Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ԵԽԽՎ-ն Մտոհոգ Է Հայաստանի Վարչապետին Եւ Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ Միջեւ Լարուածութեան Գծով

January 28, 2026
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Եւրոպայի խորհուրդի Խորհրդարանական վեհաժողովը (ԵԽԽՎ) խոր մտահոգութիւն կը յայտնէ Հայաստանի վարչապետին եւ Հայ առաքելական եկեղեցւոյ առաջնորդին միջեւ լարուածութեան եւ եկեղեցւոյ քանի մը հոգեւորականներու կողմէ իշխանութիւնը գրաւելու փորձին մասին հաղորդումներուն վերաբերեալ, կ՛ըսուի 26 յունուարին վեհաժողովին մէջ ընդունուած զեկուցումին մէջ:

Փաստաթուղթը նաեւ ափսոսանք կը յայտնէ Հայաստանի մէջ քաղաքական բոլոր հակառակորդներուն կողմէ դաշտի չափազանց բեւեռացման եւ պիտակաւորման համար:

«Վերահաստատելով, որ 2018-էն ի վեր մէկը միւսին յաջորդած ընտրութիւնները զերծ եղած են խախտումներէ, վեհաժողովը նոյն ատեն դարձեալ կ՛ընդգծէ, որ պէտք է կանոնակարգեր կիրարկել` պետական միջոցներու չարաշահման եւ քաղաքական կուսակցութիւններու ֆինանսաւորման ոլորտին մէջ»,  կ՛ըսուի լաթվիացի պատգամաւոր, Լաթվիոյ խորհրդարանի փոխնախագահ Զանա Քալնինա-Լուքաշեւիցայի զեկուցումին մէջ: «Նախքան յունիս 2026-ին տեղի ունենալիք խորհրդարանական ընտրութիւնները, վեհաժողովը կոչ կ՛ուղղէ Հայաստանին` բարելաւելու քաղաքական մեծամասնութեան եւ ընդդիմութեան միջեւ յարաբերութիւնները` ապահովելու, որ ընտրարշաւը ըլլայ թեմաներու եւ քաղաքական ուղղուածութեան շուրջ եւ զերծ` ընտրութիւններուն մասնակցողներուն միջեւ անձնական յարձակումներէ: Այս պարունակին մէջ, վեհաժողովը յղում կը կատարէ Ցեղապաշտութեան եւ անհանդուրժողականութեան դէմ պայքարի Եւրոպական յանձնաժողովի (ECRI) առաջարկին, որ «ընտրուած մարմինները եւ քաղաքական կուսակցութիւնները պէտք է որդեգրեն համապատասխան վարքագիծի կանոններ, որոնք կ՛արգիլեն ատելութեան խօսքի օգտագործումը, կոչ կ՛ուղղեն իրենց անդամներուն եւ հետեւորդներուն` ձեռնպահ մնալու անոր մէջ ներգրաւուելէ, հաւանութիւն տալէ կամ տարածելէ` նախատեսելով պատժամիջոցներ», կ՛ըսուի վերոնշեալ զեկոյցին մէջ:

Եւրոպայի խորհուրդի Խորհրդարանական վեհաժողովը Ազրպէյճանի վերաբերող բաժինին մէջ կոչ կ՛ուղղէ Իլհամ Ալիեւի վարչակազմին` դադրեցնելու ընդդիմադիրներուն հետապնդումները եւ անյապաղ ազատ արձակելու քաղաքական դրդապատճառներով բանտարկուած բոլոր անձերը, որոնց կարգին` 23 հայ բանտարկեալները:

«ԵԽԽՎ-ն կը շարունակէ լրջօրէն մտահոգ մնալ Ազրպէյճանի մէջ մարդու իրաւունքներու հետագայ վատթարացումով եւ ենթադրաբար քաղաքական դրդապատճառներով բանտարկուած անձերու թիւի աճով, որոնց կարգին` հանրային գործիչներ, լրագրողներ եւ լրատուամիջոցներ, գիտնականներ, ընդդիմադիր քաղաքական գործիչներ եւ կառավարութեան այլ քննադատներ», կ՛ըսուի նոյն զեկուցումին մէջ, որ պատրաստուած է նախորդ տարեվերջին, երբ չորս հայ գերիները Պաքուէն տակաւին չէին հայրենադարձուած: Զանոնք, ինչպէս նաեւ ցարդ Ազրպէյճանի բանտերուն մէջ գտնուող Արցախի ռազմաքաղաքական ղեկավարութիւնը վեհաժողովը կը դասէ քաղաքական դրդապատճառներով ձերբակալուածներու շարքին:

Նախորդը

Աուն Մանսուրին Պարտականութիւն Տուաւ Հնգեակ Յանձնախումբի Պետին Օգնել` Թշնամական Գործողութիւններու Դադրեցման Գործադրումը Քննարկելու

Յաջորդը

Հայաստան – Թուրքիա Սահմանային Անցակէտը Պատրաստ Է Օգտագործուելու

RelatedPosts

Եպիսկոպոսներու Եւ Մէկ Քահանայի Մեղադրանք Առաջադրուած Է
Գլխաւոր լուրեր

Եպիսկոպոսներու Եւ Մէկ Քահանայի Մեղադրանք Առաջադրուած Է

February 2, 2026
Ռուսիայէն Ազրպէյճանի Տարածքով Հայաստան Հացահատիկ Ուղարկուած Է
Գլխաւոր լուրեր

Ռուսիայէն Ազրպէյճանի Տարածքով Հայաստան Հացահատիկ Ուղարկուած Է

February 2, 2026
Մասլեննիքով. «Հայաստանի Եւրոպական Միութեան Հետ Մերձեցումը Պիտի Ազդէ Ռուսիոյ Հետ Անոր Դաշնակցային Յարաբերութիւններուն Վրայ»
Հայկական

Մասլեննիքով. «Հայաստանի Եւրոպական Միութեան Հետ Մերձեցումը Պիտի Ազդէ Ռուսիոյ Հետ Անոր Դաշնակցային Յարաբերութիւններուն Վրայ»

February 2, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.