
Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատ Իրանի հաղորդակցութեան նախարար Ռիտա Թաքիփուրի հետ հանդիպումի մը ընթացքին յայտնեց, որ Սուրիա յաջողած է տարիներէ ի վեր իր ենթարկուած ճնշումներն ու սպառնալիքները յաղթահարել եւ անիկա իր ժողովուրդին տոկունութեան, միասնականութեան ու անկախութեան կառչածութեան շնորհիւ կրնայ ներկայ տագնապն ալ յաղթահարել:
Թաքիփուր Ասատի փոխանցեց Իրանի նախագահ Մահմուտ Ահմատինեժատի կողմէ գրաւոր նամակ մը, որուն մէջ Ահմատինեժատ Ասատը կը հրաւիրէ յառաջիկայ սեպտեմբերին Թեհրանի մէջ ոչ յանձնառու երկիրներու վեհաժողովին մասնակցելու:
Ըստ ՍԱՆԱ լրատու գործակալութեան, հանդիպումին ընթացքին քննարկուած է Սուրիոյ կացութիւնը եւ իրանցի նախարարը յայտնած է, որ ներկայ Սուրիոյ դիմագրաւածը կ՛իյնայ ամբողջութեամբ շրջանը թիրախ դարձնող համապարփակ ծրագիրի մը ծիրին մէջ` վստահեցնելով, որ սուրիացի ժողովուրդին դիմագրաւած արտակարգ կացութեանց զօրակցելու Իրանի կեցուածքը ամուր կը մնայ:
«Սի.Էն.Էն.» հաղորդեց, որ Սուրիոյ ազգային խորհուրդը ընդունած է իր նախագահ Պուրհան Ղալիունի հրաժարականը, սակայն պիտի շարունակէ պաշտօնավարել մինչեւ յունիս, երբ խորհուրդին նոր ղեկավարը պիտի ընտրուի:
Արեւմուքցի դիւանագէտներ պարբերաբար կը դժգոհէին, որ Սուրիոյ ազգային խորհուրդը, որուն կեդրոնատեղին Պոլսոյ մէջ է, միասնական եւ նպատակային չէ:
Ղալիուն բազմաթիւ անգամներ փորձած է միաւորել Սուրիոյ ազգային խորհուրդի 270 անդամները, սակայն ի զուր: Մարտին կառոյցի քսան անդամներ` դժգոհելով Ղալիունի գործելաոճէն, դուրս եկան խորհուրդէն եւ ստեղծեցին նոր կազմակերպութիւն մը` Սուրիոյ հայրենասիրական խումբը:
«Ես երբեք չեմ դառնար պառակտման գործիք: Կոչ կ՛ուղղեմ կողմերուն կարելի եղածին չափ շուտ հանդիպիլ, որպէսզի ձեւակերպուին ազգի միաւորման պայմանները եւ բոլոր տարակարծութիւնները լուծուին», ըսած է ան իր տարածած հաղորդագրութեան մէջ:
Միւս կողմէ, ՄԱԿ-ի հետաքննիչներ յայտնեցին, որ Սուրիոյ մէջ ոտնձգութեանց մեծամասնութիւնը կը գործուի սուրիական բանակին կողմէ: Անոնք նշեցին, որ Սուրիոյ մէջ զինուորներու մահապատիժի կշռոյթը կ՛արագանայ:
Նշենք, որ Սուրիոյ խորհրդարանը երէկ գումարեց իր առաջին նիստը, որուն ընթացքին Մուհամատ Ժիհատ Լահամար Սուրիոյ նոր խորհրդարանի նախագահ ընտրուեցաւ:


