Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

54 Հազար Տուն – Եկեղեցի՞ Կայ Թուրքիոյ Մէջ

May 24, 2012
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

«Մարմարա» օրաթերթը կը գրէ, որ Թուրքիոյ Բողոքական եկեղեցիներու միութեան ընդհանուր քարտուղար Ումուտ Շահին հակազդեցութիւն ցոյց տուաւ լրագրող Պանու Ավարի կողմէ Գոճաէլիի քաղաքապետութեան գիրքի տօնավաճառին ընթացքին կատարուած այն յայտարարութեան, թէ Թուրքիոյ մէջ 54 հազար տուն-եկեղեցի կայ: Բողոքականներու կողմէ տուներու մէջ սարքուած եկեղեցիները ներկայիս կը կոչուին «տուն-եկեղեցի»:

Ումուտ Շահին յայտնեց, որ անհիմն պնդում է 54 հազար եկեղեցիի նշումը, քանի որ եթէ նկատի առնենք, որ ամէն եկեղեցի պէտք է ունենայ 10-12 հաւատացեալ, այն ատեն Թուրքիոյ մէջ պէտք է գոյութիւն ունենան 540 հազար կամ 648 հազար բողոքականներ, մինչդեռ Թուրքիոյ բողոքականներու համայնքը կազմուած է ընդամէնը 4 հազար հոգիէ: Եթէ նկատի առնուի լրագրող Պանու Ավարի տուած թիւը, այն ատեն պէտք է, որ ամէն մէկ բողոքականի համար տասը հատ եկեղեցի հիմնուած ըլլայ:

Պանու Ավար Գոճաէլիի գիրքի տօնավաճառին ընթացքին այս թիւը տալով պնդեր է նաեւ, որ հիմա կը ջանան բոլորս բողոքական դարձնել: Այս տուն-եկեղեցիներուն մեծ մասը կը գտնուի եղեր Իզմիթի մէջ: Իզմիթը այս մարզին մէջ ընտրուեր է իբրեւ «առաջնորդ-քաղաք»:

Ումուտ Շահին յիշեցուց, որ Մալաթիոյ մէջ ալ ատենօք բողոքականներու մասին սուտ ու չափազանցեալ լուրեր հրատարակուեցան ու անկէ վերջ պատահեցաւ «Զիրվէ» հրատարակչատան անմոռանալի սպանդը: Մալաթիոյ յարձակումին պատասխանատուները չէի՞ն ըսած, որ անոնք պիտի սպաննէին նաեւ Իզմիթի եկեղեցական առաջնորդը: Այս բոլորը դիպուածի արդիւնք չեն:

Շահին ի վերջոյ կոչ ուղղեց եւ պահանջեց, որ լրագրող Պանու Ավար յայտնէ, թէ ուրկէ՞ գտած է 54 հազար տուն-եկեղեցիի թիւը եւ հրատարակէ այդ տուն-եկեղեցիներուն հասցէները: Շահին աւելցուց, որ Իզմիթի մէջ բողոքականներու միայն երկու խմբակներ կան եւ կարելի չէ հասկնալ, թէ երկու խմբակներով քաղաք մը ինչպէ՛ս առաջնորդ-քաղաք կրնայ հռչակուիլ:

 

Նախորդը

«Իւրաքանչիւր Անհատ Կրնայ Դաւիթ Կարեճի Վանական Համալիր Այցելել, Նաեւ` Ազրպէյճանական Հատուած» Կ՛ըսէ Մանճկալածէ

Յաջորդը

Կիւլ Օթան-ի Ընդհանուր Քարտուղա՞ր Պիտի Դառնայ

RelatedPosts

Քրեմլին. «Գերմանիոյ Մէջ Ամերիկեան  Եռահաս Հրթիռներու Տեղակայումը Պաղ  Պատերազմին Վերադառնալ Է»
Միջազգային

Քրեմլին. «Մտադիր Ենք Կապ Հաստատելու Եւրոպացիներուն Հետ` Հասկնալու Համար, Թէ Խաղաղութիւն Փափաքող Դաշինք Կը Ներկայացնե՞ն»

November 24, 2026
Թրամփ Իրանի Վրայ Նոր Յարձակումի  Շղթայազերծման Որոշումը  Յետաձգեց Յառաջիկայ Տարուան
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ Իրանի Վրայ Նոր Յարձակումի Շղթայազերծման Որոշումը Յետաձգեց Յառաջիկայ Տարուան

November 21, 2026
Պատմութեան Մէջ Առաջին Անգամ Ըլլալով`  Ռուսիա-Միացեալ Նահանգներ-Չինաստան  Եռակողմ Վեհաժողով
Գլխաւոր լուրեր

Պատմութեան Մէջ Առաջին Անգամ Ըլլալով` Ռուսիա-Միացեալ Նահանգներ-Չինաստան Եռակողմ Վեհաժողով

November 20, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.