«… Ինքնախաբէութիւն չէ հաւատալ նոր գաղափարներու
անզգալի, աստիճանական թափանցումին…»
Յ. ՔԻՒՐՔՃԵԱՆ
Նախաբան
Յարութիւն Քիւրքճեանի «Երկրորդ հաւասարում բազմաթիւ անյայտներով» գրափորձը սփիւռքեան մտածողութեան ծնունդին առաջին վկայութիւնն էր: Երբ կ’ըսեմ` «սփիւռքեան», կը հասկնամ ո՛չ թէ յետլոզանեան այն «գաղափարաբանական» գրականութիւնը, որ մշակուեցաւ սփիւռքի օճախներու մէջ ու միջեւ, այլ` այն գրականութիւնը, որ սկսաւ ինքզինք ճանչնալ հակադրաբար անցեալին եւ` աւանդուած «նախագիտակից եւ նախասահմանուած ինքնութեան» (Գրիգոր Շահինեան): Այս հաստատումը կ’ընդունի, որ «գաղափարաբանական»-ին (այս բառին յստակացումը` ետքը) անդրանցման գրական փորձառութիւններ արձանագրուեցան Փարիզի մէջ, եւ եղան ատաղձը` գիտակից եւ ազատօրէն ընտրելի, ստեղծելի ինքնութեան:
Կ’ընդունի, որովհետեւ Քիւրքճեանի մտածման ծննդարանը ֆրանսահայ գրականութեան մէջ էր: Նաեւ պէտք է յիշել, Փարիզի մէջ անոր ուսանողական տարիներուն Ֆրանսայի իմացական եռուն աշխարհն ու գաղափարները, մանաւանդ` 1968-ի ուսանողական պոռթկումը:
Ֆրանսահայ գրականութեան մասին, Գր. Շահինեան հետեւեալ ճշգրիտ բնորոշումը կատարած է. «Բուն սփիւռքահայ գրականութիւնը, անիկա, որ կ’արտայայտէ տարագիր հայ մարդուն նոր զգայնութիւնը եւ պառակտուած հոգին, կը ստեղծուի Ֆրանսայի մէջ: Ո՛չ, անշուշտ, ֆրանսահայ բոլոր գրողներու գործերուն մէջ` առանց բացառութեան, բայց` անոնցմէ ամէնէն աւելի ներկայացուցչական արժէք ունեցողներուն»: Իսկ ինք` Քիւրքճեան, գրած է. «Ֆրանսահայ գրականութեան հսկայ ձգտումն է եղած` իրեն համարկել Այլութիւնը, յաղթահարել Աղէտը, ձեւ տալ Տարասփռումին: Իմաստաւորել Տարագրութիւնը»: Անշուշտ այս բնորոշումը ֆրանսահայ բոլոր գրողներուն ձգտումը չէր. կարդալ` իր «Շողանկարումներ սփիւռքի առաջին սերունդէն» յօդուածաշարքը վերատպեալ (տե՛ս «Սփիւռք եւ ինքնացում» հատորը):
Ի սկզբանէ Քիւրքճեանի հոգն էր իմանալ սփիւռքեան փորձառութեան մէջ ներկայ իրականութեան, այժմին եւ օտարին գիտակցութիւնը եւ առաջադրել նոր ուղի մը: Մինչ ոմանց կեցուածքներուն մէջ կը յամենար ներկայ իրականութեան (իրականութիւններուն), այժմին եւ օտարին մերժումը եւ դեռ կը յամենայ, Քիւրքճեան այն մերժումներուն զանցումը կատարած եւ արձանագրած էր:
1968-ի ուսանողական պոռթկումին մասնակից մըն ալ ինքն էր` Քիւրքճեան:
«Յառաջ» 18 մայիս 1968-ի իր թիւին մէջ «Ուսանողական տագնապը» վերնագրութեամբ գրութեամբ հետեւեալը կ’ըսէր. «Տագնապը նոր չէր անշուշտ, ինչ որ նոր է, ստացած բնոյթն է: Օրերու ընթացքին ոչ ոք կրցաւ զսպել ծայրայեղութիւնները, եւ իրարու խառնուեցան համալսարանական անհրաժեշտ բարեփոխման հարցը, չինական «Մշակութային յեղափոխութիւն»-ը, բանուորական դժգոհութիւններն ու քաղաքական շահագործումները»:
