Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հակամարտութեան Մէջ Վստահելի Միջնորդը. Խորքային Դիտարկումներ Եւ Պատասխաններ` Հակամարտութիւններու Լուծման Մասնագէտ Հրայր Պալեանի Կողմէ

February 9, 2026
| Հարցազրոյց
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հարցազրոյցը վարեց` ԱԼԻՔ ԳԱՆՏԱՀԱՐԵԱՆ
թարգմանութիւն` ՆԱՐԷ ԳԱԼԵՄՔԷՐԵԱՆ

Լուսնակարը` Նիք Պուրչըլի

Հ.- Ձեր կարծիքով, ինչո՞ւ ձախողեցան Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան լուծման ջանքերը:

Պ.- Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան աւելի քան երեք տասնամեակ տեւած միջնորդութեան ձախողութիւնը պարզ բացատրութիւն չունի: Երկու տարուան շարունակական հետազօտութիւններէն ետք, ես աւարտած եմ 400 էջնոց վերլուծութիւն, որ պիտի հրապարակուի անգլերէն լեզուով 2026 թուականին, անոր պիտի յաջորդէ նաեւ հայերէն թարգմանութիւնը: Այս հետաքննութեան ընդմէջէն ես բացայայտած եմ 9 հիմնական գործօններ, որոնք նպաստած են այս դիւանագիտական փլուզման:

Նախ` պատերազմը Ազրպէյճանին առաջարկեց բանակցային լուծումին գերազանց այլընտրանք մը: Ռազմական գործողութիւնները, ի վերջոյ, ապահովեցին այն, ինչ որ դիւանագիտութիւնը չէր կրնար: Այլ կէտ մը. երկու կողմերն ալ կաշկանդուած մնացին իրենց ծայրայեղ դիրքորոշումներով: Կողմերէն ոչ մէկը իմաստալից փոխզիջման համար անհրաժեշտ ճկունութիւնը ցուցաբերեց: Միւս կարեւոր գործօնը կը կազմէր Հայաստանի Հանրապետութեան կողմէ բանակցային գործընթացին հանդէպ ցուցաբերուած ոչ հետեւողական մօտեցումը` Արցախի անկումին առաջնորդող վերջին վեց տարիներուն: Աւելի՛ն. առաջնորդներն ու միջնորդները բնակչութիւնը խաղաղութեան չպատրաստեցին: Առանց հանրային համաձայնութեան` նոյնիսկ յաջող բանակցութիւնները կը հանդիպէին ներքին դիմադրութեան: Ասոր վրայ կ՛աւելնայ նաեւ Արցախի բացառումը բանակցութիւններէն, ինչ որ հակաարդիւնաւէտ էր: Որեւէ համաձայնագիրէ առաւելագոյնը տուժածները իրաւասութիւն չունէին այդ համաձայնագիրը ձեւաւորելու գործին մէջ:

Կայ նաեւ այն փաստը, թէ ինչպէ՛ս միջնորդները անբաւարար կերպով անդրադարձան հակամարտութեան արմատական պատճառին` ապահովութեան: Թեքնիք լուծումները չեն կրնար լուծել գոյաբանական վախերը: Բացի ատկէ` հակամարտութիւններու լուծման դասական գործիքները թերօգտագործուած մնացին: Ապացուցուած միջնորդական մեթոտները կա՛մ անտեսուեցան, կա՛մ վատ ձեւով կիրարկուեցան: Աւելի՛ն. միջնորդները գործեցին հակադիր շահերով: Մրցակցող օրակարգերը խաթարեցին միասնական դիւանագիտական ջանքերը: Վերջապէս, իսկական քաղաքականութիւնը գերակշռեց միջազգային իրաւունքը եւ սկզբունքները: Երկակի չափանիշները փոխարինեցին իրաւական շրջանակներու հետեւողական կիրարկման, մինչդեռ քաղաքական հաշուարկները գերազանցեցին արդարութիւնը:

Իւրաքանչիւր գործօն ամրապնդեց մնացեալը` ստեղծելով բարդ եւ վնասակար կացութիւն, որ անկարելի դարձուց խաղաղ լուծման տարբերակը:

 Հ.- Ի՞նչ կարծիք ունիք Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ միջնորդական ջանքերուն վերաբերեալ: Կը հաւատա՞ք, որ անոնք կառուցողական ուղիի վրայ կը գտնուին:

Պ.- Բանակցութիւններու հրամայականը կը մնայ անհերքելի. այլընտրանքը պատերազմն է, որմէ պէտք է խուսափիլ: Հետեւաբար Հայաստան պէտք է համագործակցի Ազրպէյճանի հետ, բայց կարեւորագոյն հարցերը այն են, թէ ինչպէ՛ս եւ ի՛նչ պայմաններով:

Վերջին երկու տարիներուն ընթացքին Ազրպէյճան բազմիցս փոխած է խաղաղութեան բանակցութիւններու նպատակները` նոր պայմաններ առաջարկելով, ամէն անգամ, երբ Հայաստան ընդունած է անոր պահանջները: Այս միտումը հարց կը բարձրացնէ Ազրպէյճանի` երկարատեւ խաղաղութեան եւ Հայաստանի հետ յարաբերութիւններու վերագործարկման յանձնառութեան վերաբերեալ:

8 օգոստոսին Հայաստան եւ Ազրպէյճան ստորագրեցին եւ նախաձեռնեցին շարք մը համաձայնագիրներ` ներկայութեամբ Միացեալ Նահանգներու նախագահին: 16 օգոստոսին հրապարակուած յօդուածիս մէջ ես գրած եմ, որ այս համաձայնագիրները կրնան վերջ դնել Ալիեւի անդադար պահանջներուն նոր նախապայմաններուն վերաբերեալ եւ կասեցնել Հայաստանի վրայ ազրպէյճանական յարձակումի անխուսափելի սպառնալիքները: Այնուամենայնիւ, երկարատեւ խաղաղութիւնը կը մնայ անհասանելի, եթէ Միացեալ Նահանգներ` իբրեւ միջնորդ, անյապաղ չլուծեն հիմնական բացթողումները հետագայ դիւանագիտութեան միջոցով: Երեք բացթողումներ կրնան ազդել համաձայնագիրին երկարաժամկէտ կայունութեան վրայ.

Նախ` Միացեալ Նահանգներու կողմէ 99 տարուան հողային վարձակալութեան մանրամասն պայմանները` Հայաստանի հարաւային Սիւնիքի մարզի 43,5 քիլոմեթրնոց «Միջազգային խաղաղութեան եւ բարգաւաճման Թրամփի երթուղին» (ԹՐԻՓՓ) կառուցելու համար, եւ` «փոխադարձ օգուտները», որոնք Հայաստան կը ստանար ազրպէյճանական տարածքի միջոցով, կը մնան անորոշ:

Երկրորդ` կ՛անտեսուի Պաքուի մէջ գտնուող 23 հայ պատանդներու ճակատագիրը` առանց պատշաճ պաշտպանութեան կամ անկախ դիտորդներու:

Երրորդ` կ՛անտեսուին Ազրպէյճանի յարձակումէն ետք, հոկտեմբեր 2023-ին Լեռնային Ղարաբաղէն տեղահանուած բնիկ հայերու միջազգային իրաւունքները, ներառեալ` անոնց վերադառնալու կարելիութիւնը եւ պատմական ժառանգութեան պաշտպանութիւնը:

Իբրեւ եզրակացութիւն` կրնամ ըսել, որ յաջողութիւնը կը պահանջէ իսկական դիւանագիտութիւն, որ կը լուծէ երեք կարեւոր բացթողումները. ԹՐԻՓՓ-ի մանրամասն պայմանները, որոնք կ՛ապահովեն Հայաստանի ինքնիշխանութիւնը եւ փոխադարձ օգուտները, հայ պատանդներու անյապաղ ազատ արձակումը եւ  Լեռնային Ղարաբաղի տեղահանուած հայերու իրաւունքներու պաշտպանութիւնը: Առանց այս հիմնական խնդիրները լուծելու` Հարաւային Կովկասի մէջ երկարատեւ կայունութեան Ուաշինկթընի հիմքերը անկայուն հիմքերու վրայ կ՛ըլլան:

Հ.- Ձեր կարծիքով, ո՞րն է ռազմագերիներու վերադարձը ապահովելու ամէնէն իրատեսական ուղին հայ-ազրպէյճանական ներկայիս իրավիճակին մէջ:

Պ.- Պաքուի մէջ բանտարկուած 23 հայերը ռազմագերիներ չեն, անոնք պատանդներ են: Միջազգային իրաւունքը ռազմագերիի կարգավիճակ կը վերապահէ գերի բռնուած մարտիկներուն համար, սակայն այդ անձերուն մեծ մասը, որոնց շարքին` Արցախի ութ նախկին ղեկավարներ, կալանաւորուած են պարզապէս իրենց հայ ինքնութեան համար: Անոնց դատավարութիւնները ռազմական դատարաններուն մէջ կը խախտեն մարդկային իրաւունքներու միջազգային իրաւունքը եւ կը նկատուին դատական թատրոն:

Գոյութիւն ունին լայնածաւալ փաստաթուղթեր, որոնք մանրամասն կը նկարագրեն Ազրպէյճանի կողմէ կալանքի եւ արդար դատավարութեան չափանիշներու վերաբերեալ իր միջազգային պարտաւորութիւններուն կոպիտ խախտումները: Մարդկային իրաւունքներու կազմակերպութիւններու զեկուցումներն ու յայտարարութիւնները մանրամասնօրէն թուարկած են այս չարաշահումները, սակայն արձագանգը անբաւարար կը մնայ:

Պաշտօնական արձագանգը բաւարար չէ. կառավարութիւնը հազուադէպօրէն խօսած է այս պատանդներուն մասին: Հայ հասարակութեան կողմէ ալ յամառ բողոք չէ եղած, ինչ որ իր հերթին կը քաջալերէ Ազրպէյճանը` առանց խոչընդոտի շարունակելու իր սխալ եւ թերի դատավարութիւնները:

Արեւմտեան պետութիւնները, հակառակ մարդու իրաւունքներու նկատմամբ իրենց յայտարարուած յանձնառութեան, կրնան շատ աւելին ընել` ազդարարելու համար, որ Ազրպէյճանի գործողութիւնները կը վերահսկուին: Պարզ քայլ մը` դեսպանատուներու դիտորդներ ուղարկելը այս դատավարութիւններուն կրնայ օգնել զսպելու միջազգային իրաւունքով երաշխաւորուած արդար դատավարութեան իրաւունքներու ակնյայտ խախտումները: Նման վերահսկողութիւն աւելի կարեւոր կը դառնայ Կարմիր խաչի միջազգային կոմիտէի Ազրպէյճանէն վտարումէն ետք:

Դաժան իրականութիւնը այն է, որ առանց Հայաստանի, միջազգային հանրութեան եւ քաղաքացիական հասարակութեան կողմէ շարունակական ճնշումին` այս հայ պատանդներու իրաւունքները կը շարունակեն անպաշտպան մնալ եւ ենթարկուիլ Ազրպէյճանի վերահսկողութեան:

* Հրապարակուած` ՀԲԸՄ ամսագիրի դեկտեմբեր 2025-ի թիւին մէջ:

(Շար. 2 եւ վերջ)

———-
(Շար. 1)

Նախորդը

ՀՅԴ ԼԵՄ. Մեր Խօսքը

Յաջորդը

Ռազմավարական Դիմակայութիւնից Դիւանագիտութիւն. Իրան-Միացեալ Նահանգներ Լարուածութեան Թուլացման Ուղին

RelatedPosts

«Իւրաքանչիւր Նոր Բեմ Իր Փորձառութիւնը Կը Բերէ, Սակայն Հնդկաստանի Եւ Չինաստանի Մէջ Ելոյթ Ունենալը Ինծի Համար Տարբեր Նշանակութիւն Ունէր»,  «Ազդակ»-ին Կ՛ըսէ Շողիկ Թորոսեան
Հարցազրոյց

«Իւրաքանչիւր Նոր Բեմ Իր Փորձառութիւնը Կը Բերէ, Սակայն Հնդկաստանի Եւ Չինաստանի Մէջ Ելոյթ Ունենալը Ինծի Համար Տարբեր Նշանակութիւն Ունէր», «Ազդակ»-ին Կ՛ըսէ Շողիկ Թորոսեան

October 20, 2026
Հայագիտութիւն Մագիստրոսական Ծրագիր` Հայագիտական Համակողմանի Գիտելիքի Կարելիութիւն
Անդրադարձ

«Մեղու»-ն Ծնած Է Սէրէն»

October 16, 2026
«Ունկնդիրներուն Հաւատարմութիւնն Է, Որ «Վանայ Ձայն»-ին Ուժ Կու Տայ Իր Երթը Շարունակելու 40-Ամեակէն Անդին»  «Ազդակ»-ին Կ՛ըսէ «Վանայ Ձայն»-ի  Տնօրէն Վիգէն Աւագեան
Հարցազրոյց

«Ունկնդիրներուն Հաւատարմութիւնն Է, Որ «Վանայ Ձայն»-ին Ուժ Կու Տայ Իր Երթը Շարունակելու 40-Ամեակէն Անդին» «Ազդակ»-ին Կ՛ըսէ «Վանայ Ձայն»-ի Տնօրէն Վիգէն Աւագեան

October 13, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.