Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Մեզմէ Ո՞վ Է Եապանճոն

February 4, 2026
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՍԵՒԱՆ Ա. ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ

Այս տարի կրկին կարօտի մագնիսական ուժը զիս քաշեց զաւակներուս մօտ: Օտարութեան դժուար ու սրտաճմլիկ երգեր երգելէն ու համբերելէն սպառած էի: Հանդիպման պահուն` համբոյրներ եւ ողջագուրումներ: Եկէ՛ք, խոստովանինք, որ հարազատներու հետ ըլլալն ու անոնց ներկայութիւնը կեանքիդ մէջ վայելելը կեանքդ կը զարդարեն ու կը գունաւորեն լուսաճաճանչ երանգներով: Հաճելի զրոյցներ, ուրախ եւ տխուր պահերու բաժնեկցում… մէկ խօսքով, հոգեհարազատներու հետ կեանքը աւելի հեշտ եւ ուրախ կ՛ընթանայ:

Տղաս լաւ իմանալով, թէ ուր որ գիր, գրականութիւն եւ մշակոյթ կը հրամցուի, ինծի հաճելի կը թուի, զիս հրաւիրեց գիրքի մը ներկայացման ձեռնարկի: Ուրախութեամբ ընդառաջեցի: Այդ օր ճշդուած ժամէն առաջ պատրաստ էի, որովհետեւ նկարագրիս նրբագոյն գիծերէն մէկը ժամադրութիւն յարգելն է: Անհամբեր էի ու կ՛ակնկալէի ձեռնարկին քեսապցի ծանօթներու եւ հարազատներու հանդիպիլ:

Ճշդուած վայրը հասնելով` սրահ ուղղուեցանք: Մուտքին ներկաները խումբ-խումբ հաւաքուած կը զրուցէին: Ուրիշներ սրահին մէջ իրենց աթոռները գրաւած էին արդէն: Առիթէն օգտուելով` ծանօթ դէմքերու փնտռտուքի մէջ էի: Կ՛ուզէի անոնց ալ բարեւ տալ, իրենց մասին հարցնել, որովհետեւ զիրենք, յատկապէս` քեսապցի կարգ մը ընկերներ, երկար ատենէ ի վեր չէի տեսած, կարօտցած էի: Վերջապէս հանդիպեցայ անոնց:

Երբ քեսապցին քեսապցիի հանդիպի, հոն փոքրիկ հայրենիք կը ստեղծուի, կը խօսին ու իրարու հետ կը վարուին այնպէս մը, որ կարծէք Քեսապի հարազատ հողին վրայ ըլլան: Իսկ երբ անոնց թիւը մեծ ըլլայ, այդ զգացումը կը կրկնապատկուի ու կը քառապատկուի:

Քեսապի բարբառին ձայնը աւելի ու աւելի հնչեղ կը դառնար: Ուրախ մթնոլորտը, դէպքերու վերյիշումը, ծածկանուններու մատնանշումը եւ հրճուանքն ու կարօտն էին տիրականը սրահին մէջ:

– Դո՞ւն ալ Քեսապի բարբառով կը խօսիս,- հարցուց ներկաներէն մին:

– Այո՛,- պատասխանեցի:

– Բայց մայրս եապանճօ է, քեսապցի չէ՛,- աւելցուց տղաս:

– Այսի՞նքն, ի՞նչ կը նշանակէ «մայրս եապանճօ է»,- հարց տուի տղուս:

– Մի՛ նեղանար, մումէ՛, բան ըսել չուզեցի,- տղաս ժպիտը դէմքին կը փորձէր ըսած խօսքին ծանրութիւնը մեղմացնել:- Նայէ՛, մամ, ճիշդ է, որ դուն քեզ քեսապցի կը սեպես, սակայն «եապանճօ» կը մնաս: Լա՛ւ, կրնա՞ս Քեսապի բարբառով հաւ ըսել:

– Հօով,- պատասխանեցի:

– Ահա՛, տե՛ս, մամ, լաւ չես կրնար հնչել, հօով չեն ըսեր, հուօվ կը հնչեն, նոյնպէս ալ ուրիշ բառեր թերի կը հնչես:

Ներկաներէն իւրաքանչիւրը սկսաւ բառ մը յիշեցնել եւ զայն Քեսապի բարբառով հնչել ու մրցիլ, թէ ո՛վ աւելի լաւ պիտի կարենար հնչել բառը:

– Մա՛մ, խոստովանէ, որ «եապանճօ» ես, ի՛նչ ալ ընես, չես կրնար քեսապցի ըլլալ:

– Տղա՛ս, ես հարց չունիմ խոստովանելու եւ կ՛ընդունիմ ըսածդ, բայց եկուր տե՛ս, որ քանի մը շաբաթէն կրկին Քեսապ կը վերադառնամ եւ Արշակ թագաւորին նման, երբ Քեսապի հողին վրայ կոխեմ, ինքզինքս շատ ուժեղ կը զգամ, ու այն ատեն բոլոր ներկաներդ «եապանճօ» կը դառնաք, ես կը մնամ իսկական քեսապցին,- երկու աչքերս գոցելով, կոպերս ամուր սեղմելով, գլուխս վեր բարձրացնելով` դիտողութեան նման պատասխանեցի:

Այս քանի մը նախադասութիւնը ըսելէ ետք տարօրինակ ու մռայլ մթնոլորտ մը տիրեց, բարձրաձայն խնդուքը դէմքերու վրայ սառեցաւ, իսկ խօսակցութիւնը դադրեցաւ:

– Տէ՜ր Աստուած, այս ի՞նչ ըրի, ինչպէ՞ս սրբագրեմ այս արտայայտութիւնս,- մտածեցի յանկարծ: Արիւնս գլուխս խուժեց: Առաջին վայրկեաններու ուրախութեան ուլունքաշարս ջարդ ու փշուր եղաւ: Վեր բարձրացած գլուխս վիրաւորուած վար ինկաւ: Կրնայ ըլլալ` ըսածս ճիշդ էր ու տեղին, սակայն արտայայտելու պահը յարմար չէր, որքան ուզեցի այդ վայրկեանին չքանալ, բայց ինչպէ՞ս…

– Մա՛մ, վստահաբար կատակ էր ըսածդ, չէ՞,- տղաս կը փորձէր կացութիւնը փրկել:

– Անշուշտ, տղա՛ս, անշուշտ,- ինքնավստահ արտայայտութեամբ, ժպտելով պատասխանեցի:

Մինչդեռ կը փորձէի թողած տհաճ տպաւորութիւնը փոխել, հաւաքել բացասական տրամադրութիւնը չորս կողմէս, այնպէս` ինչպէս հաց թխողները տաշտէն դուրս սողոսկած թթուած խմորը կը հաւաքեն: Աջէն կը հաւաքէի, ձախէն կը թափէր: Օ՜ֆ… վերջապէս յաջողեցայ զսպել բոլորը:

– Երբեք կատակի չէք գար,- ըսի,- ես` ո՜ւր, քեսապցի ըլլալը` ուր: Վաղը, երբ մեռնիմ, անշուշտ` երկար տարիներ ետք, նկատի պիտի չառնեն Քեսապի մէջ ապրած երկար տարիներս, այդ օր երբ կտրուկ զանգը հնչէ ու իրարու հարցնեն «ուվ խիսիցով» (ով մահացաւ), պիտի ըսեն` «եապանճօ հուօրսը խիսիցով» (օտար հարսը մահացաւ):

Վերջին ըսածս շատ աւելի հաճելի թուեցաւ բոլորին: Անոնց ուրախ ժպիտներն ու խնդուքը կրկին բարձրացան բարեփոխելով մթնոլորտը:

Տէ ե՛կ, վարդապե՛տ, ու մի՛ խենթանար:

Ըսածիս մէջ սխալ բան չկար իրականութեան մէջ: Այո՛, ես եմ, որ Քեսապի հողին վրայ կ՛ապրիմ ու անոր մաքուր օդը կը շնչեմ: Ես եմ անոր պարտէզներուն մէջ ման եկողը ու անոր բարիքները վայելողը: Ես եմ անոր դժուար եւ ուրախ պահերը ապրողը: Ես եմ անոր փառքը երգողը:

Ա՜խ, իմ սիրելի՛ հայրենակիցներ, ուր ըլլալն ու ապրիլը ի՞նչ կ՛արժէ, կարեւորը Քեսապն ու քեսապցիները սրտի մէջ պահելն է:

 

 

Նախորդը

Արուեստի Մասին

Յաջորդը

Յարութիւն Քիւրքճեան, Կամ` Վարժեցում Ազատութեան. (Սփիւռքեան Մտածողութիւն Մը)

RelatedPosts

Ռազմավարական Դիմակայութիւնից Դիւանագիտութիւն. Իրան-Միացեալ Նահանգներ Լարուածութեան Թուլացման Ուղին
Անդրադարձ

Ռազմավարական Դիմակայութիւնից Դիւանագիտութիւն. Իրան-Միացեալ Նահանգներ Լարուածութեան Թուլացման Ուղին

February 9, 2026
Ս. Էջմիածինի Յայտարարութիւնը` Արցախի Գերեվարուած Ռազմաքաղաքական Ղեկավարներու Հիմնարար Իրաւունքներու Ոտնահարման Դէպքերուն Վերաբերեալ
Անդրադարձ

Պաքուի Ցմահ Վճիռները` Միջազգային Իրաւունքի Բացարձակ Ձախողութիւն Եւ Արցախի Ցեղային Զտման Օրինականացում

February 7, 2026
Մասիս Ալեքսանդրեան
Անդրադարձ

Մահուան Քառասունքին Առիթով. Մասեաց Սէգ Մասիսը

February 7, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.