Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Պաքուի Ցմահ Վճիռները` Միջազգային Իրաւունքի Բացարձակ Ձախողութիւն Եւ Արցախի Ցեղային Զտման Օրինականացում

February 7, 2026
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԱՀԱՐՈՆ ՇԽՐՏԸՄԵԱՆ

Պաքուի մէջ Արցախի ռազմաքաղաքական նախկին ղեկավարներու դէմ ցմահ բանտարկութեան դատավճիռները դատական  որոշումներ չեն: Անոնք քաղաքական վրիժառութեան արարքներ են` ուղղուած ոչ միայն անձերու, այլ նաեւ` ժողովուրդի մը պատմական իրաւունքներուն դէմ:

Այս դատավճիռներով Ազրպէյճան կը յայտարարէ, որ ինքնորոշման գաղափարը յանցանք է, իսկ հայ ըլլալը` պատիժի արժանի վիճակ:

Միջազգային իրաւունքը այս բեմադրութեան մէջ ամբողջովին խախտուեցաւ: Ժողովուրդներու ինքնորոշման իրաւունքը` ամրագրաւուած ՄԱԿ-ի կանոնադրութեամբ եւ բազմաթիւ միջազգային փաստաթուղթերով, ամբողջովին անտեսուեցաւ Արցախի պարագային: Արցախի ժողովուրդը բազմիցս, յստակ եւ ազատ կամքով արտայայտեց իր քաղաքական կամքը: Այսօր այդ կամքը կը ջնջուի ոչ թէ բանավէճով, այլ` բռնութեամբ,   հազարաւոր  անմեղ երիտասարդներու արեամբ, տեղահանութեամբ, հայաթափութեամբ եւ բանտով:

Պաքուի «դատավարութիւնները» կը հանդիսանան  հայ  ժողովուրդին դէմ դարերու ատելութեան  եւ անհանդուրժողութեան ամբողջական քաղաքականութեան  մը օղակը, որ իր աւարտին հասցուց` Արցախի ամբողջական հայաթափումը, բնակչութեան բռնի տեղահանութիւնը, մշակութային ժառանգութեան ոչնչացումը եւ այժմ` քաղաքական ղեկավարութեան դատապարտումը:

Մարդկային այս ողբերգութիւնը միջազգային իրաւունքի լեզուով կը կոչուի ցեղային զտում: Ցեղային զտումի դէմ  միջազգային  ընտանիքի լռութիւնը յանցագործութիւն է:

Միջազգային ընտանիքը այս օրերուն ընտրած է ամօթալի լռութիւնը: Անոնք, որոնք տարիներ շարունակ քարոզեցին մարդու իրաւունքներու եւ ժողովրդավարութեան մասին, այսօր կը խուսափին յստակ բառերէ եւ պատասխանատու քայլերէ: Ո՛չ մէկ պատժամիջոց, ո՛չ մէկ դատապարտում, ո՛չ մէկ պահանջ` գերիներու ազատ արձակման կամ դատավարութիւններու միջազգային վերահսկողութեան համար: Այս բարոյական սնանկութեան ապացոյց  մըն է:

Սակայն այս ողբերգութիւնը միայն արտաքին մեղաւորներ չունի: Այն, ինչ այսօր տեղի կ՛ունենայ Պաքուի մէջ, ազգային ստորացում է հայ ժողովուրդին համար: Ստորացում,  որովհետեւ մեր զաւակներն ու ղեկավարները կը դատապարտուին աշխարհի աչքին առջեւ, իսկ մենք կը շարունակենք վիճիլ, կոտորակուիլ, փոխադարձ մեղադրանքներով զիրար յօշոտել,  բայց`  լռել իրաւունքի առջեւ: Ստորացում, որովհետեւ համազգային վտանգին դիմաց մենք չկրցանք ձեւաւորել միասնական քաղաքական եւ բարոյական ճակատ:

Այսօր դատապարտուած են ոչ միայն անհատներ, այլ նաեւ` մեր հաւաքական յիշողութիւնը, մեր իրաւունքին հանդէպ մեր հաւատքը եւ մեր պահանջատիրութեան կամքը: Եթէ  չսթափինք այս պահուն, եթէ չվերագտնենք  մեր միասնական ձայնը, ապա այս ցմահ վճիռները պատմական նախադէպի կը վերածուին, ուր անարդարութիւնը կը դառնայ ընդունուած իրականութիւն:

Արցախի հարցը փակուած չէ: Փակուած կը դառնայ միայն այն ժամանակ, երբ մենք ընդունինք պարտադրուած լռութիւնը: Իսկ լռութիւնը այսօր հաւասար է պարտութեան: Հայ ժողովուրդը պարտաւոր է ըսելու` ոչ: Ո՛չ ցեղային զտումին: Ո՛չ ինքնորոշման իրաւունքի ջնջման: Ո՛չ ազգային ստորացումին:

Այս պահը  կը պահանջէ` սթափում, համախմբում, ազգային արժանապատուութեան վերականգնում: Միութիւն, զգաստութիւն եւ համազգային դիմադրութիւն` ահա միակ պատասխանը այս անարդար դատավճիռներուն:

 

 

Նախորդը

Հակամարտութեան Մէջ Վստահելի Միջնորդը. Խորքային Դիտարկումներ Եւ Պատասխաններ` Հակամարտութիւններու Լուծման Մասնագէտ Հրայր Պալեանի Կողմէ

Յաջորդը

Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ Հանրային Կապերու Գրասենեակին. Բնակարաններու Հին Վարձքերու Օրէնքի Տանտէր-Վարձակալ Կողմերու Իրաւունքներուն Եւ Լուծումներուն Վերաբերող Զրոյց

RelatedPosts

Քեսապն… Ու Հեղեղները
Անդրադարձ

Քեսապն… Ու Հեղեղները

November 11, 2026
Ապրիլեան Զոհերէն` Պոլսահայ Մամուլը
Անդրադարձ

Հայ Կեանք Եւ Մասամբ Նորին…

November 11, 2026
Թուրքիոյ Ներքաղաքական Երկընտրանքը
Անդրադարձ

Սփիւռքը Եւ «Անդրազգ» Եզրոյթի Հարցականները

November 11, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.