Ղազախստանի մայրաքաղաք Ասթանայի մէջ վերջ գտաւ յունահռոմէական ըմբշամարտի աշխարհի ախոյեանութիւնը:
Հայաստանի հաւաքականը յունահռոմէական ըմբշամարտի իր մրցումները աւարտեց 2 մետալներով, ուր 63 քկ կշիռի աւարտականին Կարէն Ասլանեան յաղթեց Ազրպէյճանի իր մրցակից Նիհաթ Մամատլիին 8-4 արդիւնքով եւ իր ասպարէզին մէջ առաջին անգամ ըլլալով դարձաւ աշխարհի ախոյեան:
31 տարեկան Ասլանեան Հայաստանին ապահովեց իր միակ ոսկի մետալը, մինչ 87 քկ կշիռի Գէորգ Թադեւոսեան 4-1 արդիւնքով յաղթեց ուքրանացի Եարոսլաւ Ֆիլչաքովին` դառնալով պրոնզէ մետալակիր:
Հայաստանի մէկ ներկայացուցիչ եւս` Սլաւիկ Գալստեան (67 քկ), պրոնզէ մետալի մրցումը կորսնցուց 10-6 արդիւնքով պարտուելով քուպացի Լուիս Օրթա Սանչեսէն, որ Ողիմպիական խաղերու ախոյեանն էր:
Իրանցի ըմբիշները 4 ոսկի մետալներ շահելով գրաւեցին խմբային դասաւորման առաջին դիրքը, Հայաստան 10-րդ դիրքը գրաւեց` անցեալ տարուան բաղդատմամբ աւելի անյաջող արդիւնքներ ձեռք ձգելով:
Այսօր կը սկսի ազատ ոճի աշխարհի ախոյեանութիւնը, ուր Հայաստանը կը ներկայացնեն 6 ըմբիշներ:


