Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Եւրոպայի Հայ Դատի Գրասենեակի Նախագահը Կը Զգուշացնէ Թուրքիոյ Դերէն Սուրիոյ Անկայունութեան Մէջ Եւ Երկխօսութեան Կոչ Կ՛ուղղէ

January 26, 2026
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՀՅԴ Հայ դատի կեդրոնական գրասենեակը կը հաղորդէ, որ ՀՅԴ Եւրոպայի Հայ դատի գրասենեակը խոր անհանգստութիւն կ՛արտայայտէ Հալէպի եւ Սուրիոյ հիւսիսային եւ հիւսիս-արեւելեան շրջաններուն մէջ լարուածութեան աճին կապակցութեամբ` ընդգծելով Թուրքիոյ ապակայունացնող դերը շրջանին մէջ: Տարածուած յայտարարութեան մէջ Եւրոպայի Հայ դատի գրասենեակի նախագահ Գասպար Կարապետեան կը զգուշացնէ, որ Թուրքիոյ գործողութիւնները, ներառեալ Սուրիոյ ներքին գործերուն միջամտութիւնը, կը խաթարեն ազգային համերաշխութիւնը վերականգնելու ջանքերը եւ Սուրիան կը պահեն շարունակական անկայունութեան մէջ: Պետական ուժերու եւ քրտական ստորաբաժանումներուն միջեւ վերջին զինուած բախումները աւելի լարած են իրավիճակը:

Գասպար Կարապետեան մասնաւորապէս նկատած է. «Վերջին ժամանակաշրջանին Հալէպը եւ յատկապէս Սուրիոյ հիւսիսային եւ հիւսիս-արեւելեան շրջանները կանգնած են բարձր լարուածութեան մէջ, ներառեալ պետական ուժերու եւ քրտական ստորաբաժանումներու միջեւ զինուած բախումները: Ներքին համերաշխութիւնը, որ կենսական ազդակ է ազգային միասնութեան վերականգնման համար, կը խոչընդոտուի Թուրքիոյ կողմէ, որ կը ցանկայ իր շահերուն համար պահել Սուրիան մնայուն անկայունութեան մեջ: Կառուցողական երկխօսութիւնը, քաղաքացիական իրաւունքներուն հանդէպ յարգանքը եւ միջազգային իրաւունքին հետեւիլը միակ ճանապարհն է` Սուրիոյ մէջ կայուն խաղաղութեան հասնելու համար»:

Յայտարարութեամբ բոլոր կողմերուն կոչ կ՛ուղղուի սպառնալիքներն ու ուժի կիրարկումը փոխարինելու կառուցողական երկխօսութեամբ, ապահովելով քաղաքացիական եւ մշակութային հաւասար իրաւունքներ Սուրիոյ բոլոր քաղաքացիներու համար: Եւրոպայի Հայ դատի գրասենեակի նախագահը կը նկատէ նաեւ, որ որոշ դրական քայլեր արդէն իսկ իրականացած են, բայց կարեւոր է անոնց ամբողջական իրագործումը եւ զինուած բախումներով խնդիրները լուծելու փորձերէն խուսափումը:

Նախորդը

Շէյխ Քասեմ Կոչ Կ՛ուղղէ Լայնածաւալ Պաշտօնական Ու Ժողովրդային Գործողութեան Եւ Միջազգային Ճնշումի

Յաջորդը

Թրամփ. «Վանս Փետրուարին Հայաստան Եւ Ազրպէյճան Պիտի Այցելէ»

RelatedPosts

Հայաստանի Պաշտպանութեան Նախարարը Ընդունեց Հնդկաստանի Բանակի Ընդհանուր Հրամանատարը
Գլխաւոր լուրեր

Հայաստանի Պաշտպանութեան Նախարարը Ընդունեց Հնդկաստանի Բանակի Ընդհանուր Հրամանատարը

February 3, 2026
«Մինչեւ Հայաստանի Մէջ Յունիսին Նախատեսուած Ընտրութիւնները, Մենք Կրնանք Խաղաղութեան Պայմանագիր Կնքել»  Կ՛ըսէ Հասանկիւլիեւ
Գլխաւոր լուրեր

«Մինչեւ Հայաստանի Մէջ Յունիսին Նախատեսուած Ընտրութիւնները, Մենք Կրնանք Խաղաղութեան Պայմանագիր Կնքել» Կ՛ըսէ Հասանկիւլիեւ

February 3, 2026
Եպիսկոպոսներու Եւ Մէկ Քահանայի Մեղադրանք Առաջադրուած Է
Գլխաւոր լուրեր

Եպիսկոպոսներու Եւ Մէկ Քահանայի Մեղադրանք Առաջադրուած Է

February 2, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.