Նախագահական պալատը յայտարարեց, թէ հանրապետութեան նախագահ զօր. Ժոզեֆ Աունի ցուցմունքով, նախագահի ապահովական ու զինուորական հարցերու խորհրդական, հանգստեան կոչուած զօրավար Անթուան Մանսուրը հանդիպում ունեցած է հարաւային Լիբանանի մէջ թշնամական գործողութիւններու դադրեցման համաձայնութեան հսկողութեան հնգեակ յանձնախումբի` «Մեքանիզմ»-ի պետ ամերիկացի Տէյվիտ Լէոն Քլինկենսմիթի հետ` ներկայութեամբ Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպանատան զինուորական կցորդ Ճէյսըն Պելքնափի:
Նախագահական պալատը նշեց, որ հանդիպումի ընթացքին ներկայացուած է «Մեքանիզմ»-ի յանձնախումբի աշխատանքի զարգացումը եւ լիբանանեան կողմին ու անոր միջեւ գոյութիւն ունեցող գործակցութիւնը` գործադրելու համար այն նպատակները, որոնց համար ստեղծուեցաւ:
Հանդիպումի ընթացքին նաեւ ընդգծուած է այն կարեւորութիւնը, որ նախագահ Աունը կու տայ յանձնախումբի աշխատանքին` երկրին մէջ կայունութեան եւ անվտանգութեան հաստատման համար:


