Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

January 29, 2026
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

. ՆԱԽԱՐԱՐԱՑ խորհուրդը ուրբաթ օր պիտի քննարկէ Լիթանի գետէն հիւսիս տեղակայուելու լիբանանեան բանակի ծրագիրը:

. ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ապահովութեան ընդհանուր տնօրէնութիւնը յայտարարեց, թէ 25 յունուարին Պէյրութի միջազգային օդակայանին մէջ ձերբակալած է չորս թուրքեր (3 տղամարդ եւ կին մը)` Թուրքիայէն Սէուտական Արաբիա թմրեցուցիչի մաքսանենգման ցանցի հիմնադրութեան մեղսակցութեան համար: Անոնք ձերբակալուած են Պոլիսէն Պէյրութի օդակայան հասնելէ ետք:

. «ԱՆՊԱ ԷԼԵՔԹՐՈՆԻԱ»-Ի սեփական աղբիւրը. «Մեքանիզմ»-ը հնգեակէն եռեակի վերածելը հսկայական արմատական շրջադարձ է` յանձնախումբին քաղաքական դերակատարութեան փոփոխութիւն է, որ կրնայ զինադադարի համաձայնութեան եւ ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի թիւ 1701 որոշումի ապագայի փոփոխութեան յանգեցնել»:

. ԴԻՒԱՆԱԳԻՏԱԿԱՆ աղբիւրներ «Տիար» օրաթերթին. «Ուաշինկթընն ու Ռիատը ներկայ ընթացքին նկատմամբ զգուշաւոր մօտեցումի լոյսին տակ իրենց ամբողջ կշիռը պիտի չներդրեն բանակի աջակցութեան խորհրդաժողովին մէջ, հակառակ քուլիսներուն ետին Քաթարի եւ Եգիպտոսի ընթացքը բարեփոխելու եւ առնչակից պետութիւններու դիրքորոշումը միաւորելու աշխատանքին»:

. «ԱՆՊԱ ԷԼԵՔԹՐՈՆԻԱ»-Ի սեփական աղբիւրը. «Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար շէյխ Նայիմ Քասեմի արտայայտած դիրքորոշումը ցոյց տուաւ, թէ Հըզպալլայի ապահովական-զինուորական որոշումը բացառապէս իրանեան որոշում է, եւ ան Իրանի կողմէ կառավարուող շարք մը թեւերէն մէկն է»:

. ՆԱԽԱՐԱՐԱԿԱՆ աղբիւր մը «Անպա» օրաթերթին. «Լիբանանի անգամ մը եւս Ապահովութեան խորհուրդին դիմելը հաշուարկուած քայլ մըն է, որ պարտադրուեցաւ իսրայէլեան վերջին մագլցումին եւ թիրախաւորումներու ծիրի ընդլայնումին պատճառով: Բողոքագիրին նպատակը իրողութեան իրաւական արձանագրումն է եւ միջազգային ընտանիքը իր պատասխանատուութեան առջեւ դնելը»:

. ԸՍՏ «Լեպանոն Ֆայլզ»-ի բացառիկ տեղեկութիւններուն, մարոնիներու Ռայի պատրիարքը մտադիր է տեղական եկեղեցական առաջին իսկ ժողովին ընթացքին պաշտօնապէս իր հրաժարականը ներկայացնել: Այդ քայլը ներկայ պատրիարքի պաշտօնավարութեան աւարտի եւ նոր պատրիարքի ընտրութեան առաջին գործնական յայտարարութիւնը պիտի ըլլայ:

. ԷՄԻՐԱԹԱԿԱՆ «Հապթուր Կրուփ» ընկերութիւնը կը յայտարարէ, թէ Լիբանանի մէջ երկարատեւ անկայուն կացութեան, «ընկերութեան ու անոր աշխատանքին դէմ թշնամական արշաւներու շարունակման, հրապարակային յարձակումներու եւ վատաբանումներու, ինչպէս նաեւ ընկերութեան եւ լիբանանեան կառավարութեան միջեւ ընթացող դատական քայլերուն լոյսին տակ», որոշած է դադրեցնել Լիբանանի մէջ իր գործունէութիւնը:

Ընկերութիւնը երկուշաբթի օր յայտարարած էր, թէ լիբանանեան իշխանութեան դէմ դատական հայց պիտի ներկայացնէ` երկրին դիմագրաւած ելեւմտական տագնապին պատճառով կրած աւելի քան 1,7 միլիառ տոլարի վնասներուն համար:

 

Նախորդը

Պասքեթպոլ. ՀՄԸՄ – Թատամոն Հարաժել` 96-82

Յաջորդը

Ժաշի. «Թշնամին Զսպելու Համար Պետութեան Թափած Դիւանագիտական Ջանքերը Արդիւնք Չտուին»

RelatedPosts

Կառավարութիւնը Հաւանութիւն Տուաւ Լիբանանի  Եւ Սուրիոյ Միջեւ Սուրիացի Դատապարտեալներ  Սուրիա Տեղափոխելու Շուրջ Համաձայնութեան
Գլխաւոր լուրեր

Կառավարութիւնը Հաւանութիւն Տուաւ Լիբանանի Եւ Սուրիոյ Միջեւ Սուրիացի Դատապարտեալներ Սուրիա Տեղափոխելու Շուրջ Համաձայնութեան

January 31, 2026
Խորհրդարանական Ընտրութիւնները`  3 Եւ 10 Մայիսին
Լիբանանեան

Խորհրդարանական Ընտրութիւնները` 3 Եւ 10 Մայիսին

January 31, 2026
Նախագահ Աուն. «Գերիներու Թղթածրարը  Առօրեայ Հետապնդման Առարկայ Է, Իսկ Գիւղերու  Վերակառուցումը` Գերակայ Խնդիր»
Լիբանանեան

Նախագահ Աուն. «Գերիներու Թղթածրարը Առօրեայ Հետապնդման Առարկայ Է, Իսկ Գիւղերու Վերակառուցումը` Գերակայ Խնդիր»

January 31, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.