Նախանցեալ օր Շիքակոյի մէջ տեղի ունեցաւ Աֆղանիստանի մէջ ապահովութեան աջակցութեան ուժերուն մասնակցող երկիրներու ղեկավարներուն հանդիպումը, որուն ընթացքին Հայաստանի պատուիրակութիւնը գլխաւորեց արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեան:
Աֆղանիստանի մէջ տիրող իրավիճակին եւ միջազգային հանրութեան աշխատանքներուն նուիրուած հանդիպումին մասնակցեցան ՕԹԱՆ-ի անդամ եւ Աֆղանիստանի մէջ ապահովութեան աջակցութեան միջազգային ուժերուն մասնակցող շուրջ հինգ տասնեակ երկիրներու ներկայացուցիչներ:
Ելոյթ ունենալով հանդիպման ընթացքին` Նալբանդեան վերահաստատեց Հայաստանի յանձնառութիւնը շարունակելու օժանդակութիւնը Աֆղանիստանի մէջ ապահովութեան եւ ներազգային համերաշխութեան հաստատման ուղղութեամբ գործադրուող ջանքերուն:


