտը  (Լիբանանի Անկախութեան Տօնին Առիթով)
Գլխաւոր լուրեր

Խմբագրական. Վերաիմաստաւորե՛լ Ազգային Ուխտը (Լիբանանի Անկախութեան Տօնին Առիթով)

November 21, 2026
Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը  Պիտի Հրապարակուի Յառաջիկայ Օրերուն
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Առաջարկի Թաքուն Բաժինը Եւ Ժողովուրդին Կամքը

November 20, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.