Քիւրքճեան 1968-ի դէպքին նշանակութիւնը այսպէս բացատրած է. «Մայիսը եկաւ, եւ Փարիզը բռնկեցաւ ուսանողական շարժումով: Լաւագոյն ընկերութեան մը, լաւագոյն մարդկութեան մը տեսլականով գրաւուած երիտասարդութիւն մը մէկ օրէն միւսը ըրաւ գիւտը այն շլացուցիչ ու բացայայտ ճշմարտութեան, թէ իր ներկան լեցուն է կարելիութիւններով, թէ` իր ապագան, մարդկութեան ապագան, նոյնինքն պատմութիւնը իր ձեռքերուն մէջ ձեւաւորելի կաւ է ու նախանիւթ: Գիւտը` լեցուն ներկայութեան մը իր մէջ, զինք բաղկացնող իւրաքանչիւր անհատի մէջ: (…) Կային անհատներ` իրենց ներկային, իրենց կացութեան հետ ճակատ ճակատի, անոր յեղափոխումի հրամայականին ունկնդիր»:
Դէպքին թոհուբոհին մէջ Փարիզի հայ ուսանողները կազմակերպած էին երեկոյ մը, որ նուիրուած էր Նիկողոս Սարաֆեանի: Այն առիթով հայ ուսանողներու միութեան կողմէ խօսք առած էր Քիւրքճեան եւ` ըսած, թէ հայ ուսանողները ելած են փնտռելու գրական սերունդ մը, որուն ամէնէն հարազատ ներկայացուցիչներէն մէկն էր Սարաֆեան: Սա կը նշանակէ, որ ուսանող երիտասարդութիւնը ելած էր փնտռելու գաղափարներու եւ միտքերու այնպիսի աշխարհ մը, որ իր իրողական կացութեան մէջ ըսելիք ունէր իրեն:
Ի՞նչ ըսած էր, կ’ըսէր եւ կ’ըսէ Սարաֆեան:
Ըստ սփիւռքեան «վաւերական» քերթողին, «տարաշխարհ»-ն ալ «իբր իրական, դրական ներկայութիւն» է հայութեան համար: Այս վիճակին մէջ ինչպէ՞ս ըլլալ: «Ճամբորդ մ’աղքատ»: Ճամբորդ մը, որ պէտք չէ ետ դառնայ, եթէ չ’ուզեր «քարանալ Ղովտի կնոջ պէս»: Քերթողին ետ չդառնալու պատգամը չի վերաբերիր անցեալին, կամ` անոր աւանդին ուրացումը, այլ պատգամ մըն է` չյանձնուելու բրածոյացած գաղափարներու, ընկալումներու, միտքերու, գաղափարաբանութեանց: Անոնցմէ աղքատանալն է, որ կարելի կը դարձնէ` ըստ նոր կացութիւններուն նորաբանումը աւանդութեամբ: Սփիւռքեան գոյութիւնը ստեղծել: Սարաֆեան «Բան»-էն (հասկնալ` ամենատեսակ «բաներ»-ը) առաջ ու աւելի` Գոյ կը ստեղծէ», գրած է Քիւրքճեան Սարաֆեանի մասին: Գոյն ստեղծելը ապրիլ է Ներկան, անոր Այժմէութիւնը «այնքան վաւերականութեամբ», որ կարելի ըլլայ նոր որակ մը փնտռել, եւ, ըստ այն փնտռտուքին, ճանչնալ ինքզինք, արարել ինքզինք:
Քիւրքճեանի համաձայն, Սարաֆեան տեսանող մըն էր, որ մատնանշած էր «վերապրումի ուղին»` ըսելով. «Հայ ոգին ես ինծի նմանցուցած եմ միշտ նաւաբեկութենէ մը ազատող Ռոպենսոնին: Անիկա պիտի գիտնայ ինքզինք պաշտպանել ու խրճիթը շինել զանազան բեկորներով… Այս սերունդը պէտք է նետէ պահպանողականութիւնը, ծուլութիւնը… պէտք է գիտնայ բացառիկ բախտը, որ ազգային դժբախտութիւնը տուաւ իրեն` գաղթը: … Փախաւ, սահեցաւ մեր հայրենիքը մեր ոտքերուն տակէն` ծովին տալով մեզ: Բայց լաւագոյն առիթն է աս` լողալ սորվելու համար: Մեզի կը մնայ սուզուիլ` առանց երկար-բարակ չափելու, առանց վախի»:
Քիւրքճեանի նախընտրած բառով` «Տարաշխարհ»-ը, կամ ըսենք` սփիւռքը, ձեւաւորելի է: Զայն նոր որակով ձեւաւորելու գրաձայնող մըն էր ան:
(Շարունակելի 1)



