Հաւատարմութիւն դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի անդամ Հիւսէյն Ժաշի նշեց. «Թշնամին զսպելու համար լիբանանեան պետութեան թափած ջանքերը, հակառակ զինադադարի համաձայնութենէն 14 ամիսներ անցնելուն, արդիւնք չտուին, ինչ որ կը նշանակէ, թէ դիւանագիտութիւնը երկիրը չպաշտպանեց եւ թշնամին չզսպեց»:
«Պահանջուածը այն է, որ սպանութեան եւ քանդումի յաւելեա՞լ տարի մը սպասենք, եւ յայտնի չէ, եթէ ամերիկեան ներթափանցման եւ սիոնական ոճիրի լոյսին տակ կրնանք արդիւնքի հասնիլ», հարց տուաւ ան:
«Մեր պահանջածը լիբանանցիները, անոնց տուներն ու ապրուստի միջոցները պաշտպանելն է, եւ ատիկա պատասխանատուութիւնն է պետութեան, որ ինք ստանձնեց զայն եւ Դիմադրութենէն պահանջեց մէկդի կանգնիլ», աւելցուց երեսփոխանը:
«Այսօր խնդրոյ առարկայ է իշխանութեան հաւաստիութիւնը», նշեց Ժաշի` պետութեան կոչ ուղղելով իր պատասխանատուութիւններուն տէր կանգնելու, փաստելու, թէ կարող է Լիթանի գետէն հարաւ գտնուող շրջանը պաշտպանել, «որպէսզի հաւատանք, թէ կարելիութիւնը ունինք, եւ ատկէ ետք կ՛արծարծուին յաջորդող փուլերը, որոնց մասին կը խօսին»:
Ժաշի խօսքը իշխանութեան ուղղելով յայտնեց. «Եթէ անկարող էք պահանջուած պաշտպանութիւնը ապահովել եւ հողը ազատագրել, եւ իրականութեան մէջ անկարող էք, ապա պէտք է գործակցիք այս երկրի հիմնական բաղադրիչներուն հետ` նախ եւ առաջ մեր դիմադրող ժողովուրդին հետ` փոխհասկացողութիւն գոյացնելու եւ երկրի պաշտպանութեան ու բռնագրաւումը պարտութեան մատնելու ազգային պաշտպանութեան ռազմավարութիւն մշակելու:
«Եթէ ոմանք կը կարծեն, թէ իրենց ձեռքը եղող իշխանութեամբ պիտի ճնշեն իր ժողովուրդն ու երկիրը ազատագրած եւ զոհաբերութիւններ կատարած Դիմադրութիւնը, աւելի լաւ կ՛ըլլար, եթէ թշնամիին վրայ ճնշում բանեցնէին եւ իրենց մկանները թշնամիներուն ցուցադրէին», ըսաւ Ժաշի:


