Ուսումնասիրեց` ԱՐԱՄ ՉԱՓԱՐԵԱՆ
Երկար ատենէ ի վեր կը սպասենք, որ շահախնդիր կողմերը գործնական քայլերու դիմեն լուծումներ գտնելու համար այս զգայուն թղթածրարին, եւ կարծէք արդէն անխուսափելի դարձաւ անոր մասին խօսիլը` նկատի առնելով Լիբանանի ընկերային հիւսուածքին եւ քաղաքականացած յարանուանութիւններուն ստեղծած բարդութիւնները:
Կը յուսայինք, որ վարչական լուծումներ ըլլային` հեռու ընկերային լարուածութիւններէ եւ բաժանումներէ: Սակայն որեւէ լուրջ նախաձեռնութեան բացակայութեան, անհրաժեշտ դարձաւ ամենայն առարկայականութեամբ եւ թափանցիկութեամբ այս նիւթը արծարծել` հիմնուելով ազգային գերագոյն շահերուն վրայ:
Առաջին. ենթահող եւ արդարացումներ
Լիբանանի դիմագրաւած քաղաքական եւ ընկերային մարտահրաւէրներուն լոյսին տակ հողաշերտերու գնման հարցը դարձած է զգայուն հարց մը, որ կ՛ազդէ ընկերային եւ ժողովրդագրական ապահովութեան` յատկապէս հողաշերտերու սեփականատիրութեան մարզին մէջ իսկական վերահսկողութեան բացակայութեան լոյսին տակ: Վերջին տարիներուն որոշ շրջաններու մէջ առուծախի շարժումները բազմացած են, ինչ որ լուրջ հարցումներ յառաջ բերաւ այդ դրամի աղբիւրներուն եւ սեփականատիրութեան նպատակներուն շուրջ, ինչպէս նաեւ` այն մասին, թէ այդ գործողութիւնները որքանո՛վ կը համապատասխանեն ազգային շահերուն:
Առանց յստակ օրինական կարգաւորումի` այս կացութեան այսպէս շարունակուիլը կրնայ վտանգել երկրին ընկերային հաւասարակշռութիւնը եւ կը սպառնայ ժողովրդագրական չսերտուած փոփոխութիւններ յառաջացնել` տկարացնելով սեփականատիրութեան շարժումները ազդու կերպով հակակշռելու երկրին կարողութիւնը:
Երկրորդ. գործող իրաւական շրջանակը
Լիբանանի օրէնսդրութիւնը անշարժ գոյքի սեփականատիրութիւն կ՛արտօնէ հետեւեալ յօդուածներուն համաձայն.
– Սահմանադրութեան 15-րդ յօդուածին, որ կ՛ըսէ, թէ սեփականատիրութիւնը պաշտպանուած է օրէնքով:
– Օրէնսդրական հրամանագիր թիւ 11614-ին, 14/1/1969 թուակիր, որ կը կարգաւորէ օտարերկրացիներուն սեփականատիրութեան իրաւունքը:
– Պարտաւորութիւններու եւ պայմանագիրներու օրէնքի 825-րդ յօդուածին եւ անոր յաջորդող յօդուածներուն, որոնք կը կարգաւորեն նախապատուութեան իրաւունքը:
– Թիւ 12 որոշումին` 16/1/1934 թուակիր, որ կը կարգաւորէ փոխանակութեան պայմանագիրները, ինչպէս` գործածութեան իրաւունքը եւ գրաւները:
– Վարձակալութեան օրէնք թիւ 2/2017-ին, որ կը կարգաւորէ տանտէր-վարձակալ յարաբերութիւնը:
– Հրամանագիր թիւ 144-ին, 12/6/1954 թուակիր, որ կը կարգաւորէ քաղաքաշինութիւնը եւ շրջաններու գօտիաւորումը. 33-րդ եւ 40-րդ յօդուածները կը կարգաւորեն ապահովական յատուկ կարգավիճակ ունեցող շրջաններուն մէջ սեփականատիրութիւնը:
Այս յօդուածները գոյութիւն ունին, բայց անոնք չեն պարունակեր տեղական վերահսկողութեան վերաբերեալ պայման մը, որ կը պայմանաւորէ քաղաքապետին եւ նահանգապետին հաւանութիւնը նախքան սեփականութեան իրաւունքի գրանցումը` բացի այն պարագաներէն, ուր պարտքեր կան կամ շինարարութեան վերաբերող օրէնքի խախտումներ: Եւ այս բացթողումը կամ թերութիւնը առիթ կու տայ` առանց վերահսկողութեան վաճառքներու, ինչ որ պատճառ կրնայ դառնալ ընկերային եւ ապահովական վտանգներու:
Երրորդ. օրէնսդրական առաջարկ
Կ՛առաջարկենք անշարժ գոյքի վերաբերող օրէնքներուն մէջ աւելցնել բարեփոխում մը, որ կ՛ըսէ հետեւեալը.
«Կարելի չէ իրագործել անշարժ գոյքի վերաբերեալ որեւէ իրաւունքի ձեռքբերում` ըլլայ անիկա վաճառքի, նուէրի, ժառանգութեան կամ որեւէ այլ տեսակի օրինական ձեւով, առանց նախապէս գրաւոր հաւանութիւն առնելու շրջանի թէ՛ քաղաքապետէն եւ թէ՛ նահանգապետէն, որոնք ամէնէն աւելի իրազեկ են շրջանի անշարժ գոյքի պարագաներուն կամ պայմաններուն: Այդ հաւանութիւնը կը հաստատէ, որ չկայ որեւէ վարչական, ապահովական կամ ընկերային արգելք այդ վաճառքի կատարման կամ գրանցման»:
Եւ պէտք է այդ յօդուածը տարածուի առ որ անկ է, օրինակ` հետեւեալ կողմերուն.
– Նոտարներուն,
– Անշարժ գոյքի գրանցման գրասենեակներուն,
– Քաղաքաշինութեան մարմիններուն,
– Քաղաքապետարաններուն եւ նահանգապետարաններուն,
– Լիբանանի հիւպատոսարաններուն եւ դեսպանատուներուն` աշխարհի տարածքին:
Չորրորդ. ակնկալուած արդիւնքներ
– Անշարժ գոյքի առուծախի շարժումներու տեղական, վերահսկողութեան զօրացում,
– Անօրէն կամ հանրային շահին անհամապատասխան ձեւով սեփականատիրութեան արգիլում,
– Շրջաններուն մէջ ժողովրդագրական եւ ընկերային հաւասարակշռութեան պահպանում,
– Վաճառքի գործողութիւններուն մէջ դրամական աղբիւրներուն թափանցիկութեան ապահովում,
– Քաղաքապետարանները կարող դարձնել, որ ունենան վերահսկողութեան ազդու դեր մը` հարցին դրամական երեսէն անդին, օրինական յստակ շրջանակի մը մէջ:
Եզրակացնելու համար կը փափաքինք այս առաջարկը ներկայացնել խորհրդարանի վարչական եւ արդարադատութեան յանձնախումբին եւ խորհրդակցական հանդիպումներ կազմակերպել քաղաքապետարաններուն եւ նահանգապետարաններուն հետ` նպատակ ունենալով մշակել օրէնսդրական միասնական տեսլական մը, որ կ՛ապահովէ անշարժ գոյքի սեփականութեան պաշտպանութիւնը եւ կը ծառայէ ազգային շահերուն:


