Երեսփոխան Թոնի Ֆրենժիէ յայտնեց. «Գերիշխանական ըլլալ չի նշանակեր Ուաշինկթըն երթալ եւ բանակին կամ իշխանութեան դէմ գրգռութիւն կատարել»:
«Իսկական գերիշխանութիւնը կը նշանակէ հանրապետութեան նախագահի պաշտօնին թեկնածու ըլլալ եւ որոշել, հակառակ բոլոր ճնշումներուն ու խթաններուն, Լիբանանի շահին համար օրին բանակի հրամանատար եղողին աջակցիլ առանց այլեւայլի: Գերիշխանութիւնը այդպէս կ՛ըլլայ, եւ մենք Մարատա հոսանքին մէջ այդպէս ենք: Ոչ ոքէ ցուցմունքի կը սպասենք», ըսաւ ան:
«Հանրապետութեան նախագահին, որուն նկատմամբ վստահութիւն ունինք, կոչ կ՛ուղղենք վերականգնելու պետութեան հեղինակութիւնը: Կոչ կ՛ուղղենք ազգային լուռ եւ խոր երկխօսութեան, որ միացեալ ազգային դիրքորոշում կը յառաջացնէ, ոչ թէ` նոր պառակտումներ, որոնց գինը Լիբանանն ու անոր երիտասարդութիւնը կը վճարեն», աւելցուց երեսփոխանը:
«Լիբանանցիները կ՛ուզեն հզօր մէկ պետութիւն, որ կարող է օրէնքը կիրարկել եւ զիրենք պաշտպանել ամբողջ 10452 քառակուսի քիլոմեթր տարածքին վրայ: Ատիկա հզօր իշխանութիւն կը պահանջէ, ինչպէս նաեւ կը պահանջէ, որ իշխանութեան կողքին ըլլանք եւ անոր պահանջուած եռանդը շնորհենք: Ատիկա նաեւ կը պահանջէ ճանչնալ, թէ իսկական անկախները կորսուած քուէներ չեն, այլ յաւելեալ արժէք եւ փրկարար որեւէ ծրագիրի հիմնական սիւն», նշեց Ֆրենժիէ:
Անդրադառնալով ելեւմտական բացի օրինագիծին` Ֆրենժիէ շեշտեց. «Այս օրինագիծը չբարեփոխել զայն չորդեգրել կը նշանակէ, եւ ոմանց ուզածը այդ է: Անոնք չեն հետաքրքրուած պահ դրուած գումարներու սեփականատէրներու դրամներով, արտադրողական մարզերով, ազգային տնտեսութեամբ, զարգացող ընկերութիւններով, ներդրողներով, բնակարանային վարկերով, կրթութեան վարկերով եւ դրամատնային մարզով»:


