Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Բեմական Տեղադրում Եւ Ապրող Պաստառներ

February 9, 2026
| Արուեստ - Մշակոյթ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՀՐԱՉ ՊԱՐՍՈՒՄԵԱՆ

Թատերական փորձերու ընթացքին կը գործածուի «blocking» եզրը, որ ինծի ծանօթ կուռ հայերէն հոմանիշ չունի: Կը նշանակէ տուեալ պահուն դերակատարներու «տեղադրում»-ը բեմին վրայ: Արմատը` «block», կը նշանակէ միաձոյլ զանգուած: Այդ կը լսենք, օրինակ, խորհրդարանական խմբաւորումներու կապակցութեամբ: Ժառանգուած է  թեթեւ օփերեթներու ականաւոր հեղինակներ Կիլպերթ եւ Սալիվըն զոյգի առաջինէն, թատերագիրէն (W.S. Gilbert 1836-1911), որ իր դերակատարներուն մանրամասն ցուցմունքներ տալու համար կը գործածէր բեմի 1/24 ծաւալի մանրապատկերը (1) եւ փայտէ ձիգ ուղղանկիւններ, որոնք կը կրէին զոյգ գունաւոր երիզներ` զատորոշելու համար դերակատարները: Կիլպերթ կը գործածէր 6 գոյներ, որոնցմով կարելի է կազմել 15 զատորոշ զոյգ (6×5/2=15): «Քոմետիա տէլ՛արթ» (Commedia dell’arte) թատերական աւանդը ունէր 12 զատորոշ կերպարներ, որոնցմէ այսօր մեզի ծանօթ է լոկ Harlequin-ը: Թիւերը շատ մօտ են, բայց պարզ չէ, թէ տեղադրումի համար գործածուած պիտակաւորումը որքանո՛վ առնչուած էր այդ կարծրատիպերուն (2):

Ընթերցողներէն ոմանք թերեւս ծանօթ չեն բեմական արեւելումի բարբառին: Կողքի գծանկարը ցոյց կու տայ, թէ այդ շրջուած է` բաղդատած սրահին: Աջն ու ձախը ունին աւանդական առնչութիւն: Աջը լաւ, բարի, ուժեղի, իսկ ձախը` վատի եւ թոյլի հետ: Այս մասին կրկին անդրադարձած եմ: Յուսամ, որ այդ շփոթ չէ ստեղծած: Բեմադրիչներէն ոմանք բեմահարթակը կը բաժնեն պիտակաւորուած քառակուսիներու: Գիտական մտայնութեամբ կարելի է ենթադրել, թէ շուրջ 15 դար առաջ ձեւաւորուած ճատրակի տախտակին պիտակաւորումը, որ զարգացուց հանճարեղ Տեքարթ (1596-1650)` հիմնելով իր անունով կոչուող «վերլուծական երկրաչափութիւնը» (Cartesian analytic geometry), պիտի որդեգրուէր թատրոնի մարդոց կողմէ: Սլաքը ցոյց կու տայ, օրինակ, Գ2 քառակուսիին մէջ գտնուող դերակատարի մը շարժումը դէպի Դ6: Յետ Ա. Աշխարհամարտի Եւրոպայի յեղափոխական տարիներուն նկարիչ պարուսոյց O. Schlemmer (1888-1943) գործածած է նման պիտակաւորուած ցանց: Որոշ չափով նաեւ` տաղանդաւոր (որպէս ձեւապաշտ գնդակահարուած) Մէյերխոլտ (1874-1940): Ծանօթ եմ, որ մեր օրերուն նման տեղադրում կը գործածէ բեմադրիչ Յարութ Գնդունի: Բայց այս երեք տեղադրումներէն ոչ մէկը լիովին կը համապատասխանէ ճատրակային-քարթեզեան ձեւաչափին: Թերեւս որովհետեւ թուաբանութիւնը խորթ կը թուի բեմադրիչներուն:

Բնախօսական.- Եղափոխութեամբ շուրջ 300 հազար տարի առաջ կազմաւորուած տեսողական եւ լսողական ընկալումները ունէին տարբեր առաջադրանքներ: Տեսողականը զուգահեռ (միաժամանակ) ձեւով ատակ է ընկալելու բազմամիլիոն տարրեր: Մեր նախնիները արագ կը տեղեկացնեն, թէ ո՛ւր էին եւ ինչպիսի՛ կացութեան մէջ: Կրնար նաեւ ամբողջացնել մասնակի տեղեկութիւնները: Նախամարդը կրնար գազանի մը փոքր մասը միայն տեսնելով գիտնալ, թէ թուփին ետեւ դարանածը ի՞նչ է: Մեր ուղեղի զգայարանքներէն եկող նշանները ընկալող արտաքին պատեանի (Cortex) 30-40 տոկոսը յատկացուած է տեսողութեան: Մենք գլխաւորաբար «տեսնող կենդանիներ» ենք: Կուրութիւնը անհամեմատ աւելի ծանր անկարողութիւն կը պատճառէ, քան` խլութիւնը: Լսողութիւնը ատակ չէ զուգահեռ ընկալումի, այլ` «ընտրելու», թէ ո՛ր նշանը կարելի է անտեսել, «չլսել» (քմծիծաղներ կը տեսնեմ): Լսողութիւնը կը կատարէր ահազանգի դեր: Նախամարդը, երբ միաժամանակ կը լսէր առուակի կլկլոց եւ գազանի մը մռնչիւնը, կրնար անտեսել առուակը: Լսողութիւնը նաեւ ատակ է արագ ընկալելու նշանի նոյնիսկ դոյզն փոփոխութիւնները, այդ էական է, կարեւոր է ժամանակային տարածքի վրայ երկարող նշաններու, այսինքն` պատումի: Ուղեղի պատեանի լոկ 3-10 տոկոսը յատկացուած է լսողութեան: Ի դէպ, ուղեղի մեծագոյն մասը պարտադրաբար յատկացուած է «ողջ մնալու», այսինքն` վերլուծելու եւ լուծումներ գտնելու մեր օրկաններէն հասնող «ներքին» նշաններուն: Ամբողջական քուն արտօնուած չէ նոյնիսկ քոմայի ընթացքին:

Թելադրական.- Վերի հատուածի հիման վրայ կարելի է հասկնալ, թէ ինչո՛ւ դասաւորումը ատակ է հաղորդելու, դասաւորումի առնչութեամբ կան ակնյայտ թուացող նկատառումներ: Ատակ է ձեւաւորելու,  ուղղելու հանդիսատեսի ընկալումը: Ֆիզիքական մօտիկութիւն-հեռաւորութիւն` կրնայ նշանակել մտերմութիւն-խուսափում: Բարձր-ցած` կրնայ նշանակել իշխող-ենթարկուող: Հորիզոնական ուղիղ գիծ` կրնայ նշանակել համամտութիւն, բայց հետաքրքրական պատկեր չի ներկայացներ: Նախընտրելի են շեղակի կամ կոր գիծերը: Եռանկիւնը (V տառը) հաւասարակշռուած ձեւ մըն է, բայց կրնայ, ըստ դերակատարներու արեւելումին, նշանակել լարուածութիւն կամ բախում, այսինքն դասաւորումը կրնայ ցոյց տալ կերպարներու յարաբերութիւնը:

Նախընտրելի է, որ կառոյցը ունենայ կիզակէտ մը, ինչպէս` տաղանդաւոր լեհ բեմադրիչ Քանթորի (Tadeusz Kantor 1915-1990) բեմադրած Պալլատինայէն առնուած լուսանկարին մէջ (2):  Նոյն նկարին մէջ կրնանք տեսնել գիծերու ուղղահայեաց («L» տառի ձեւով) հատում, որ բախում կրնայ նշանակել: Այդ կարելի է բաղդատել, օրինակ, ականաւոր Մէյերխոլտի (ի դէպ, ոչ իր ոճը յատկանշող) կոր, հոսուն գիծերուն:
Պէտք չէ անտեսել նաեւ դասաւորումի գունաւորումն ու լուսաւորումը, որոնք կրնան շեշտել, օրինակ, հակադրութիւնը կամ համերաշխութիւնը: Միով բանիւ, չիք միանշանակ դեղատոմս կամ բացատրական «բառարան», հարկ է իւրաքանչիւր դասաւորումի մօտենալ` մեկնելով թատերգութեան բնագիրէն: Կենդանի պատկերները կրնան ծառայել որպէս «կէտադրութիւն», այսինքն` շեշտաւորում, ուշադրութիւն գրաւելու համար, եւ կամ`պահ մը դադար: Ի տարբերութիւն միջնադարեան ցուցքերու, սակայն, բեմական «կենդանի պատկերները» չեն կրնար երկար լուռ մնալ:

Պատմական.- Մեզի ծանօթ տեղադրումը կը կատարուի բեմի մը վրայ, որուն «չորրորդ պատ»-ի ետին է հանդիսատեսը: Այսինքն գրեթէ ամբողջ սրահը (բացի առաջին շարքերու անցանկալի ծայրերէն) կատարումը կը դիտէ ուղղահայեաց: Ուղղահայեաց կը դիտուէին նաեւ միջնադարեան ցուցքերու ընթացքին շրջուն սայլերու վրայ կազմուած կրօնաբարոյական «Ապրող պաստառները»: Այդպէս չէին, սակայն, հին յունական եւ Էլիզաբեթեան թատրոնները ուր հանդիսատեսը դասաւորուած էր բեմին շուրջ կիսակլոր եւ կամ «Ս» տառի ձեւով: Այդ կը նշանակէր, որ հանդիսատեսներուն մեծ մասը «ճակատային» ուղղութեամբ չէր դիտեր: Այստեղ հարկ է նշել, որ յունական թատրոնը շատ աւելի ընդարձակ բոլորաձեւ տարածութիւն յատկացուցած էր կեդրոնական «օրքեստրա»-ին, ուր իր դերը կը կատարէր «քորուս»-ը, քան աւելի նուազ` «սքենա»-ն, ուր իրենց դերը կը կատարէին դերասանները: Ծիսական զոհասեղանը, որ կիզակէտ մըն էր, կը գտնուէր «օրքեստրա»-ի կեդրոնը, այլ ոչ` աւելի բեմին վրայ: Բարձրադիր քորուսը, ուրեմն, տեսանելի էր մօտ 210 աստիճան բացուածքով: Յոյներ եւ Շէյքսփիրի թատերակազմը ի հարկէ քաջ տեղեակ էր այդ հանգամանքին: Կողքի գծանկարները ցոյց կու տան, որ ճակատէն դիտուած հաւասարակշռուած, համաչափ (sym-metric) համադրում (composition) կրնայ թուիլ անհասարակշիռ եւ անհամաչափ: Պարզ է, որ հարկ էր խուսափիլ խիտ շարուածքէ, որովհետեւ այդպիսով զիրար պիտի փակէին: Ցաւօք որեւէ արձանագրութիւն չէ պահպանուած տեղադրումի մասին: Միակ տուեալը թատերգութիւններու բնագիրներն են: Քանի որ հեղինակը միաժամանակ բեմադրիչն (երբեմն եւ երգահան եւ դերասան) էր, կարելի է ենթադրել, որ շարժումները կը հետեւէին տաղաչափութեան: Ի տարբերութիւն հայերէնի եւ նմանութիւն`  արաբերէնի, յունարէնը ունի երկար եւ կարճ ձայնաւորներ: Այդպիսով, կարելի է կազմել աւելի այլազան կշռոյթներ (յունարէնով` «մեթրոն»): Կարելի է ենթադրել, որ հեղինակ-բեմադրիչը դիտաւորեալ կերպով յօրինէր հայելիի ցոլացման նման աջ-ձախ շրջուած հնչունային կառոյցներ որոնք պիտի դրսեւորուին աջ-ձախ շրջուած շարժումներու շարքով:  Առկայ էին նաեւ կանոնագիր, գրեթէ կարծրատիպ ձեւաչափեր: Այս մասին կան ակադեմական ուսումնասիրութիւններ (3):

Հուսկ բանք.- Կը յուսամ, որ այս հակիրճ ներածականը բաւարար է թատերասէր ընթերցողի ուշադրութիւնը գրաւելու: Կը յուսամ, որ չի կրկնուիր այն անախորժ միջադէպը, երբ շատ տարիներ առաջ թատերական քննարկումի մը ընթացքին, երբ ելոյթի լուսանկարներու հիման վրայ կատարուած դասաւորումի գծագիրներ ցոյց կու տայի, դերակատար մը ոստնեց եւ բարձրաձայնեց, թէ նման նկատառումներու երբեք չէր հանդիպած, հետեւաբար անոնք գրագէտ դիտումներ չէին կրնար ըլլալ (4):

——–

1.- Մեզի ծանօթ 6 մեթր X 8 մեթր բեմահարթակ մը կը վերածուի մօտաւորապէս 25 սմ X 33 սմ փոքրիկ ուղղանկիւնի: Օփերային բեմերը ի հարկէ շատ աւելի ընդարձակ են` բաղդատած «Տէր Մելքոնեան»-ին:

2.- Պալլատինա կը համարուի լեհական «Մաքպեթ»-ը: Կին մը ոճիրներու ճամբով կ՛ուզէ իր սիրած տղամարդը կը տանիլ դէպի գահ:

3.- Տե՛ս, օրինակ,Theatricality of Greek Graham Ley, 2007:

4.- Այդ գծագիրները այժմ վշտահար ծուարած են դարակներէս մէկուն մէջ:

 

Նախորդը

Յայտարարութիւններ (7 Փետրուար 2026)

Յաջորդը

135 Տարիներու Պայքար

RelatedPosts

Ոտնակոխ Տունը
Արուեստ - Մշակոյթ

Տեսակէտ. Եղանակի Տեսութիւն Ե.

February 23, 2026
Գեղատիպ Հրատարակութիւն Մը Եւս…
Արուեստ - Մշակոյթ

Գեղատիպ Հրատարակութիւն Մը Եւս…

February 11, 2026
Ոտնակոխ Տունը
Արուեստ - Մշակոյթ

«Գայեանէ» Պալէի Դպրոցի «Մարդուկ Ջարդուկ»-ը

January 19, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.