Հաւատարմութիւն դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի անդամ Հասան Ֆատլալլա յայտնեց. «Երկրին մէջ ոմանք ամբողջ ոգիով մեր դէմ իսրայէլեան բուռն պատերազմ կը փափաքի` իրագործելու համար իր երազներն ու ծրագիրները, որոնք 1982 թուականին ձախողեցան, եւ որպէսզի իսրայէլեան ծրագիրին տապալման վրէժը լուծէ` կարծելով, որ քառասուն տարի անցնելէն ետք կրնայ ժամանակը ետ դարձնել` Լիբանանը հարուածող իր նենգամիտ ու չար ծրագիրները իրագործելու համար:
«Միեւնոյն ժամանակ պետութեան հաստատութիւններուն մէջ կարգ մը պատասխանատուներու դիրքորոշումները արձագանգ են իսրայէլեան յարձակումներուն եւ զանոնք կը կրկնեն քաղաքական մարզին եւ տեղեկատուութեան մէջ` այդ յարձակումներուն համահունչ կերպով, սակայն անձերու վրայ չենք կանգնիր, որովհետեւ իշխանութիւնը կը փոխուի, սակայն պետութիւնը կը մնայ, եւ մենք անոր հիմնական մասն ենք, եւ մեր ներկայութիւնն ու ուժը կը ստանանք մեր ժողովուրդէն եւ մեր գործընկերութենէն, որ ոչ ոք պիտի կարենայ անտեսել»:
«Լիբանանի իշխանութիւնը որքան զիջում կատարէ, այդքան Իսրայէլի մեր երկրին պայմաններ պարտադրելու եւ ցուցմունքներ տալու ախորժակը կ՛աճի, ուստի այս փուլին կ՛ըսենք, թէ այնքան ատեն որ Լիբանանը իր բաժինը կատարեց, թշնամին պէտք է իր բաժինը կատարէ, եւ մնացեալ հարցերը լիբանանցիներուն միջեւ կը լուծուին», նշեց Ֆատլալլա:
«Լիբանանի ներքին բեմը քաղաքացիական խաղաղութեան, կայունութեան, գործակցութեան, միախմբութեան եւ հարցերու հանդարտեցման հետ է: Լարուած հռետորաբանութեան հետ չենք, եւ երբ անհրաժեշտ է, կեղծ ամբաստանութիւններ կատարողներուն եւ վարկաբեկողներուն կը պատասխանենք պատշաճ լեզուով, սակայն ներքին ճակատի վրայ երկրի վերականգնման ջատագով ենք, երկրի հաստատութիւններու վերականգնման ու անոր խնդիրներու լուծման ջատագով ենք, եւ այս խնդիրները կը դիմակայենք հանդարտութեամբ ու առարկայականութեամբ, ազգային ընդհանուր մակարդակի վրայ հասարակաց լեզու գտնելով, նոյնիսկ եթէ քաղաքական մանրամասնութիւններու, կենսական եւ տնտեսական հարցերու լուծման, պահ դրուած գումարները վերադարձնելու, ժողովուրդին օգտակար բոլոր օրէնքները որդեգրելու, ինչպէս նաեւ մարդոց իրաւունքները խախտելու որեւէ փորձի դէմ պայքարելու հարցին մէջ տարբեր կարծիքներ ունինք:
«Այս բոլորը պայմանաւորուած են անով, որ մենք հետաքրքրուած ենք մեր երկրով եւ անոր յառաջընթացով, եւ ատիկա կարելի չէ իրականացնել այնպիսի երկրի մէջ, որ համայնքային եւ յարանուանական առումով բազմազան է` տագնապներու եւ խնդիրներու միջոցով», ըսաւ երեսփոխանը:


